Ցուցարարներուն Երթը Կասեցաւ
Անձրեւին Պատճառով

28 յուլիսի երեկոյեան անձրեւին պատճառով Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած եւ Բաղրամեան պողոտային սկզբնաւորութիւնը փակած ցուցարարները չկրցան իրենց ծրագիրը իրականացնել:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեան յայտարարեց, որ իրենց նպատակն էր նախ նստացոյց կատարել Բաղրամեան պողոտային սկիզբը, ապա երթով ուղղուիլ Խորենացի փողոց: Առաջին մասը կատարած են, սակայն անձրեւին պատճառով չեն կրցած ուղղուիլ դէպի Խորենացի:
Ան ըսաւ, որ, այդուհանդերձ, պայքարը կանգ պիտի չառնէ:
Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ`
Առանց Նախապայմանի Ազատ Արձակելու Բժիշկները

28 յուլիսին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց զինուած խումբի անդամներուն` առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակելու պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ գտնուող բժիշկներն ու հիւանդապահները` կարելիութիւն տալով, որ զինեալ խումբին մէջ հիւանդանոցային բուժման կարիք ունեցողները ստանան պատշաճ խնամք:
«Երէկուընէ ո՛չ միայն Հայաստանի ամբողջ բժշկական հանրութեան, այլ նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներու, արտերկրի հեղինակաւոր մասնագէտներուն կողմէ բարձրացան զինեալներուն ուղղուած բազում կոչեր` պատանդ վերցուած բժիշկներն ու հիւանդապահները ազատ արձակելու: Անոնց մէջ շեշտը կը դրուէր այն գաղափարին վրայ, որ կատարուած քայլը դուրս է մարդասիրութեան բոլոր սահմաններէն եւ անընդունելի ամբողջ աշխարհին մէջ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը, միանալով մեր բազմաթիւ քաղաքացիներուն եւ բժշկական հանրութեան յորդորներուն, անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղէ` առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակելու պատանդառութեան մէջ գտնուող բժիշկները», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը խոհեմ քայլ կը նկատէ իր կարգին պատանդ բռնուած հիւանդապահին ազատ արձակումը, որ դրական արձագանգ ստացաւ հանրութեան կողմէ: Բայց եւ այնպէս հանրութիւնը չի կրնար ընդունիլ այն փաստը, որ ձեռք բարձրացուի մարդասիրական առաքելութիւն կատարող մասնագէտներուն վրայ, որոնք Հայաստանի մէջ ստեղծուած լարուած ու դժուար այս օրերուն գիշեր ու ցերեկ, առանց տրտունջի, անկախ բոլոր հանգամանքներէն կը շարունակեն բարձրակարգ բժշկական օգնութիւն տրամադրել ինչպէս բոլոր քաղաքացիներուն, այնպէս ալ վիրաւորներուն` պատուով կատարելով մասնագիտական իրենց պարտքը, հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին:
27 Յուլիսին Բերման Ենթարկուած Է 66 Հոգի
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ 27 յուլիսին Երեւանի Խորենացի փողոցէն եւ անոր յարակից տարածքէն ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուած է 66 անձ, որոնցմէ 5-ը ներկայացուած է Քննչական կոմիտէ: Բերման ենթարկուածներէն 61¬ը ազատ արձակուած է:
Հանրապետական Կուսակցութիւնը Չէ Փոխած Մօտեցումը`
Պէտք Չէ Արիւնահեղութիւնը Արտօնել
Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակին պէտք է գտնել խաղաղ հանգուցալուծում, այդ առնչութեամբ ալ տեղի կ՛ունենան բանակցութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան:

«Իշխանութեան մօտեցումը յայտնած է հանրապետութեան նախագահը եւ կուսակցութեան բանբերը: Մեր մօտեցումը եղած է ու կը մնայ այն, որ հայը հայու վրայ պէտք չէ կրակէ: Նոր արիւնահեղութիւն պէտք չէ արտօնել», ըսած է ան:
Անդրադառնալով նշուած բանակցային հոլովոյթին մէջ հաւանական զիջումներու մասին խօսակցութիւններուն` Նաղդալեան շեշտած է, որ խնդիրը զիջումներու մէջ չէ: «Խնդիրները, որոնց մասին կը խօսուի, մեր երկրին մէջ տարիներու ընթացքին դիզուած խնդիրներ են, որոնց առնչութեամբ բարեփոխումներ կը կատարուին, սակայն անոնք այսօր ստուերի մէջ կը մնան նոր հարցով` իրավիճակը պէտք է հանգուցալուծուի առանց արիւնահեղութեան», դիտել տուած է Ազգային ժողովի փոխ նախագահը:
Նաղդալեան խօսած է նաեւ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստի հրաւիրելու նախաձեռնութեան մասին` շեշտելով, որ հարցը արտակարգ նիստ գումարելը չէ, այլ կացութենէն խաղաղութեամբ դուրս գալը, մանաւանդ որ կան քրէական գործեր, կը կատարուի հետաքննութիւն, ուստի, պատգամաւորներուն կողմէ այս հարցերու քննարկումը յղի է նոր լարուածութեամբ: «Հիմնական մեր մօտեցումը եղած է չվնասել այսօր ընթացող բանակցային հոլովոյթին», շեշտած է Ազգային ժողովի փոխնախագահը: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է բժիշկներուն պատանդ վերցուելու հարցով` շեշտելով, որ այդ մօտեցումը անընդունելի է:
Արտակարգ Նիստի Հրաւիրելու Փաշինեանի
Նախաձեռնութիւնը Ձախողեցաւ
Ազգային ժողովը արտակարգ նիստի հրաւիրելու պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեան միացան 19 պատգամաւորներ, ինչ որ բաւարար չեղաւ 28 յուլիսին` ժամը 17:00¬ին նիստ կայացնելու, ատոր համար անհրաժեշտ էր 44 ստորագրութիւն:
Դիմատետրի իր էջին վրայ Նիկոլ Փաշինեան այս մասին գրած է: «Կարգ մը պատգամաւորներ կապուեցան ու ըսին, որ Երեւան վերադառնալէ ետք պատրաստ են ստորագրելու նախաձեռնութեան տակ: Կը կարծեմ, թէ Ազգային ժողովի արտակարգ նստաշրջան հրաւիրելու հարցը պէտք է մնայ հանրային եւ քաղաքական կեանքի օրակարգին վրայ, որովհետեւ պարեկապահակային ծառայութեան գունդին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը ո՛չ թէ քրէաիրաւական, այլ քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի քաղաքական քննարկումներու ու քաղաքական որոշումներու ծիրին մէջ»:
Պաւլիկ Մանուկեան Հացադուլի Դիմած Է
«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին օրեր առաջ վիրաւորուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած Պաւլիկ Մանուկեանի եւ անոր որդիին` Արամ Մանուկեանի պաշտպան Ինեսսա Պետրոսեան յայտարարած է, որ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ Պաւլիկ Մանուկեան 27 յուլիսէն հացադուլ յայտարարած է եւ կը մերժէ դեղորայք ստանալ` բողոքելով իրեն նկատմամբ կատարուած ոստիկանական գործողութեան դէմ:
Անոր համաձայն, ոչ մէկ գործնական քայլ առնուած է, որպէսզի Պաւլիկ Մանուկեանը կարելի ըլլայ համոզել հրաժարելու իր այս քայլէն:
«Քիչ առաջ կինը եւ աղջիկը կ’ուզէին զինք տեսնել, սակայն թոյլ չտուին այն հիմնաւորումով, որ վարոյթը իրականացնող մարմինը որոշում տուած է արգիլել տեսակցութիւններն ու հեռաձայնային զրոյցները», ըսած է Պետրոսեան:
Փաստաբանը աւելցուցած է, որ առաւօտեան ինք տեսակցած է Արամ Մանուկեանին, կէսօրին` Պաւել Մանուկեանին հետ, անոնց առողջական վիճակը ծանր կայուն է:
Ինեսսա Պետրոսեանի համաձայն, Արամ Մանուկեան կը գտնուի շատ վատ պայմաններու մէջ` «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-ը. ան դիտել տուած է, որ անոր ենթարկուած վիրաբուժութենէն ետք զայն պէտք չէ փոխադրէին, այլ պէտք է մնար «Էրեբունի» հիւանդանոցը:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն «Թերթ»-ին յայտնած են, որ Պաւլիկ Մանուկեան սկսած է ինքնուրոյն շնչել, արհեստական շնչառութեան գործիքը անջատուած է:
Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Անահիտ Հայթայեանի համաձայն, Պաւլիկ Մանուկեանի վիճակը կայուն ծանր է, սակայն կայ դրական փոփոխութիւն: Լրագրողը հարցուցած է, որ հացադուլ կատարելու անոր որոշումը արդեօք ժխտական անդրադարձ պիտի չունենա՞յ առողջական վիճակին վրայ. Հայթայեան նշած է, որ ատիկա պիտի ճշդեն բժիշկները:
Ըստ Ոստիկանութեան` Իւրաքանչիւր Հրապարակում
Կ՛ուսումնասիրուի
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու ու լրատուական ծառայութենէն` պատասխանելով «Թերթ»-ին այն հարցումին, թէ արդեօք ծառայողական քննութիւն պէտք չէ՞ կատարել «Հրեշտակներ»-ու գունդի կին ոստիկանին նկատմամբ, որ, համացանցին մէջ տարածուած տեսանիւթին համաձայն, կ’ոլորէ տարեց կնոջ ձեռքերը, ըսած է, որ որեւէ հրապարակում կ՛ուսումնասիրուի:
Նշենք, որ ընկերային ցանցերուն մէջ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ կին ոստիկանը Մարգարիտա Կարապետեանն է եւ ան նախապէս աշխատած է գիշերային ակումբի մը մէջ:


