Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկին 50-Ամեայ Գործունէութեան

Յուլիս 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Jinishian2_72216

Աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր Պուրճ Համուտի մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոնի` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի 50-ամեակը շքեղ հանդիսութեամբ նշուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հիւր անձնաւորութիւններու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալ ազգայիններու հոծ բազմութեան:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Պէյրութի խորհրդատու մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Հապիպեան ողջունեց ներկաները` նշելով ձեռնարկին առիթն ու կարեւորութիւնը: «Սոյն հանդիսութիւնը պատեհ առիթ է հանրութիւնը ծանօթացնելու «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին գործունէութեան: Այսօրուան ձեռնարկը յարգանքի տուրք մըն է Վարդան Ճինիշեանին», ընդգծեց Հապիպեան:

Ապա խօսք առաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեան, որ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վարդան Ճինիշեանի հիմնած այս կեդրոնին մէջ ծառայած բոլոր նուիրեալներուն: Թուելով կեդրոնի գործունէութեան առաքելութիւնն ու իրագործումները` Սաղըրեան յատուկ կերպով արժեւորեց եւ բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի հանգուցեալ նախկին տնօրէնները` Հանզ Շելլենպըրկը, Հայկ Թիլպեանն ու Սեդա Փամպուքեանը: Փոլին Սաղըրեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի բարերար Վարդան Ճինիշեանը` իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնելով անոր այս ազգօգուտ նախաձեռնութեան համար:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի հիմնադրութեան, գործունէութեան ու առաքելութեան մասին, ուր Մարաշի մէջ ծնած ու Եղեռնէն ճողոպրած Վարդան Յարութիւն Ճինիշեան ամերիկահայ գործարարը տասը միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ կը հիմնէ այս կեդրոնը` 1965-ին: Անցնող 24 տարիներուն «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ:

Jinishian1_72216Ապա խօսք առաւ նաեւ յատուկ այս առիթով հիւրաբար Լիբանան եկած` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեան, որ իր եւ Միացեալ Նահանգներու «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` ցաւ յայտնելով, որ տխուր պատճառով չէ կրցած իրեն ընկերանալ մարմինի մէկ այլ անդամը` Մարք Մոմճեանը: Մինասեան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին գործունէութիւնն ու իրագործումները` իր ցաւակցութիւնը յայտնելով նախկին տնօրէն Սեդա Փամպուքեանի կորուստին համար: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ հայ ազգը տակաւին շատ պէտք ունի օգնութեան` մաղթելով, որ «մեր հայրենակիցները օգնութեան կարիք չունենան ո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ անկէ դուրս»: Այս առիթով Էլիզա Մինասեան արուեստի յատուկ գործ մը նուիրեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի տնօրէն Փոլին Սաղըրեանին:

Jinishian4_72216Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հիւրաբար Հայաստանէն եկած «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմինի նախկին անդամ գերապայծառ Նշան արք. Գարաքէհէեան:

Ատենապետ Րաֆֆի Հապիպեանի կողմէ զինք գնահատող ներկայացումէն ետք, գերապայծառ Գարաքէհէեան խիստ բարձր գնահատեց կեդրոնին գործունէութիւնը` նշելով, որ բարերար Վարդան Ճինիշեան շատ մօտէն ճանչցած է հայ ժողովուրդի ցաւերն ու կարիքները, «բայց ինչ որ աւելի կարեւոր է` իր մօտեցումի կերպն է` քրիստոնէական եղբայրասիրութիւնը, նուիրուած` իր կարիքաւոր եղբայրներուն»: Մէջբերելով աղքատ Ղազարոսի օրինակը, գերապայծառ Գարաքէհէեան վեր առաւ բարերար Վարդան Ճինիշեանի նկարագրային յատկանիշները` իբրեւ համեստ, լուռ գործող, հեռու ցուցամոլութենէ օրինակելի բարի տիպար: Գերապայծառ Գարաքէհէեան ցաւ յայտնեց, որ հայ ազգը տակաւին չէ յաջողած իր ետին նետել գաղթականի ցուպը, «որովհետեւ տակաւին տեղ չէ գտած նոյնիսկ իր սեփական հայրենիքին մէջ»: Ան մէջբերեց նաեւ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութենէն «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց… ինչ որ տուի…» տողերը: Այս առիթով «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեան յատուկ յուշագիր մը նուիրեց գերապայծառ հօր:

Jinishian5_72216

Այս առիթով իրենց երկարամեայ նուիրեալ ու ժրաջան գործունէութեան համար գնահատանքի յատուկ շնորհակալագիրներ ստացան Ռաֆայէլ Ումուտեան, Եսթեր Հայտոսթեան-Փիլաւեան, Մարօ Թոնդեան, Զուարթ Թելեան-Նաճարեան, Վազգէն Չեքիճեան եւ Անի Պուճիգանեան:

Ի բացակայութեան ցանկին մէջ նշուեցան նաեւ տոքթ. Ռոպովթ Չորպաճեան եւ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, որոնք Լիբանանէն դուրս կը գտնուին:

Ապա Փոլին Սաղըրեան փակման խօսքով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած բոլոր կամաւորներուն:

Jinishian3_72216

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր, ուր Հրաչ Իսահակեան (սրինգ), Աննա Փասթուքլովա (ջութակ), Ուիսամ Ապտելնուր (միջակ ջութակ) եւ Նայիրի Ղազարեան (թաւջութակ) քառեակը ներկայացուց Կոմիտասէն «Շողեր ջան», «Ալ այլուղս», «Կաքաւի երգ»-ը եւ «Վաղարշապատի պար»-ը:

Jinishian6_72216

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան կատարեցին իրենց օրհնութեան աղօթքը:

 

Նախորդը

«Ազգային Միացեալ Վարժարան» Համալիրի Կառուցման Մօտալուտ Ամբողջացման Առիթով. Հարցազրոյց Շինարարական Յանձնախումբի Անդամներ Մկրտիչ Եափուճեանի Եւ Յակոբ Լուսարարեանի Հետ

Յաջորդը

ԶՈՄ-ը` Դէպի Հայրենիք

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?