Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հասարակութեան Մէջ Հանդուրժողականութիւն Քարոզելու

Յուլիս 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzvig_72116

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան կառավարութեան նիստէն ետք զրուցած է լրագրողներուն հետ` հաստատելով, որ ներկայիս երկրին մէջ տիրող իրավիճակի լիցքաթափումը կը պահանջէ հանդուրժողականութեան ձեւաւորում եւ զինուած յարձակումը կազմակերպած անձերուն կողմէ ընկալում այն իրողութեան, որ Հայաստանի մէջ պէտք է գործէ սահմանադրական օրէնքը, ուստի շուտով պէտք է որոշում տան յանձնուելու:

Անդրադառնալով նախորդ օրերուն եւ ներկայիս ոստիկանութեան գործողութիւններուն` Մինասեան բարձր գնահատած է անոր հանդուրժողականութիւնը: «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի քննութիւնները կրնան յատուկ պարագաներու ոչ իրաւաչափ վարքագիծ ու ոչ համաչափ դրսեւորումներ բացայայտել, բայց կ՛ուզեմ կոչ ուղղել, որ դուք ալ հասարակութեան մէջ հանդուրժողականութիւն քարոզէք: Բոլորի իրաւունքներուն ոտնահարման գործողութիւններուն մասին բարձրաձայնէք», ըսած է ան:

Իշխանութեան լռութեան մասին թղթակիցի մը հարցումին պատասխանելով` տնտեսութեան նախարարը ըսած է, որ վարչապետին կողմէ արձագանգ կատարուած է կառավարութեան նիստին. «Ես` իբրեւ համախմբական կառավարութեան անդամ, քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ, կ՛ըսեմ, որ այս պահուն գործընթացը կը գտնուի իրաւապահ համակարգի ծիրին մէջ, ձգեցէք թող հանգուցալուծուի, աւելորդ լարուածութիւն պէտք չէ ստեղծել: Աւելի՛ն` ես համոզուած եմ, որ այդ տղաները, գոնէ մէկ մասը, որոնց ես ալ կը ճանչնամ, եւ որոնք Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ ներդրած են իրենց կեանքը, այդ մարդիկ նոյնպէս ողջախոհութիւն կը դրսեւորեն եւ հանդէս կու գան  իրավիճակը լիցքաթափելու յստակ գործողութիւններով», ըսած է նախարարը եւ նշած, թէ իրեն համար ակնյայտ է, որ անհանդուրժողականութիւնը հասարակութեան մէջ հասած է այն աստիճանին, որ մարդիկ կը մտածեն, թէ քաղաքական խնդիրներ կարելի է լուծել այդ ձեւերով:

«Եթէ մենք նոյնիսկ մտածենք, որ ասիկա քաղաքական խնդիր է, ապա ակնյայտ է, որ ասիկա ձեւ չէ: Ես կը տեսնեմ նաեւ հասարակական գործիչներուն յայտարարութիւնները, ուր փորձ կը կատարուի այս դէպքերը զուգորդել ազգային ազատագրական պայքարի հետ. այս յայտարարութիւնները ո՛չ միայն տեղին չեն, կը խեղաթիւրեն ամէն ինչ, այլ նաեւ նման համեմատութիւններ կատարելը ազգային արժանապատուութեան հարուած է», յայտնած է Մինասեան:

 

Նախորդը

Էրեբունիի Ոստիկանական Կեդրոնի Գրաւման Հարցով Կոչեր` Պահպանելու Զգօնութիւնը Եւ Չտարուելու Սադրանքներով

Յաջորդը

Պարսելոնա Կ՛ուզէ Հաւասարեցնել Սուարեզի Եւ Նէյմարի Աշխատավարձերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?