ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 33-ամեակի ոգեկոչում:
Տարեցն ու երիտասարդը, պատանին ու փոքրը խիտ շարքերով համախմբուած էին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն` յարգանքի տուրք մատուցելու Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներու յիշատակին: Բոլոր ներկաները նախ ուղղուեցան Լիզպոնի հերոսներուն դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ներկաները հինգ հերոսներու շիրմաքարին վրայ զետեղեցին ԼԵՄ-ականներուն կողմէ բաշխուած կարմիր ու ճերմակ ծաղիկները:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը առիթ է վերանորոգելու հայ երիտասարդին ուխտը: Ան ըսաւ, թէ հինգ հերոսներուն հոգիները հայ երիտասարդներէն կը պահանջեն ըլլալ ազգասէր, Հայ դատի նուիրեալ ջահակիրներ եւ շարունակել հակաթուրք պայքարը ամէն գետնի վրայ: Չաքմաքճեան նշեց, որ հայ երիտասարդը կը տարբերի այլ ազգերու երիտասարդներէն, որովհետեւ ունի դատ, պահանջատիրական երթ. ընդունելի չէ անտարբեր եւ անդիմագիծ երիտասարդներու ներկայութիւնը, մանաւանդ երբ կայ Լիզպոնի հինգ տղոց պատգամն ու գործի հրաւէրը:
Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հինգ մարտիկները ազատութեան խորանին վրայ մատաղ ըրին իրենց մատղաշ կեանքը: Անոնք հայրենիք չտեսած հայրենապաշտօրէն ուխտեցին կեանքի ամէն հաճոյք մէկդի դնելով` ըլլալ նուիրեալ դաշնակցական, որպէսզի հայ ժողովուրդին յոյս ներշնչեն եւ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը լսելի դարձնեն համայն աշխարհին եւ ապագայ սերունդին համար վառ պահեն պայքարի ջահը: Իսկ այսօրուան սերունդը պէտք է պայքարի օտարամոլութեան դէմ, որ ապագայ երիտասարդին կեանքը չվտանգուի»:
Օրուան բանախօսն էր Դաւիթ Գազանճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Լիզպոնի տղաքը իրենց կեանքը մահի չվերածեցին, այլ մահը` կեանքի: Իրենց եսը արհամարհեցին եւ առաջնահերթ դասեցին ազգին շահը: Անոնք եղան նոր նեմեսիսներ, մարմնաւորեցին վրէժխնդիր հայու տիպարը: Վերակենդանացուցին Արշաւիր Շիրակեանի եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի աւանդը` յիշեցնելով համայն աշխարհին, թէ «Նեմեսիս» գործողութիւնը պատահական բան չէր, այլ դատին հաւատարիմ եւ յանձնառու մարդոց ծրագրաւորուած աշխատանք:
Դ. Գազանճեան հաստատեց, որ հինգ հերոսները կ՛ապրին հայութեան սրտերուն, հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ: Անոնք մխրճուած են երիտասարդներու էութեան մէջ եւ դարձած անոնց առօրեայէն բաժին մը: Ան ըսաւ, թէ Լիզպոնի տղոց քայլով տոգորուած են արցախեան պատերազմի հերոսները: Իրենց շունչով քալած են Մհերն ու Վիգէնը, Կարօտն ու Պետոն, որոնք բոլորն ալ արժանացած են երկնային արքայութեան:
Բանախօսը շեշտեց, որ Լիզպոնի տղոց պատգամը պէտք է մղէ երիտասարդները դէմ դնելու հայ շրջապատը խաթարող ամէն տեսակի անարդարութեան, նիւթապաշտութեան, հայութեան վնաս հասցնող եւ անոր ձուլման նպաստող որեւէ գործունէութեան:
Ան ըսաւ. «Մենք պէտք չէ բաւարարուինք Լիզպոնի տղոց մասին խօսելով կամ զանոնք յիշելով: Պէտք է իրենց նման խօսքը վերածենք գործի, գործը` առաքելութեան եւ նպաստենք հասնելու մեր գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին, ուր կ՛ապրին ազատ մտածող, անկախ գործող եւ միացեալ աշխատանքի լծուած հայորդիներ»:
Բանախօսը հաստատեց, որ այսօրուան տաքարիւն երիտասարդներուն կը պակսին նեցուկ կանգնողները: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութիւնը չքննադատելու, այլ անոր ցուցմունք տալու եւ զայն յառաջ մղելու:
Իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, դաշտը այսօր եւ միշտ ձերն է, եւ ոչ թէ ալեհերներուն: Դուք էք ներկան ու ապագան, եղէ՛ք սագոներ եւ զինուեցէ՛ք գիտելիքներով: Եղէ՛ք վաչէներ եւ անտեսեցէ՛ք աթոռամոլները: Եղէ՛ք գուրգուրոտ, համեստ եւ ժպտուն արաներ: Եղէ՛ք լուռ ու ինքնագովաբանութենէ հեռու սիմոններ: Եղէ՛ք ինքնաշխատութեամբ տոգորուած եւ մարդկային արժէքներով լեցուն սեդրակներ: Եղէ՛ք նոր լիզպոններ եւ յաղթական բազուկով զարկէ՛ք թուրքին ճակատէն»:
Ձեռնարկի աւարտին Ճորճ Պուլեթ ապրումով արտասանեց Արփի Սանոսեանի «Անոնք գացին անվերադարձ» ոտանաւորը, իսկ Շնորհք Ճըրճեան ջութակով մեկնաբանեց Լիզպոնի տղոց երգը:
Նշենք, թէ աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան թիւեր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթէն: