ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ` 20 յուլիսին «Վանայ ձայն»-ին հետ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ներկայացուց 17 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքը, անոր տուն տուող պատճառները եւ անոր լոյսին տակ տիրող ներկայի վիճակը:
Անդրադառնալով ստեղծուած կացութեան եւ տեղի ունեցող զարգացումներուն նկատմամբ Դաշնակցութեան դիրքորոշման` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն առաջին պահէն իր կեցուածքը արտայայտեց, երբ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ մենք նման մօտեցումներով, նման քայլերով երկրին մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կատարելու փորձը սխալ կը նկատենք, անկախ անկէ, որ երկրին մէջ փոփոխութիւններու կարիք կայ, եւ Դաշնակցութիւնը եղած է այն քաղաքական հիմնական ուժը, որ նման փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին բազմիցս խօսած եւ տարբեր ձեւերով բարձրաձայնած է, իսկ այսօր այդ նպատակով քաղաքական համախոհութեան մաս կը կազմէ:
Ուստի, Մանոյեան շեշտեց, որ այս ձեւով չէ, որ երկրին մէջ փոփոխութիւններ կը կատարուին:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ասիկա Դաշնակցութեան համար նորութիւն չէ. յիշեց 1992 թուականը, երբ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ուղղակի թիրախ դարձաւ, իշխանութիւնները երկրէն արտաքսեցին օրուան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը, իսկ 1994-ին կուսակցութիւնը կասեցուեցաւ Հայաստանի մէջ, շարք մը գրասենեակներ փակուեցան, կարգ մը կուսակցականներ ձերբակալուեցան: Այս բոլորով հանդերձ, Դաշնակցութեան կեցուածքը միշտ եղած է այն, որ երկրին մէջ պէտք չէ ցնցում յառաջացնել` նախ իբրեւ սկզբունք, բայց նաեւ նկատի առնելով այն, որ երբ կայ Ղարաբաղեան տագնապը, այս ձեւի ցնցումները կրնան միայն վնաս հասցնել, ուստի ճիշդ չէ այս ձեւով հետապնդել փոփոխութիւններու իրականացումը:
Մանոյեան դիտել տուաւ, որ միւս կողմէ ոստիկանութիւնը եւս պէտք է ճիշդ վարուի, քաղաքացիներուն իրաւունքը պէտք է յարգուի, համախմբուիլ ուզող քաղաքացիները պէտք է ատիկա ընելու կարելիութիւն ունենան, բայց նաեւ պէտք է հասկնալ, որ երկրին մէջ ստեղծուած է ապահովութեան սպառնացող վիճակ, որ ի վերջոյ պէտք է չէզոքացուի: Ուրեմն բոլոր կողմերն ալ պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնեն, որպէսզի այս վիճակը նոր զոհերու պատճառ չդառնայ եւ առանց յաւելեալ վնասներու եւ կորուստներու աւարտի կարելի եղածին չափ շուտ:
Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձի ձախողութեան մասին խօսելով` Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ այս ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը բանակին միակամ չըլլալն էր, որովհետեւ անցնող տարիներուն իշխող կուսակցութիւնը համակարգային որոշ փոփոխութիւններ կատարած էր, բանակին մէջ քատրային փոփոխութիւններ ներմուծած էր, ուստի բանակի ղեկավարութեան կարեւոր մէկ մասը համախոհ է այսօրուան իշխանութեան, այդ պատճառով ալ յեղաշրջումը ձախողութեան մատնուեցաւ: Յեղափոխութեան հիմնական պատճառը այն էր, որ մտահոգութիւն արտայայտուած էր երկրին իսլամացման քաղաքականութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ երկրին իշխանութիւնը մէկ անձի ձեռքը աւելի կեդրոնացնելու առումով: Յեղաշրջման փորձ ընողները այս նպատակը կը հետապնդէին, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ յեղաշրջումը եթէ յաջողէր ոչ ոք գիտէ, թէ Հայ դատին եւ հայութեան նկատմամբ ինչ կեցուածք պիտի ունենային յեղաշրջման նախաձեռնողները: Այդ պատճառով ալ հայութիւնը խանդավառուելու պատճառ չունի. ճիշդ է, որ դժգոհութիւն կայ ներկայ իշխանաւորներէն, բայց զիրենք փոխարինողը անպայման իրենցմէ լաւը պիտի չըլլայ մեր տեսանկիւնէն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին համաձայն, թէեւ յեղաշրջումի փորձը ձախողեցաւ, բայց կը շարունակուի Էրտողանի յեղաշրջումի փորձը, որ մեծ մասամբ արդէն յաջողած է ու տակաւին ընթացքի մէջ է: Ինչպէս Էրտողան յեղաշրջումի օրն իսկ ըսաւ, այս մէկը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ էր իրեն համար, որովհետեւ ասիկա իբրեւ պատրուակ ունենալով, այսօր Թուրքիոյ մէջ կը ձերբակալուին հազարաւոր մարդիկ, որոնց մէկ մասը հաւանաբար կապ ունի յեղաշրջումին հետ, սակայն մէկ կարեւոր մասն ալ ոչ մէկ առնչութիւն ունի եղածին հետ, կրնան ոմանք համախոհ ըլլալ, սակայն ուղղակի կապ ունեցած չըլլալ: Բայց եւ այնպէս ասիկա պետական համակարգին մէջ մաքրագործում կատարելու լաւ առիթ հանդիսացաւ, ուրկէ դուրս կը դրուին, ըստ Էրտողանին, այս յեղաշրջումին ետին կանգնող, Միացեալ Նահանգներ ապաստանած, ընդդիմադիր իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետեւորդները: Խորքին մէջ, ըստ Մանոյեանի, յեղաշրջումը Կիւլենին վերագրելը տրամաբանական չէ, թէեւ փորձին մասնակիցներուն մէջ կան կիւլենականներ, սակայն իսլամացման քաղաքականութիւնը Կիւլենի ուզածն է նաեւ, ան նման քաղաքականութեան դէմ կանգնելու հակակարծիք չի կրնար ըլլալ, եզրափակեց Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, Աշխարհին Ուշադրութիւնը Թուրքիայէն
Շեղեցաւ Դէպի Հայաստան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` «Ա1+»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անընդունելի նկատած է տիրող կացութիւնը: «Մենք այս ոճին դէմ ենք: Ասիկա անհեռանկարային մօտեցում է, եթէ չըսեմ, որ նաեւ վնասակար է: Խորքին մէջ մեզի համար ամէնէն մեծ վնասը արձանագրուեցաւ արտաքին ճակատի վրայ: Դեռ չենք գիտեր, թէ ինչպէս պիտի աւարտի այս դէպքը եւ եթէ նոր զոհեր խլելու գնով պիտի ըլլայ ատիկա: Նման պարագայ մը աւելի խայտառակ պիտի ընէ Հայաստանը` միջազգային հանրութեան դիմաց», դիտել տուած է Մանոյեան:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցածը այնքան անսպասելի ու արագ կերպով կատարուեցաւ, որ ամբողջ աշխարհին մինչ այդ Թուրքիոյ վրայ կեդրոնացած ուշադրութիւնը շեղեցաւ դէպի Հայաստան:
«Ո՛չ միայն մեր երկրին մէջ ուշադրութիւնը շեղեցաւ Թուրքիոյ իրադարձութիւններէն, այլ նաեւ դուրսի ուշադրութիւնը, եւ մարդիկ սկսան նմանութիւններ գտնելու փորձեր ընել, երբ նմանութեան ոչ մէկ եզր գոյութիւն ունի: Այսինքն Հայաստանին մէջ տեղի ունեցածը խումբ մը դժգոհ մարդոց արարք է, եւ ոչ թէ իսկապէս հանրութեան աջակցութիւնը վայելող շարժում, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը խումբ մը զինուորականներու փորձ էր, եւ վստահ եմ, որ կար անոնց կողմնակից որոշ խաւ մը, բայց ոչ այնքան մեծ, որ թուրք զինուորականները յաջողէին: Իսկ Հայաստանի մէջ այդ խաւը չկայ ալ», ընդգծած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը` միեւնոյն ատեն նկատել տալով. «Այսինքն այս չի նշանակեր, որ դժգոհութիւն չկայ Հայաստանի մէջ, այլ պարզապէս կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ ժողովուրդը կը հասկնայ, որ այս միջոցներով հարց չի լուծուիր»:
«Ա1+»-ի թղթակիցը նաեւ ուզած է գիտնալ, թէ Դաշնակցութեան համար արդեօք ընդունելի՞ է յեղափոխութեան այս տարբերակը:
«Ներողութիւն, ասիկա յեղափոխութիւն չէ: Յեղափոխութիւնը մէկ արարքով չ՛ըլլար, յեղափոխութիւնը, եթէ իսկապէս հասունցած ըլլար, մենք այսօր կ՛ունենայինք հարիւր-հազարաւոր ճամբայ իջած ժողովուրդ, որ իր դժգոհութիւնը կ՛արտայայտէր, բայց ատիկա չեղաւ: Այդ է յեղափոխութիւնը, բայց ոչ թէ այսպէս, որ մարդիկ փորձեն ինչ որ արարք գործել, թէկուզ ոստիկանական որեւէ կեդրոնի վրայ եւ յաջողութեան հասնին այդ պահուն: Վ՞երջը: Ասոր շարունակութիւնը կամ վերջը ի՞նչ է: Լա՛ւ, հիմա իշխանութիւնները կը համբերեն, բայց մինչեւ ե՞րբ պիտի համբերեն», պատասխանած է Մանոյեան: