Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը շարունակէ տեղեկատուութիւն տրամադրել 17 յուլիսին Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած զինեալ յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին մասին:
19 յուլիսին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները կը շարունակեն հետեւողական բանակցութիւններ վարել զինուած խումբի անդամներուն հետ` առանց յատուկ գործողութիւններու իրականացման անոնց իշխանութիւններուն յանձնուիլը կազմակերպելու եւ պատանդներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով:
«Հայաստանի իրաւապահ մարմինները կարելի ամէն ինչ կ՛ընեն` զինուած խումբը նոր արիւնահեղութենէ հեռու պահելու համար, եւ ունին բաւարար ներուժ եւ կարողութիւններ իրենց առջեւ դրուած խնդիրները կատարելու համար: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յորդորէ բոլորին` չմիջամտել իրաւասու մարմիններու բացառիկ գործունէութեան տիրոյթին մէջ գտնուող հարցերու լուծման, չխոչընդոտել անոնց գործողութիւններու պատշաճ եւ արդիւնաւէտ իրականացման, այդպիսով ալ աջակցելով փափաքելի արդիւնքի նուաճման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երէկ զինուած խումբի յարձակման պատճառով զոհուած ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոյեանին վերջին հրաժեշտը տուին հարազատները, ընկերները, ոստիկան գործընկերները, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ:
49 տարեկանին կեանքէն հեռացած գնդապետը ճանչցողները զայն պիտի յիշեն իբրեւ ընտանիքի նուիրուած հայր, սիրելի զաւակ եւ պարտաճանաչ ոստիկան: Ընկերներուն հաստատումով, Արթուր Վանոյեան դրական անձնաւորութիւն էր, որ որքան ալ յառաջընթաց ունեցաւ իր ասպարէզին մէջ, միշտ ալ մնաց նոյնը եւ իր աշխատակիցները յորդորեց նախ եւ առաջ ըլլալ մարդ, յետոյ ոստիկան:
Միւս կողմէ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կազմակերպած հաւաքը շարունակուեցաւ երթով: Հանրահաւաքին ընթացքին տեղի ունեցած որոշ անախորժ միջադէպերու արձագանգեց Հայաստանի ոստիկանութիւնը:
Դէպքի վայր հասած Հայաստանի ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան յորդորեց հաւաքուած քաղաքացիները` ոստիկանութեան տրամադրելու բռնութեան կամ ապօրինութեան վերաբերեալ իրենց ունեցած տեղեկութիւնները:
«Անկարգները բերման կ՛ենթարկուին, իսկ եթէ ոստիկանները սխալներ գործած են, անոնք կը պատժուին: Բոլոր նիւթերը տրամադրեցէք իշխանութեան ու կը կատարուի ծառայողական քննութիւն», նշեց Պօղոսեան:
Ցոյցին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը` կոչ ուղղելով բոլորին պահպանելու հաւաքներուն խաղաղ բնոյթը` սահմանադրութեան եւ օրէնքի տառին համապատասխան:
«Անհրաժեշտ է բացառել բռնութեան որեւէ դրսեւորում: Բոլոր արձանագրուած դէպքերուն առնչութեամբ իրաւասու մարմիններուն կողմէ անհրաժեշտ է մանրամասն քննութիւն կատարել: Մենք շուրջօրեայ դրութեամբ կը կատարենք մեր աշխատանքները` գործընթացներուն հետեւելով եւ միջոցներու ձեռնարկելով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ազատութեան հրապարակէն երթը ուղղուեցաւ Հիւսիսային պողոտայ-Հանրապետութեան հրապարակ-Ամիրեան փողոց ուղղութեամբ:
Նշենք, որ աւելի ուշ, հայաստանեան լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ փոխանցեցին, թէ Երեւանի արուարձան Սարի թաղին մէջ քաղաքայիններու եւ ոստիկանութեան միջեւ արձանագրուած են բախումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք 4 ոստիկաններ վիրաւորուած են: