Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Կը Կարծենք, Որ Այս Իրավիճակը Արդէն Աւելի Երկար Կը Տեւէ, Քան Մենք Կրնանք Մեզի Թոյլ Տալ»

Յուլիս 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsyan_72216

22 յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան եւ քննչական մարմիններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուած են 17 յուլիսին Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած զինեալ յարձակումին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ իրականացուող միջոցառումներուն արդիւնքները:

Նախագահին զեկուցուած է նաեւ, որ պարեկապահակային գունդի տարածքին մէջ պահուող պատանդները ազատ արձակելու, զինուած խումբի անդամներուն կողմէ զէնքը վար դնելու եւ իշխանութիւններուն յանձնուելու նպատակով մնայուն կերպով կը կատարուին աշխուժ բանակցութիւններ, կը ձեռնարկուին իրավիճակէն թելադրուող այլ անհրաժեշտ գործողութիւններու:

Սերժ Սարգսեան հաստատած է, որ ստեղծուած իրավիճակին խաղաղ լուծում տալու համար պէտք է ձեռնարկել կարելի բոլոր միջոցներուն` կարեւոր նկատելով ենթադրեալ բոլոր իրաւախախտումներու համակողմանի եւ անաչառ քննութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն համար պատիժի անխուսափելիութեան ապահովումը: Խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն տրուած են անհրաժեշտ յանձնարարականներ:

Ան դիտել տուած է, որ Հայաստան դժուար ու պատասխանատու օրեր կ՛ապրի` նշելով, որ պատճառներուն անդրադառնալու պահը չէ հիմա, սակայն «բոլորս պէտք է անոնցմէ դասեր քաղենք»: Նախագահը իր խօսքին մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն. «Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի այս բարդ իրավիճակը լուծուի եւ նման ողբերգութիւն այլեւս չկրկնուի», աւելցուցած է ան:

«Այս վիճակին մէջ է մեր իրողութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր մտայնութիւնը` հարցերը լուծել բռնութեամբ եւ ուժի կիրարկումով: Այս մտայնութեան հետագայ զարգացումը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքներով` մեր երկրի եւ պետականութեան համար:

«Հայաստանի մէջ բռնի ուժով, յարձակումով եւ պատանդ վերցնելով հարցեր չեն լուծուիր: Եւ ատիկա մենք երբեք թոյլ պիտի չտանք: Այս իրավիճակին լուծումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ մեր հասարակութեան, պետութեան հասունութեան կարեւորագոյն քննութիւնը:

«Ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածքը գրաւած զինեալներուն կոչ կ՛ուղղեմ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ իրենց սադրիչ գործողութիւններով չվտանգելու ուրիշներու կեանքը:

«Պատանդները պէտք է ազատ արձակուին: Զինուած խումբը պէտք է վար դնէ զէնքը: Հետագայ լուծումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն խստիւ պահպանումով: Անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով:

«Այո՛, Հայաստանի մէջ դժգոհներ շատ կան: Սակայն թող ոչ ոք սխալի եւ մտածէ, որ կրնայ  որեւէ առիթ կամ պատճառ շահագործել մեր պետականութեան հիմքերը քայքայելու համար», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Ան յորդորած է Հայաստանի հանրութեան բոլոր ներկայացուցիչները` իրենց քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները օգտագործելու բացառապէս խաղաղ եւ օրէնքի ծիրին մէջ:

Սերժ Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ պէտք է շարունակել կարելի բոլոր միջոցներու դիմել` իրավիճակին վերջնական եւ խաղաղ լուծման համար: Ան կոչ ուղղած է զինեալ խումբին` ժամ առաջ վար դնելու զէնքը:

«Մենք կը գործենք եւ պիտի գործենք համբերատար կերպով: Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի  կեանքը եւ առողջութիւնը սուղ է մեզի համար: Մենք չենք որդեգրած այսպիսի իրավիճակներու մէջ դասական նկատուող ճամբով: Այդպիսով մենք կարելիութիւն տուած ենք զինուած խումբին ետքայլ կատարելու համար: Յոյսով եմ, որ անոնք կը սթափուին:

«Բայց մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ:

«Կը կարծեմ, որ այս իրավիճակը արդէն աւելի երկար կը տեւէ, քան մենք կրնանք մեզի թոյլ տալ: Ապրիլ ամիսէն դեռ այնքան շատ ժամանակ չէ անցած, որպէսզի մեր հասարակութիւնը  ինքնիրեն թոյլ տայ մոռնալու տեղի ունեցածը:

«Անգամ մը եւս բոլորիս զգօնութեան եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղեմ` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ապագային», խորհրդակցութեան ընթացքին ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան. «Ցաւօք, Սեփական Խօսքերու Եւ Գործողութիւններու
Գնահատման Տուեալ Չափանիշի Կարեւորութիւնը Շատերու Կողմէ Չի Գիտակցուիր»

Levon_72216

17 յուլիսին Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած զինեալ յարձակումին եւ անոր վերաբերող զարգացումներուն մասին Ilur.am-ի հարցումին պատասխանած է Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Ան ըսած է, որ որեւէ պետութիւն, ազգ կամ հասարակութիւն, հակառակ բազմազան ներքին տարակարծութիւններուն ու հակառակութիւններուն, երբ կը յայտնուի հայրենիքին սպառնացող արտաքին մարտահրաւէրի առջեւ, իբրեւ կանոն, ամէն ինչ ժամանակաւորապէս մէկդի կը դնէ եւ միահամուռ կերպով կը լծուի այդ մարտահրաւէրի դիմակայման գործին: «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք հայ ժողովուրդը, ահա, կանգնած է այդպիսի մարտահրաւէրի, այն է` արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման եւ ղարաբաղեան տագնապի բարեյաջող լուծման գերակայ խնդիրին առջեւ, որ իր կարեւորութեամբ ստուերի մէջ կը ձգէ հայ ժողովուրդը յուզող բոլոր մնացեալ հարցերը»:

Անոր համաձայն, ներկայ դրութեամբ իշխանութիւններուն, կուսակցութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, վերլուծաբաններուն, լրագրողներուն կողմէ առնուած որեւէ քայլ, արտասանուած խօսք պէտք է գնահատել բացառապէս այդ գերակայ խնդիրին նպաստելու կամ վնասելու տեսանկիւնէն:

«Ցաւօք, սակայն, սեփական խօսքերու եւ գործողութիւններու գնահատման տուեալ չափանիշի կարեւորութիւնը շատերու կողմէ, կարծես թէ, չի գիտակցուիր եւ, որ աւելի վտանգաւոր է, արտաքին մարտահրաւէրի դիմակայման հրամայականի թելադրանքով ներքին խնդիրները մէկ կողմ դնելու եւ համախմբուելու` հասուն պետութիւններուն, ազգերուն ու հասարակութիւններուն յատուկ վերը յիշատակուած ոսկիէ կանոնը մեր մօտ առայժմ չի գործեր, ինչ որ կրնայ մեզ հասցնել ազգային աղէտի:

«Վերացական միտքեր արտայայտելու մէջ չմեղադրուելու եւ անառարկայական չդիտուելու համար նշեմ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հետեւեալ երեք  իրադարձութիւնները.

«1. Որոշ անպատասխանատու քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ իրականացուած «Սամուէլ Բաբայեան» սադրիչ գործողութիւնը, որ քանի մը օր անտեղի յուզումներ յառաջացուց Ղարաբաղի մէջ:

«2. Շուրջ երկու տասնեակ վերլուծաբաններու, քաղաքական գործիչներու եւ նախկին բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ Շուշիի մէջ գումարուած մարտաշունչ համաժողովը, որուն օգտակարութիւնը կասկածի տակ պիտի չդրուէր, եթէ նիստէն ետք այդ գերհայրենասէր ժողովականները անմիջապէս զինուորական հանդերձանքներ հագնէին ու դիրքաւորուէին Թալիշի դիրքերուն մէջ:

«3. Եւ վերջապէս, զինուած խումբի կողմէ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին դէմ կատարուած յարձակումը եւ անոր հետեւանքով այս օրերուն Երեւանի մէջ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակը:

«Ես չեմ ուզեր նշուած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ աւելի ընդարձակ գնահատականներ տալ եւ իմ տեսակէտը պարտադրել հասարակութեան: Իւրաքանչիւր ոք, վերոնշեալ գերակայ խնդիրը նկատի ունենալով, թող ինք դատէ, թէ`

«ա. որքանով կը նպաստեն կամ կը վնասեն արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման եւ ղարաբաղեան տագնապի բարեյաջող լուծման, եւ

«բ. որքանով կ՛ուժեղացնեն կամ թուլացնեն հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը տուեալ տագնապին նուիրուած ընթացիկ բանակցութիւններուն մէջ:

«Բայց որպէսզի տպաւորութիւն չստեղծուի, թէ կը խուսափիմ դրուած հարցի պատասխանէն, ըսեմ.

«- Այսօր անիմաստ է վերլուծել այն պատճառները, որոնք հասցուցած են այնպիսի ծայրայեղ քայլի` պետական հիմնարկութեան դէմ զինուած գործողութեան:

«- Վերլուծութիւնները պէտք է կատարուին եւ տեղի ունեցածէն դասեր քաղուին ստեղծուած գերվտանգաւոր իրավիճակի լուծումէն ետք: Ներկայ պահուն անոնք միայն գրգռութիւններ կը  յառաջացնեն եւ աւելի եւս կը բարդացնեն իրավիճակը:

«- Բնականաբար, ամէն ձեւով անհրաժեշտ է խուսափիլ նոր արիւնահեղութենէ եւ խնդիրը լուծել բանակցութիւններու միջոցով, որքան ալ անոնք դժուար ըլլան եւ ողջամիտ ժամանակ պահանջեն», ըսած է Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Վիթալի Բալասանեան Զինեալներուն Հետ Տեսակցելէ Ետք
Այցելած Է Նախագահական Նստավայր

Երէկ «Ժողովուրդ» թերթը գրած էր, որ նախագահական նստավայրէն հեռաձայնային կապեր կը հաստատեն Հայաստանի եւ Արցախի հանրութեան մօտ հեղինակութիւն վայելող քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ հոգեւոր գործիչներուն հետ` զանոնք համոզելով, որ բանակցին «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներուն հետ, որպէսզի անոնք վար դնեն իրենց զէնքերը:

21 յուլիսին Երեւան եկած եւ զինեալ խումբի անդամներուն հետ տեսակցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Արցախի հերոս Վիթալի Բալասանեան:

«Ժողովուրդ» օրաթերթին տեղեկութիւններով, «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամները վերահաստատած են իրենց պահանջները` նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարական, Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ մնացած քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում:

Վիթալի Բալասանեան, պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքէն դուրս գալէ ետք, ուղղուած է նախագահական նստավայր, ուր հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ու անոր հաղորդած բանակցութիւններուն արդիւնքները:

«Սասնայ Ծռեր» Խումբին Համար Անընդունելի Են
Նախագահ Սարգսեանի Մօտեցումները

Խորենացի փողոցէն «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան 22 յուլիսին անդրադարձած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին նոյն օրը կատարած յայտարարութիւններուն` հաստատելով, որ «Սասնայ ծռեր» խումբին համար անընդունելի են նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտեցումները:

Ալեք Ենիգոմշեան տարօրինակ նկատած է այն, որ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնները կը համընկնին:

Նշենք, որ երէկ ուշ գիշերին, Խորենացի փողոցին մէջ հաւաք-ցոյց մը տեղի ունեցած է:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Փորձեն Կազմակերպել Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպում Մը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?