Արցախի հերոս, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեանի միջնորդութեամբ, 23 յուլիսին հանդիպում տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գ. Կուտոյեանի եւ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած անձերուն միջեւ:
Հանդիպումէն անմիջապէս ետք երկու պատանդներ ազատ արձակուեցան:
«Որոշում տրուած է ազատ արձակել պատանդները` պայմանով, որ ստեղծուի մամուլի կէտ: Շարքային երկու ոստիկաններ առանց որեւէ պայմանի ազատ արձակուած են: Հիմա գործընթաց կը շարունակուի, որպէսզի մենք լրատուամիջոցներուն ներկայութիւնը ապահովենք չէզոք գօտիին մէջ, որուն պիտի վերահսկեն Ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները: Այդ գործընթացին զուգահեռ ազատ կ՛արձակուին միւս երկու պատանդները: Ասիկա փոխանակում չէ, այլ քայլ է, որ կատարուած է բոլորին կողմէ` իմ միջնորդութեամբս», ըսաւ Վ. Բալասանեան:
Քիչ ետք ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքէն ազատ արձակուեցան նաեւ բարձրաստիճան երկու ոստիկանները` Վալերի Օսիպեանն ու Վարդան Եղիազարեանը: Այսպիսով բոլոր պատանդները ազատ արձակուած կը նկատուին:
Հիմնադիր խորհրդարանի բանբեր Վարուժան Աւետիսեան եւս այս մասին յայտարարեց ու ըսաւ. «Որոշեցինք իբրեւ բարի կամքի յաւելեալ դրսեւորում քայլ մը առնել եւ մամուլի կէտի ստեղծումէն առաջ ազատ արձակել երկու երիտասարդ ոստիկանները»: Ըստ անոր, մամուլը կը կանչուի հետեւեալ սկզբունքով. «Մենք պիտի պայմանաւորուինք մամլոյ միջոցներուն հետ, իրենք կու գան եւ վարչախումբը կ՛ապահովէ անոնց ազատ ելեւմուտքը»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հրաժարականի Պահանջին Մասին`
Հակասական Յայտարարութիւններ
Աւելի ուշ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեան յայտարարեց, որ նոյն օրը առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Ժիրայր Սեֆիլեանի հետ, որ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի պահանջ չէ դրած: «Կան նաեւ «Սասնայ ծռեր»-էն ներկայացուցիչներ, որոնք հրաժարած են այդ պահանջէն, բայց ես անոնց անունները չեմ տար», յայտնեց ան:
Ան շեշտեց, որ Ժիրայր Սեֆիլեան պահանջներ չունի, ունի առաջարկներ` այս օրերուն ձերբակալուածներու ազատ արձակումը, քաղաքական հայեացքներու համար ձերբակալուածներու ազատ արձակումը, իր խափանման միջոցի փոխուիլը: «Ժիրայր Սեֆիլեանը բարձրացուց զիրենք յուզող ազգային հարցեր, զորս մենք խոստացած ենք փոխանցել հանրապետութեան նախագահին: Մենք անմիջապէս կատարեցինք մեր խոստումը, փոխանցեցինք հարցերը: Արդէն ունինք նաեւ նախագահին դիրքորոշումը. այն է` տղոց կողմէ զէնքը անյապաղ վար դնելէ եւ յանձնուելէ ետք ան պատրաստակամութիւն յայտնած է հրաւիրել Ժիրայր Սեֆիլեանը եւ բացատրել իրականութիւնը եւ հեռանկարները»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ տակաւին որքա՞ն կրնան տեւել այս բոլորը` Բալասանեան ըսաւ, որ անվերջ պիտի չտեւէ, 1-2 օրուան ընթացքին պէտք է զէնքերը վար դնեն: Զօրավարը նաեւ շեշտեց, որ զինեալները անպայման պէտք է օրէնքով հաշուետուութեան ենթարկուին, սակայն այդ չի նշանակեր, որ նախագահը չի կրնար անոնց ներում շնորհել: Ան շեշտեց, որ պէտք է յստակացուի նաեւ, թէ ո՛վ է գնդապետ Վանոյեանի սպանութեան պատասխանատուն:
Վիթալի Բալասանեանի կատարած յայտարարութեան հակասող յայտարարութիւն մը կատարեց Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան` վստահեցնելով, որ Ժիրայր Սեֆիլեան չէ հրաժարած Սերժ Սարգսեանի hրաժարականի պահանջէն: «Ես ներկայ եղած եմ Վիթալի Բալասանեանի եւ Ժիրայր Սեֆիլեանի այսօրուան հանդիպումին եւ կրնամ հաստատել, որ Բալասանեանը Սեֆիլեանին բառերը ներկայացուցած է պարունակէն դուրս` խեղաթիւրելով իրականութիւնը», շեշտեց Ալեք Ենիգոմշեան: Ան կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն եւ իրաւապահ մարմիններուն` ապահովելու պայմանները, որպէսզի Ժիրայր Սեֆիլեանը որեւէ ձեւով կարենայ անձամբ դիմել ժողովուրդին եւ վերահաստատել իր դիրքորոշումը:
Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Վարուժան Աւետիսեան նշեց, որ զէնքը վար պիտի չդնեն ու պիտի չյանձնուին: Ան յայտարարեց, որ մնայուն կերպով զգօն են, եւ գիտեն, թէ ինչպէս պիտի կազմակերպեն իրենց պաշտպանութիւնը, եթէ յարձակում ըլլայ. ո՛չ նեղուած են, ո՛չ ալ ընկճուած:
Վարուժան Աւետիսեան եւս հաստատեց, որ իրենց պահանջներուն մէջ կայ Սերժ Սարգսեանի հրաժարական, նաեւ` անցումային կառավարութեան կազմութիւն, արտակարգ ընտրութիւններ, մինչ այդ` նոր սահմանադրութեան ընդունում:
Ան հաստատեց, որ զինուած խումբը պիտի մնայ այդ տարածքին մէջ, մինչեւ որ իշխանութիւնները կատարեն իրենց պահանջները:
Անկախ բանակցութիւններու նիւթէն, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրողները Վիթալի Բալասանեանին հարցուցին, թէ որքանո՞վ ճիշդ են այն լուրերը, որոնց համաձայն, վերջերս Սերժ Սարգսեան Արցախ այցելելով տարածքներու յանձնման գործընթացին մասին քննարկումներ կատարած է:
«Հայաստան երաշխաւոր է մեր անվտանգութեան: Այն տարածքներուն վրայ, որոնք կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան տակ, կան բնակիչներ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք անոնց յանձնումը: Կարելի է քննարկել, բանակցային սեղաններու վրայ դրուի այս հարցը, բայց ես համոզուած եմ, որ Արցախի ժողովուրդը, Հայաստանի ժողովուրդը, համայն հայութիւնը նման քայլի չի դիմեր: Մենք ժամանակին զիջումներ կատարած ենք արդէն», նշեց Բալասանեան:
«Ոստիկանները Անհամաչափ Ուժ Գործադրած Են
Քաղաքացիներուն Դէմ»
Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան լրատուական ծառայութիւնը յայտարարեց, որ խումբ մը քաղաքացիներու հաղորդումներուն, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հրապարակուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ տուեալներ ձեռք բերուած են եւ հաստատուած, որ Հայաստանի ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու ծառայողներուն կողմէ առերեւոյթ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, բռնութեան գործադրումով պաշտօնական լիազօրութիւնները շրջանցելու, լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութեան եւ փաստաբանի լիազօրութիւններու իրականացման խոչընդոտելու վերաբերեալ տուեալները ճիշդ են:
Նշուած է, որ ոստիկանները նաեւ խոչընդոտած են լրագրողներուն մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը եւ ձերբակալուածներուն իրաւաբանական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով ներկայացած փաստաբաններուն լիազօրութիւններու գործադրութիւնը:
Այս բոլորին առիթով յարուցուած է քրէական գործ:
Գնդապետ Արթուր Վանոյեանը Սպաննողը Վիրաւոր Է
Արցախի հերոս, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեան 24 յուլիսին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ հաստատուած մամուլի կէտէն տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոյեան սպաննողը ճշդուած է, եւ ան վիրաւոր է: Անոր համաձայն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գ. Կուտոյեան զինեալներուն առաջարկած է զայն հիւանդանոց փոխադրել, որովհետեւ հոն գտնուող բժիշկները կարելիութիւն կրնան չունենալ զայն փրկելու, սակայն զինեալները մերժած են: Հակառակ անոնց այդ որոշումին, 24 յուլիսին վիրաբոյժ ուղարկուած է գունդի տարածք, սակայն թոյլ չէ տրուած անհրաժեշտ միջամտութիւն կատարելու: Ան ըսաւ, որ պատանդներու ազատ արձակման առնչութեամբ համաձայնութիւնը լիովին կատարուած է, սակայն զինեալ խումբի տղոց հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգուած է լրատուամիջոցներուն առջեւ հանդէս գալու բացառապէս առանց զէնքի, սակայն այդ մէկը չէ յարգուած: «Կազմակերպեցին զէնքի ու ռազմականութեան բացայայտ ցուցադրութիւն, այնուհետեւ ալ ուղիղ հաղորդման ընթացքին սկսան օդը կրակել: Ես խստօրէն կը դատապարտեմ այս քայլը եւ անընդունելի կը նկատեմ», հաստատեց ան:
Բայց եւ այնպէս ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, պայմանով որ գոյացած համաձայնութիւնները յարգուին, եւ զինեալները առանց զէնքի ներկայանան: «Կոչ կ՛ուղղեմ տղոց, քանի դեռ ուշ չէ, անյապաղ իշխանութիւններուն յանձնելու վիրաւոր տղան, որ նաեւ, ըստ տեղեկութիւններուն, ոստիկանութեան գնդապետը սպաննողն է», ըսաւ ան:
Վիթալի Բալասանեան Այլեւս Միջնորդ Չէ
«Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամ Վարուժան Աւետիսեան «Առաջին լրատուական»-ին յայտնած է, որ զօրավար Վիթալի Բալասանեան իրենց համար միջնորդական առաքելութիւն չի կատարեր, որովհետեւ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ եղած է «ոչ պատշաճ, ստանձնած է ոստիկանի գործառոյթ եւ խոչընդոտած լրագրողներուն աշխատանքը»:
Աւելի ուշ զինեալ խմբաւորումի անդամ Պաւլիկ Մանուկեան յայտարարեց, որ միջնորդութիւնը պիտի կատարէ Սիսիանի «Սիսական» գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեան:
Զինուած Խումբը Հրկիզեց Ոստիկանական Ինքնաշարժ Մը
Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք մուտք գործած զինեալները 24 յուլիսի երեկոյեան հրկիզեցին գունդի ինքնաշարժներէն մէկը, զոր փողոց հանեցին:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան այս առիթով յայտարարեց: «Իրաւապահ մարմինները կրկին կոչ կ՛ուղղեն զինուած խումբի անդամներուն` ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան վտանգել քաղաքացիներուն կեանքն ու առողջութիւնը եւ լարուածութեան աճի պատճառ դառնալ»: