Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական7-րդ Համագումարի Բացում

Յուլիս 28, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hom-1_72716

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ 27-էն 31 յուլիս 2016 տեղի կ’ունենայ Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը Երեւանի մէջ:

Համագումարին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 27 յուլիսին, կը մասնակցին 18 երկիրներէ 28 բարձրաստիճան խմբապետներ, ինչպէս նաեւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան խմբապետը: Համագումարին կը մասնակցին նաեւ երկու օժանդակ խմբապետներ:

Համագումարին բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Կովկաս» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայրներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Վաչէ Նաճարեան, Բագրատ Եսայեան, Օշին Փիրումեան եւ Անդօ Պահարեան: Իր սրտի խօսքին մէջ Գառնիկ Մկրտիչեան հրաւիրեց ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ յիշատակը Լիզպոնի նահատակներուն, որոնց նահատակութեան օրը զուգադիպած էր խմբապետական համագումարի բացման: Ան նաեւ շեշտեց համագումարին կարեւորութիւնը` նշելով, որ միութիւնը ակնկալիքներ ունի սկաուտական բարձրաստիճան այս համագումարէն:

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան մասնակիցներուն ներկայացուց համագումարին ծրագիրն ու աշխատանքներու ընթացքը` նշելով, որ օրակարգերը պիտի քննարկեն միութիւնը յուզող զանազան հարցեր եւ ապագայի պատկերացումներ: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Պերճ Թիւֆենքճեան` յաջողութիւն մաղթելով համագումարի աշխատանքներուն:

Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները եւ անոնց գործադրութեան եղանակը: Նաեւ պիտի մշակէ դաստիարակչական ծրագիրներ, պիտի զբաղի շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով եւ պիտի պատրաստէ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի նախածրագիրը, որ ծրագրուած է իրագործել միութեան 100-ամեակին` 2018-ին:

Համագումարը յատուկ օրակարգով պիտի արծարծէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն առաջարկները, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ այժմէական հրատապ այլ հարցերու:

Այցելութիւններ

Նոյն օրը առաւօտեան, համագումարի մասնակից քոյրերն ու եղբայրները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն, ուր իրենց դիմաւորեց սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան: Փոխնախարարը իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ «խմբապետները իրենց տունը այցելած են այսօր եւ պատիւ է մեզի համար ձեզ այստեղ դիմաւորելը»:

Սրապիոնեան ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, թէ ան հնոց միութիւնն է, որ կը դաստիարակէ հայեր: Ապա ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ կնքուած յուշագիրին, որ աւելի կ’ամրապնդէ փոխադարձ գործակցութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, որ «ՀՄԸՄ-ը սփիւռքի մէկ մասնիկն է, եւ երբ տակաւին ազատ ու անկախ Հայաստան չկար, ՀՄԸՄ սփիւռքի մէջ կը խորհրդանշէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը»: Ապա ան համագումարի յուշանուէրը փոխանցեց նախարարի տեղակալին:

hom-3_72716

Ապա, խմբապետական համագումարի մասնակիցները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Համագումարին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ, նաեւ մեխակներ` իւրաքանչիւր մասնակիցի կողմէ: Կատարուեցաւ Տէրունական աղօթք, ապա մասնակիցներուն կողմէ հնչեց «Յառաջ նահատակ» քայլերգը:

hom-2_72716

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովի Նախապատրաստական Վերջին Ժողովին

Յաջորդը

Լէյլա Սոլհ-Համատէ Դարձաւ Ազգային Առաջնորդարանին Հիւրը Եւ Հաստատեց. «Հայերը Լիբանանի Մէջ Հիւրեր Չեն, Անոնք Մեր Եղբայրներն Են»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?