
Հիւսիսային Ֆրանսայի Ռուեն քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ երկու զինեալ մարդիկ պատարագի ժամանակ մուտք գործելով Սանթ Էթիեն տիւ Ռուվրէ եկեղեցին պատանդ բռնեցին 84 տարեկան Ժաք վրդ. Համելը եւ չորս ուրիշներ: Անոնք հետագային սպաննեցին վարդապետը` մորթելով զայն:
Հետագային ոստիկանութիւնը պաշարեց եկեղեցին, ապա արագ միջամտութիւն մը կատարելով սպաննեց երկու զինեալները:
ՏԱՀԵՇ-ի առնչակից «Աամաք» կայքը հաղորդեց, որ յարձակումը գործած են «Իսլամական պետութեան երկու զինուորներ»:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ դէպքէն անմիջապէս ետք այցելեց եկեղեցին` յայտնելով, որ յարձակում գործողները «վախկոտ սպանութիւն» կատարած են, իսկ Ֆրանսան «բոլոր միջոցներով» պիտի պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտեց «այս անհեթեթ բռնարարքին ցաւն ու ահաւորութիւնը»:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փիեռ-Հանրի Պրանտէ յայտնեց, որ ոստիկանութեան գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած է պատանդներէն մէկը: Զինեալները «վնասազերծուած» են, երբ եկեղեցիէն դուրս եկած են:
Վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտնեց, որ զարհուրած է այս «բարբարոս յարձակումէն»: «Ամբողջ Ֆրանսան եւ բոլոր կաթողիկէները վիրաւորուած են: Մենք կողք-կողքի պիտի կանգնինք», գրեց ան «Թուիթըր»-ի վրայ:
Ֆրանսական դատախազութիւնը յայտարարեց, որ յարձակումին հարցով կասկածեալ մը ձերբակալուած է:
Միւս կողմէ, նշենք, որ զինեալ մը Պերլինի մէջ կրակ բացաւ դարմանատան մը վրայ, ապա անձնասպան եղաւ: Գերմանական ոստիկանութիւնը հետագային հաղորդեց, որ դէպքին ընթացքին վիրաւորուած բժիշկ մը մահացած է:


