ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Կը Սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 մայիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Վիկենինը: Ողջունելով հիւրը` նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը իբրեւ համաեւրոպական անվտանգութեան մարզի կարեւոր կազմակերպութիւն եւ մասնակից երկիրներուն միջեւ իրաւահաւասար երկխօսութեան կարեւորագոյն հարթակ: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական ձեւաչափը համագործակցութեան եւ երկխօսութեան լայն կարելիութիւն կը ստեղծէ խորհրդարանականներուն միջեւ կապերու,...




















