Երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին, «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ յատուկ առաքելութեամբ այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տունը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան եւ վերջապէս ներկայ գտնուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ` ի պատիւ իրեն կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի մուտքին Լէյլա Սոլհ-Համատէ ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանի, ՔԱՀԼ-ի խնամակալութեան, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Լէյլա Սոլհ-Համատէին ծաղկեփունջերով դիմաւորեցին նաեւ տարեց մամիկներն ու պապիկները: Նախկին նախարարը սիրալիր բարեւեց ու ողջագուրեց զինք դիմաւորող բոլոր պատսպարեալները, ապա շրջագայեցաւ ծերանոցի որոշ բաժինները, մօտեցաւ անկարներուն, մխիթարական ու ամոքիչ խօսքեր արտասանելով սեղմեց բոլորին ձեռքերը: Այցելութեան աւարտին Լէյլա Սոլհ-Համատէ բացումը կատարեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութեան կողմէ ամբողջութեամբ վերանորոգուած ՔԱՀԼ-ի խոհանոցին: Այդ առիթով կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Անմիջապէս ետք Լէյլա Սոլհ-Համատէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային միացեալ վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնին կողմէ: Լէյլա Սոլհ-Համատէ շրջագայեցաւ ու ծանօթացաւ վարժարանի որոշ բաժիններուն, տեսաւ ու մեծապէս գնահատեց տարուած հսկայ աշխատանքը:



Վերջապէս պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահ, ուր ի պատիւ Լէյլա Սոլհ-Համատէին Ազգային առաջնորդարանը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որուն կը մասնակցին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, նախկին ու ներկայ երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ հիւրեր: Պաշտօնական ճաշկերոյթը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Խօսք առաւ Սիւզի Սէմէրճեան: Ան ողջունեց Լէյլա Սոլհ-Համատէի ներկայութիւնը` բարձր գնահատելով անոր մարդկային արժանիքները եւ կատարած բարեգործութիւնները երկրի մը մէջ, որ անկարող է ապահովել իր քաղաքացիներուն բարօր ու ապահով կեանքը:
Ան ըսաւ, որ Լէյլա Սոլհ-Համատէ սիրով կը շարունակէ Ռիատ Սոլհի բռնած ճանապարհը եւ հայրենասիրական ու մարդասիրական գործունէութիւնները կը տանի առանց կրօնական կամ ազգային, կուսակցական խտրութեան:
Ս. Սէմէրճեան ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը իր բոլոր կառոյցներով կ՛աշխատի ամէն գնով կրթական ասպարէզին ընդմէջէն նոր սերունդի ներկայացուցիչները դաստիարակել իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ: Ազգային վարժարանները կ՛աշխատին իրենց լաւագոյնը տալու հայ աշակերտին, որ կարենայ ծառայել Լիբանանին եւ ընկերութեան:
Ան իր խօսքի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութեան ընդմէջէն հայ դպրոցներուն Լէյլա Սոլհ-Համատէի ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան:
Ս. Սէմէրճեան ըսաւ. «Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային ոչ լաւ պայմանները կը պարտադրեն զօրեղ համագործակցութիւն բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններու միջեւ, ուր կարիքները բազմատեսակ են: Լիբանանը կարիք ունի այնպիսի ընկերային քաղաքականութիւններու, որոնք կ՛երաշխաւորեն լիբանանցիներուն զաւակներուն ապագան: Մեր իրաւունքն է մեր երկրին հանդէպ ըլլալ գործօն. հայրենական շահերը վեր դասենք անհատական շահերէն»:
Ս. Սէմէրճեան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութիւն յայտնեց նախարարին կրթական հաստատութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեան համար, որ կը նպատակադրէ պատրաստել հայրենասիրական վեհ սկզբունքներով առողջ քաղաքացիներ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան: Ան ըսաւ. «Նուիրումի եւ ծառայութեան արժանիքներու գնահատման առիթը համախմբած է մեզ այսօր: Լիբանանցիները բոլոր ժամանակներուն ալ հաւատացած են անվերապահ ծառայելու եւ նուիրաբերելու կարեւորութեան, վկայ ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան վերանորոգումը»:
Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է ու կը շարունակէ կանգնիլ կարիքաւորներուն. անիկա ընկերային բոլոր մարզերուն մէջ բարեսիրական ու մարդասիրական մեծ ներդրումներ կ՛ունենայ: Սապունճեան յայտնեց, որ լիբանանահայերը կը շարունակեն իրենց սրտերուն մէջ պահել յիշատակը վարչապետ Ռիատ Սոլհին, որ հայութեան հանդէպ կը տածէր մեծ հոգածութիւն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լէյլա Սոլհ-Համատէին, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ բարեգործութիւնը կեանքեր կը կերտէ, իսկ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութիւնը մարդասիրական օգնութիւններով եւ կրթական ծառայութիւններով մեծապէս կը նպաստէ մարդկային արժանապատիւ կեանքեր կերտելու:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ողջունեց Լէյլա Սոլհ-Համատէի ներկայութիւնը, մեծապէս գնահատեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութեան մարդասիրական բազում գործունէութիւնները եւ ծառայութիւնները, արժեւորեց Լէյլա Սոլհ-Համատէի անհատական ջանքերը կրթական եւ մարդկային անվերապահ ծառայութիւններ մատուցելու գործին մէջ, որուն շնորհիւ բազմաթիւ սրտեր ցնծութեամբ լեցուած են: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան իբրեւ նշան յուշանուէր մը յանձնեց Լէյլա Սոլհ-Համատէին, իսկ վերջինս իր հերթին յուշանուէրով մը պատուեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, ապա հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը:
Լէյլա Սոլհ-Համատէ իր ուրախութիւնը յայտնեց մասնակցելու նման հարազատ հանդիպումի, ապա դրուատանքով խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին` բարձր գնահատելով լիբանանահայու արժանիքները, ինչպէս` հաւատարմութիւնը, հայրենասիրութիւնը եւ մշակոյթի հանդէպ սէրն ու պաշտպանութիւնը:
Լէյլա Սոլհ-Համատէ ըսաւ, թէ լաւ ու վատ բոլոր ժամանակներուն ալ Լիբանանի հայ համայնքը կրցած է մնալ կայուն, հաստատակամ, միասնակամ եւ միշտ տէր կանգնած է Լիբանանին:
«Մեր բարեսիրական առաքելութիւնը պիտի շարունակենք առանց բացառութիւններու կամ խտրութիւններու, մեր բարեգործութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ նուիրատուները իրենց առատ ձեռքը կը բանան մեզի: Լիբանանահայութեան նոր ծրագիրներուն միշտ ալ մօտէն հետեւած ու նեցուկ կանգնած ենք: Հայերը մեր եղբայրներն են, անոնք Լիբանանի մէջ հիւրեր չեն» ըսելով եզրափակեց իր խօսքը Լէյլա Սոլհ-Համատէ:
Պաշտօնական ճաշկերոյթը ընթացաւ եւ աւարտին հասաւ մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ: