«Փանարմինիըն» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարութիւն կատարած է Թուրքիոյ` ղարաբաղեան ճգնաժամի լուծման հոլովոյթին մասնակցելու հաւանականութեան վերաբերեալ:
«Ղարաբաղեան տագնապի, ինչպէս նաեւ այլ տագնապներու լուծման հոլովոյթներուն, Թուրքիոյ (եւ այլոց) միանալու հարցը կարելի է դիտարկել միայն այդ տեսանկիւնէն` իբրեւ կառուցողական համագործակցութիւն», ըսած է ան:
Զախարովա անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Մոսկուան որեւէ խնդիր չի տեսներ Անգարայի` ղարաբաղեան ճգնաժամի լուծման հոլովոյթին միանալուն մէջ, պայմանով, որ Թուրքիան կամ անոր պաշտօնական ղեկավարութիւնը դրական բան մը կարենան բերել ղարաբաղեան ճգնաժամի լուծման հոլովոյթին:
Karabagh participation first as victor of 1994 war before any addendum such Turkey
Genocide organizer country must accept- apologize- repair first and join after without
these the shadow of remaining 5% Armenian land loss and new Genocide planning
hides