Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անորոշութիւնը Կը Մնայ Տիրական` Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Հարցով

Յուլիս 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lour-1_72716

Հաւաքը Փոխադրուեցաւ Ազատութեան Հրապարակ

Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին գրաւուած ոստիկանական շէնքին կից` Խորենացի փողոցին մօտ 27 յուլիսին հաւաքուած քաղաքացիները մէկ առ մէկ բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան կողմէ, սակայն անոնք աւելի ուշ ազատ արձակուեցան: Բերման ենթարկուածներու շարքին էին Ալեք Ենիգոմշեան, Դաւիթ Սանասարեան եւ Լեւոն Բարսեղեան:

Բերման ենթարկուելէ առաջ Ալեք Ենիգոմշեան փոխանցած է Համակարգող խորհուրդին որոշումը Խորենացիի փողոցէն հաւաքը Ազատութեան հրապարակ փոխադրելու:  Պարոյր Հայրիկեան ոստիկաններուն փոխանցած է, որ իրենք հաւաքը այլ վայր պիտի տեղափոխեն` յորդորելով ոստիկանները ազատ արձակել բերման ենթարկուածները, որպէսզի անոնք կարենան հաւաքին մասնակցիլ: Երէկ ուշ երեկոյեան մեծաթիւ ցուցարարներ դարձեալ երթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ:

Ըստ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Աշխատակազմին.
Անթոյլատրելի Է Առանց Պատշաճ Բացատրութեան Քաղաքացիները Բերման Ենթարկել

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը անթոյլատրելի նկատած է առանց պատշաճ բացատրութեան եւ պատճառներու քաղաքացիները բերման ենթարկելը: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի գրասենեակէն:

Գրասենեակէն յիշեցուցած են, որ, Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, անձնական ազատութենէն զրկուած իւրաքանչիւր անձ իրեն հասկնալի լեզուով անյապաղ պէտք է տեղեակ ըլլայ իր բերման ենթարկուելու պատճառներուն մասին:

«Սահմանադրութեան այս սկզբունքը կը գործէ անմիջականօրէն եւ ենթակայ է անվերապահ կատարման: Կը տեղեկացնենք, որ ստացուած հաղորդումներու եւ լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներու հիման վրայ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի այցելութիւններ կը կատարուին հաւաքի վայր եւ ոստիկանութեան համապատասխան ստորաբաժանումներ: Պաշտպանի աշխատակազմը կը շարունակէ աշխատիլ շուրջօրեայ դրութեամբ եւ ներուժի ամբողջ ծաւալով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան Նախաձեռնած Է Ստորագրահաւաքի`
Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ Գումարելու Համար

Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք մուտք գործած զինեալներուն եւ տեղի ունեցող դէպքերուն առնչութեամբ քննարկում կատարելու նպատակով Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած է արտակարգ նիստ գումարել:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, որ նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի, անհրաժեշտ է առնուազն 44 պատգամաւորի ստորագրութիւն` նիստ գումարելու համար: Ըստ անոր, ցարդ ստորագրած են ինք ու «Ժառանագութիւն» կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան, իսկ անկախ պատգամաւոր Ալեքսան Արզումանեան միանալու փափաք յայտնած է: Ան կ՛առաջարկէ արտակարգ նիստը գումարել 28 յուլիսին` ժամը 17:00-ին:

Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեան յայտնած է, որ, ըստ Կանոնակարգ օրէնքին, արտակարգ նիստի կարելի է հրաւիրել, եթէ անոր նախաձեռնած է նախագահը, կառավարութիւնը կամ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մէկ երրորդը:

«Սասնայ Ծռեր». «Պաւլիկը Տարած Է Յանձնելու
Վիրաւոր Տղան, Կրակած Են»

Պաւլիկ Մանուկեանի դուստրը` Ասպրամ Մանուկեան դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է մանրամասնութիւններ 26 յուլիսի գիշերը իր հօր եւ եղբօր հետ տեղի ունեցած դէպքին մասին:

Ան գրած է, որ «Սասնայ ծռեր»-ուն հետ կապ հաստատուած է: Արմենակ Կիւրեղեանը` Կիւրեղեան եղբայրներուն հայրը, 26 յուլիսի դէպքերուն մասին յայտնած է, որ ոստիկանութեան կողմէ գրոհ չէ եղած: Ան նշած է, որ ուշ երեկոյեան Պաւլիկ Մանուկեան փորձած է բանակցիլ ոստիկաններուն հետ, որպէսզի իրենց տրամադրեն բժիշկ կամ վիրաւորը տանին բուժելու: «Այդ պահուն ծանր գնդացրային զինատեսակէ կրակ  բացուած է Պաւլիկ Մանուկեանի վրայ: Որդին տեսնելով այդ մէկը վազած է օգնութեան եւ անոր վրայ եւս կրակ բացուած է: Յետոյ «Սասնայ ծռեր»-ու անդամներէն մէկն ալ վազած է օգնութեան, անոր նոյնպէս վիրաւորած են», ըսած է Ա. Կիւրեղեան:

«Իրականութիւնը հետեւեալն է. պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ոստիկանութեան յանձնելու վիրաւոր ապստամբը: Յանձնելու գացած է Պաւլիկը: Ոստիկանութիւնը կրակ բացած է, անոր վիրաւորած են: Արամը` Պաւլիկի տղան, վազած է դէպի հայրը, անոր ալ վիրաւորած են: Երկու միւս տղաքը` Գագիկն ու, կարծես, Արամը, պատգարակներ հանած են` վիրաւոր ընկերներուն տանելու: Զանոնք ձերբակալած են», գրած է Ասպրամ Մանուկեան:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պաւել եւ Արամ Մանուկեաններու պաշտպան Ինեսսա Պետրոսեան յայտնած է, որ Պաւել Մանուկեանին ու իր որդիին` Արամ Մանուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 219-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրամիջոց, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթել) եւ 235-րդ յօդուածով (ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերել, օգտագործել, պահել, փոխադրել կամ կրել):

Անոր համաձայն, Պաւլիկ Մանուկեանը, հակառակ իր առողջական ծանր վիճակին, փափաք յայտնած է ներկայ ըլլալ դատարանին մէջ, իսկ Արամը` ոչ:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը
3
Պահանջ Ներկայացուցած Է «Սասնայ Ծռեր» Խումբին

26 յուլիսին պարեկապահական գունդի տարածքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն լոյսին տակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, որ ծառայութիւնը թէ՛ բանաւոր, եւ թ՛է գրաւոր ձեւով բազմիցս պաշտօնապէս նախազգուշացուցած էր Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը բռնազաւթած խումբը` անյապաղ դադրեցնելու շարունակուող յանցաւոր գործողութիւնները, մասնաւորաբար` չկրակելու, ինչպէս նաեւ զինուած դուրս չգալու տուեալ տարածքէն:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համաձայն, հակառակ այս բոլորին, խումբի կարգ մը անդամներ անտեսած են նշուած պահանջը եւ, առանց յանձնուելու մտադրութեան կամ այլ հիմնաւոր անհրաժեշտութեան, զինուած դուրս եկած են պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքէն, եւ, ի պատասխան, զանոնք վնասազերծելու նպատակով ձեռնարկուած են իրավիճակէն թելադրուող գործողութիւններու: «Սկսած յատուկ միջոցառման ընթացքին խումբի որոշ անդամներ իրաւապահներուն ուղղութեամբ արձակած են համատարած կրակոցներ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է իրաւապահ մարմինի ծառայող: Ձեռնարկուած համարժէք գործողութիւններու արդիւնքով վնասազերծուած է խումբի չորս անդամ, որոնցմէ երկուքը վիրաւորուած են, իսկ միւս երկուքը ստիպուած եղած են յանձնուիլ», նշած է ծառայութիւնը:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է նաեւ, որ վերոյիշեալ տարածքի գրաւման առիթով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ դատավարական եւ հետախուզական եղանակով ձեռք բերուած են հաւաստի տուեալներ (նաեւ` օրէնքով սահմանուած կարգով ստացուած ձայնագրութիւններ), ըստ որոնց, 17 յուլիսէն ի վեր խումբի կարգ մը անդամներ պարեկապահակային գունդի տարածքին մէջ կը պահուին իրենց կամքին հակառակ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը փաստէ, որ խումբի աւելի աշխուժ անդամներու  ընդգծուած ահաբեկչական գործողութիւնները ներկայ պահուն կը սպառնան ոչ միայն պատանդներուն, այլեւ խումբի միւս անդամներուն, յատկապէս, վիրաւորներուն կեանքին: Ստեղծուած նոր իրավիճակին լոյսին տակ առկայ է նշուած անձերուն կեանքը պաշտպանելու բացարձակ անհրաժեշտութիւն, ինչ որ կը ստիպէ իրաւապահ մարմիններուն դիմել ահաբեկչական գործողութիւնները կանխող եւ խափանող անհրաժեշտ եւ համաչափ միջոցներու»:

Առ այդ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զինուած խումբի անդամներէն վճռականօրէն պահանջած է.

«1. անյապաղ վերացնել վիրաւորներուն որակեալ բուժօգնութիւն տրամադրելու բոլոր խոչընդոտները,

  1. անմիջապէս ազատ արձակել բոլոր պատանդները,
  2. վար դնել զէնքը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն:

Կարելիութիւն դեռ կայ, բայց ժամանակը կը սպառի»:

Զինեալ Խումբի Անդամներուն Կողմէ Բժիշկներն Ու
Հիւանդապահները Պատանդ Պահելը Աղմուկ Բարձրացուց

Ոստիկանութիւնը 26 յուլիսի գիշերը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` տեղեկացնելով, որ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ գտնուող զինուած խումբի անդամները պատանդ վերցուցած են երկու զինեալ վիրաւորներ բուժելու նպատակով տուեալ տարածք մուտք գործած բժիշկներն ու հիւանդապահները` Նորայր Թեւանեանը, Սալվատոր Խեչոյեանը, Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Մալինա Մարգարեանը:  Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ 27 յուլիսի երեկոյեան ազատ արձակուած է Դաւիթ Տօնոյեան:

Աւելի ուշ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան փորձած է մտնել Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք` նպատակ ունենալով քննարկել գունդի տարածքին մէջ վիրաւորներուն բժշկական խնամքի կազմակերպման եւ պատանդ բժիշկներու ազատ արձակման հարցը: Սակայն, ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, իրաւապահները չեն արտօնած, որ նախարարը տարածք մտնէ:

«Շտապ օգնութիւն» ընկերութեան տնօրէն Թագուհի Ստեփանեան իր կարգին տեղեկացուցած է, որ խումբին մէջ կան անձեր, որոնք հրազէնային հարուածի ենթարկուած են: «Շտապ օգնութեան» բժիշկները առաջարկած են ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդը գրաւած զինուած խումբի վիրաւոր անդամները տեղափոխել հիւանդանոց, սակայն անոնք մերժած են», ըսած է Թ. Ստեփանեան` դատապարտելի նկատելով նման գործելաոճ, որ հարցը ոչ մէկ ձեւով կը լուծէ:

Բժիշկները պատանդ պահելու արարքը դատապարտելի նկատած են նաեւ Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներու բժիշկները` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակել իրենց պաշտօնակիցները:

Բժիշկները այս առիթով իրենց արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած են, որ բոլոր մասնագիտութիւններէն ամէնէն մարդասիրականը բժիշկ ըլլալն է, առաջնորդուիլ այն սկզբունքով, որ ուրիշին առողջութեան համար պէտք է զոհես քու առողջութիւնդ, երբեմն նոյնիսկ կեանքդ: Սակայն անընդունելի է, որ օգնութեան ձեռք մեկնած ու պատրաստակամութիւն յայտնած բժիշկները իրենք պատանդի վերածուին: Բժիշկները այդ արարքը խիստ դատապարտելի նկատած են` նշելով, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով արդարացի է: «Նման գործելաոճ մեր ազգին պատիւ չի բերեր, հայերը միշտ օգնած են զիրար, կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ թշնամիին, սակայն մենք այլ մօտեցում կը կիրարկենք: Բոլորս պէտք է այնպէս ընենք, որ շատ շուտով մեր գործընկերները ազատ արձակուին: Բժիշկները միշտ առաջին շարքին եղած են, անձնուրաց աշխատած են: Բժիշկները արժանի չեն նման վերաբերմունքի», ըսած է բժիշկ Գագիկ Բեգլարեան:

Բժիշկ Դաւիթ Պետրոսեան նոյնպէս դատապարտելի նկատած է նման գործելաոճ մը` յիշեցնելով, որ լարուած իրավիճակ է, 22 տարի դանդաղ պատերազմ կ՛ընթանայ, ուստի շատ արագ կերպով իրավիճակը կրնայ թէժանալ: Ան կոչ ուղղած է զինեալ տղոց` իրենց դէմքը փրկելու համար ազատ արձակելու բժիշկները:

Բժշկական հանրութիւնը եւս դատապարտեց բժիշկները եւ հիւանդապահները պատանդ պահելու երեւոյթը: Անոնք այս առիթով հրապարակած են կոչ մը, որուն մէջ կը նշուի. «Ամբողջ աշխարհին մէջ  անընդունելի, դատապարտելի երեւոյթ է, երբ փորձ կը կատարուի ձեռք բարձրացնել մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող մասնագէտներու նկատմամբ: Տեղեկութիւնը մեծ վրդովմունքով ընդունած Հայաստանի բժշկական ամբողջ հանրութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ անբարոյ այս քայլը եւ կը պահանջէ շտապ ազատ արձակել պատանդառութեան մէջ գտնուող բուժաշխատողները` առանց որեւէ նախապայմանի: Անգամ հաշուի չ՛առնուիր այն հանգամանքը, որ դէպքերուն սկիզբէն մինչեւ օրս այս բժիշկները անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ցուցաբերած են նաեւ զինեալ խումբի անդամներուն»:

Զանգուածային Անկարգութիւններուն Մասնակցելու
Յանցանքով Մեղադրանք Առաջադրուած Է 12 Անձի

Հայաստանի քննչական կոմիտէի Յատուկ քննչական ծառայութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը շարունակէ 20 յուլիսին տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններու դէպքերուն առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Ձեռնարկուած քննչական գործողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է ձեռք բերել ապացոյցներ, որոնց համաձայն, մեղադրանք կարելի է առաջադրել 5 այլ անձերու եւս` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 2-րդ մասով` զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցիլ, գոյք ոչնչացնել, իշխանութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող ոստիկանութեան աշխատակիցներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրել: Քննիչը որոշում տուած է անոնց նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանաւորումը որդեգրել:

Այս առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Նախնական քննութեան տուեալներով` անկարգութիւններու հետեւանքով տարբեր մարմնական վնասուածքներով բժշկական օգնութիւն ստանալու համար բժշկական հաստատութիւն դիմած է 62 անձ, որոնցմէ 37-ը` ոստիկան, 25-ը` քաղաքացիական անձ: Այսպիսով` 27 յուլիսի դրութեամբ, տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու համար մեղադրանք առաջադրուած է ընդհանուր թիւով 12 անձի: Նախաքննութեան արդիւնքներով կայացուող դատավարական որոշումներուն մասին կը տեղեկացնենք պարբերաբար»:

Զինուած Խումբի Անդամները Պատգամաւորներուն Հետ
Հանդիպելու Ակնկալութիւն Ունին

Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ գտնուող զինուած անձերուն մէջ կայ երկու վիրաւոր: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան: «Ուրիշ վիրաւորներ չկան, մէկ վիրաւորը նախկինէն մնացած է, միւսը նոր է, ունի թեթեւ վնասուածք: Ներսը գտնուող տղաքը կը տիրապետեն իրավիճակին», ըսած է Ալեք Ենիգոմշեան: Ան փոխանցած է պարեկապահակային գունդի տարածքին մէջ գտնուողներուն ակնկալութիւնները:

Առաջինը կը վերաբերի հոն գտնուող բժշկական խումբին կողմէ հերթափոխութեամբ աշխատանք տանելուն:

Ան շեշտած է, որ երկրորդը կը վերաբերի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն. արդարեւ, զինեալները կ՛ակնկալեն, որ պատգամաւորները դիմեն ուժային կառոյցներուն եւ երթան ու հանդիպում ունենան զինեալներուն հետ:

 

Նախորդը

«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Հաւանական Հանդիպումէն Յառաջընթացի Ակնկալիք Ունին» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Յաջորդը

Ակնարկ. Փութին – Էրտողան Հանդիպում. Պարտադրուած Մերձեցում

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?