Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն Լիբանանի Ազգային վարժարաններէն յաջողած հայ աշակերտներու գնահատանքի երեկոն:
Գնահատանքի երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան, որ նշեց, թէ այսօր կրկնակի ուրախութեան օր է, նախ որովհետեւ հաւաքուած ենք Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ` գնահատելու պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն Ազգային վարժարաններէն յաջողութիւն արձանագրած աշակերտները, իսկ երկրորդ` որովհետեւ այս երեկոն Ուսումնական խորհուրդի առաջին նախաձեռնութիւնն է, որ կը կազմակերպուի Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:
Մարալ Մխսեան յայտնեց, որ մեր աշակերտները յառաջիկայի իրենց նորանոր յաջողութիւններով մեծապէս պիտի նպաստեն գաղութի գոյատեւման ու զարգացման, իսկ Ազգային միացեալ վարժարանը իւրաքանչիւր լիբանանահայու համար նոր յոյսի եւ լոյսի առիթ է` վերակենդանացնելու մեր գործունէութիւնը` ի սպաս հայ ազգին:
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին խօսքը ուղղեց դոկտ. Թամար Հաշէօլեան: Ան այս առիթով շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները, շրջանաւարտները, ծնողները, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն յաջողութիւնը ապահոված ուսուցիչները, տնօրէնները եւ պատասխանատու մարմինները: «Այսօր ընդունուած հասկացողութիւն է, թէ մարդ արարածը արդիւնքն է իր շրջապատին. այդ շրջապատ հասկացողութիւնը պէտք է ընդունիլ իր զանազանութեամբ, որ կ՛ընդգրկէ պետական-ընկերային քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերութեան ծառայող հաստատութիւնները: Ձեր յաջողութիւնը այսօր արդիւնքն է ազգային քաղաքականութեան մը, որ առաջնահերթութեան վերածած է հայ դպրոցը», ընդգծեց դոկտ. Թամար Հաշէօլեան:
Հաշէօլեան շեշտեց, որ նորահաս սերունդներուն իրաւունքն է հայ դպրոցը յաճախել, եւ մեր հաւաքականութեան պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահել եւ զարգացնել: «Ահա այդ քաղաքականութեան գիտակցութեան շնորհիւ այսօր հաւաքուած ենք նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի այս համալիրին մէջ: Այս նորակառոյց դպրոցը անշուշտ իր արդիական դէմքով եւ արդի տուեալներով կարելիութիւն պիտի ընծայէ աւելի դիւրին պայմաններու մէջ իրագործելու կրթական ծրագիրները` պատշաճեցնելով զանոնք 21-րդ դարու պահանջներուն եւ պայմաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերանորոգ կերպով պատրաստել ապագայ մեր սերունդները, որոնք պիտի կարենան լաւագոյնս դիմագրաւել յառաջիկայ բոլոր մարտահրաւէրները», ըսաւ դոկտ. Թամար Հաշէօլեան:
Ապա խօսք առաւ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն Ազգային վարժարաններէն բարձրագոյն նիշը ապահոված` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտ Արաքս Խօշեան, որ նշեց. «Ազգային վարժարանի հովանիին տակ մենք դարձանք հաւատարիմ զինուորները Հայ դատին, որովհետեւ Ազգային վարժարանը կը դաստիարակէ հայ աշակերտը ո՛չ միայն իբրեւ հայ, այլ նաեւ` իբրեւ հայրենասէր եւ ազգասէր հայ, որ իր անձը կը զոհէ յանուն հայրենիքի, կառչած կը մնայ իր արմատներուն, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն… Ազգային վարժարանին հրաժեշտ տալէ առաջ կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ իբրեւ յարգանք կը խոնարհինք այն բոլոր անհատներուն առջեւ, որոնք սերմնացանները հանդիսացան մեր կրթութեան»:
Օրուան պատգամախօսն էր «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի դասախօս Սիւզի Սեմերճեան, որ նախ շնորհաւորեց բոլոր յաջողած աշակերտները` նշելով, որ այսօր անոնք միայն գնահատագիր չեն ստանար, այլ նաեւ իրենք զիրենք կը փաստեն իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլորին: Սեմերճեան նշեց, որ պատահական չէ, որ այսօր Ազգային իշխանութիւնը, առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ, կը նշէ յաջողութիւնը Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն:
«Ասիկա սովորական յաջողութիւն մը չէ, այլ` հաւաքական, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ հաւաքաբար կը շնորհաւորենք զիրար: Ասիկա հաւաքական յաջողութիւն է, որովհետեւ նախ եւ առաջ ձեր անհատական յաջողութիւնն է, ձեր լուրջ աշխատանքով հասաք այս մակարդակին եւ արժանացաք պետական վկայականներուն: Ապա ասիկա ձեր ծնողներուն յաջողութիւնն է, որովհետեւ անոնք իրենց մեծ զոհողութեամբ, յարատեւ հետապնդումներով ձեզի ապահովեցին միջոցը հասնելու հոն, ուր որ էք ներկայիս: Նաեւ յաջողութիւնն է ձեր ուսուցիչներուն, որոնք ամբողջական նուիրումով եւ մեծ համբերութեամբ ձեզի տրամադրեցին գիտելիքներ` մանկավարժական լաւագոյն մօտեցումով: Այս յաջողութեան մէջ բաժին ունի նաեւ Ուսումնական խորհուրդը, որ իր սուղ ժամերը տրամադրեց հետեւելու եւ հսկելու ձեր կրթական ծրագիրներուն: Կամաւոր աշխատանքով անիկա ամէն ճիգ թափեց թիկունք կանգնելու Ազգային բոլոր վարժարաններուն: Չմոռնանք, որ ձեր այս յաջողութիւնը նաեւ Ազգային իշխանութեան յաջողութիւնն է` գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր», ըսաւ Սիւզի Սեմերճեան:
Սակայն Սեմերճեան նաեւ յայտնեց, որ հաւաքական այս յաջողութիւնը միայն նիշերով չի չափուիր, որովհետեւ մեր նպատակը միայն նիշերը չեն, այլեւ շատ աւելի լայնածաւալ են յաջողութեան չափանիշները` աւելցնելով, որ մենք կը յաջողինք այն ժամանակ, երբ մեր ազգին զաւակները կը պատրաստենք հետեւեալ չորս հիմերուն վրայ` կրթական, մարդկային, ազգային եւ քրիստոնէական:
Ձեռնարկի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ այս երեկոն խօսք արտասանելէ աւելի ուրախանալու եւ հրճուելու պահ է: Ան մէկ առ մէկ շնորհաւորեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը, յաջողած աշակերտները եւ Ազգային վարժարանները` արձանագրուած յաջողութիւններուն առիթով: «Ո՛վ որ կ՛աշխատի, անպայման յաջողութեան կը հասնի», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր ազգին գոյատեւման ապահովման համար հիմնական դերակատարութիւն ունի հայկական վարժարանը:
Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը խօսեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին ներկայացուցած կարեւորութեան մասին: Ան այս ծիրին մէջ ըսաւ, որ հասած ենք այն ժամանակաշրջանին, երբ կամաց-կամաց այս վարժարանին կեանք պիտի տանք: Ազգային իշխանութիւնը այս համալիրը կառուցեց աւելի զօրացնելու համար լիբանանահայ ազգային կեանքը: Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով ներկայացուց Ազգային միացեալ վարժարանի նոր նշանակուած տնօրէն Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեանը:
Աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան եւ Սիւզի Սեմերճեան յաջորդաբար գնահատագիրներ յանձնեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի եւ Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի` պրէօվէի եւ պաքալորէայի քննութիւններուն յաջողած աշակերտներուն: Գնահատագիրները յանձնողներուն միացան նաեւ տնօրէններ Զոհրապ Ղազարեան, Վիգէն Աւագեան, Արմէն Թաշճեան եւ Նելլի Վեքիլեան: