Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան յայտնած է, որ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ իրաւապահներուն յանձնուած են զինուած խումբի անդամներ Գագիկ Եղիազարեանն ու Արամ Յակոբեանը:
«Տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է իրաւապահներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Պաւել Մանուկեանն ու անոր որդին` Արամը: Երեքն ալ անմիջապէս տեղափոխուած են հիւանդանոց: Այս պահուն հրաձգութիւնը դադրած է եւ տեղի կ՛ունենան բանակցութիւններ` զինուած խումբի անդամներուն յանձնուիլը աւարտին հասցնելու համար», գրած է Աշոտ Ահարոնեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ «Սասնայ ծռեր» ֆէյսպուքեան էջը` մասամբ հաստատելով ոստիկանութեան ներկայացուցիչին հրապարակած տեղեկատուութիւնը: Էջին վրայ նշուած է, որ ոստիկանները մուտք գործած են գունդի տարածք, վիրաւորուած են Պաւել Մանուկեանը, Արամ Մանուկեանը, Գէորգ Իրիցեանը եւ հաւանաբար խումբի այլ անդամներ: «Ոստիկանները առեւանգած են Պաւելը, Արամը, Գագիկ Եղիազարեանը եւ խումբի եւս մէկ անդամ», ըսուած է «Սասնայ ծռեր» ֆէյսպուքեան էջի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Մարդաշատ Երթ Եւ Հաւաք` Երեւանի Մէջ
Երէկ երեկոյեան Երեւանի փողոցներուն մէջ կազմակերպուեցաւ բողոքի երթ` ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռեր» խումբին:
Երթին մասնակցողները համախմբուեցան Խորենացի փողոց, ուր կազմակերպուեցաւ հանրահաւաք:
Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ Պարոյր Հայրիկեան, որ յայտարարեց, թէ պայքարը կրնայ տեւել քանի մը օր, մէկ շաբաթ: Ան կոչ ուղղեց հանրահաւաքի մասնակիցներուն երթալու տուն եւ հաւաքուելու 27 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Հայրիկեանի կոչը դժգոհութեան ալիք բարձրացուց հաւաքուածներուն մէջ: Ալեք Ենիգոմշեան յայտարարեց, որ ատիկա Հայրիկեանի կարծիքն է: Նախաձեռնող խումբին մէջ վէճ սկսաւ:
Իրավիճակը հարթելու համար Ենիգոմշեան ձայն տուաւ քանատահայ դերասան Արսինէ Խանճեանին, որմէ ետք նախաձեռնող խումբը կրկին շարունակեց քննարկումը, ի վերջոյ որոշուեցաւ հանրահաւաքը աւարտել եւ շարունակել 27 յուլիսի երեկոյեան:
Ոստիկաններուն Կրակոցէն Վիրաւորուած
Զինեալներուն Վիճակը` Կայուն
«Սասնայ ծռեր» խմբաւորման կողմէ արդէն տասը օրէ գրաւուած պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի մերձակայքը 25 յուլիսի գիշերը ոստիկաններուն կրակոցներէն իրենց ոտքէն վիրաւորուած են զինուած խմբաւորման երկու անդամներ: Մինչ այդ, զինեալները այրած են 3 ոստիկանական փոխադրամիջոց, որոնց կարգին` փոխադրակառք մը:
Ոստիկանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ինքնաշարժներու հրկիզումէն ետք` կէս գիշերը անց, գունդի տարածքէն դուրս ելած է ոստիկանութեան «Վազ» մակնիշի ինքնաշարժ մը եւ ուղղուած դէպի ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժին` արգելապատնէշ կանգնած ոստիկանական շղթան: Ինքնաշարժը ընդհուպ մօտեցած է շղթային, իրաւապահները անոր ընթացքը կասեցնելու եւ անոր մէջ գտնուող զինուած անձերէն անմիջականօրէն բխող իրական վտանգը կանխելու նպատակով, կրակ բացած են ինքնաշարժի շարժիչին, անուադողերուն ուղղութեամբ: Հրաձգութեան իբրեւ հետեւանք ինքնաշարժին մէջ գտնուող երեք անձերէն երկուքը իրենց ոտքէն վիրաւորուած են եւ նահանջած գունդի տարածք:
Ոստիկանութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրաւապահները անմիջապէս բժշկական օգնութիւն կանչած են եւ առաջարկած վիրաւորները տեղափոխել հիւանդանոց, զինուած խումբի անդամները համաձայն գտնուած են: Ներկայիս երկու վիրաւորներն ալ` Աշոտ Պետրոսեանն ու Յովհաննէս Յարութիւնեանը, կը գտնուին հիւանդանոցը եւ կը ստանան անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն:
26 յուլիսին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ անոնց վիճակը բնական կը նկատուի, անոնք վիրահատութեան ենթարկուած են եւ կը գտնուին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքը:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ երկու վիրաւորներուն համար իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: Անոնք կը մեղադրուին շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրամիջոցներ, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելու, ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, պահելու, փոխադրելու եւ կրելու յանցանքով:
26 յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցած էր, որ զինուած խումբի անդամները, ի հեճուկս նոր յանցանքներ չկատարելու բազմաթիւ յորդորներուն, կը շարունակեն իրաւապահ մարմիններու ծառայողներուն կեանքին եւ առողջութեան դէմ ուղղուած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ գոյքի ոչնչացումը:
Ոստիկանութիւնը Կը Պահանջէ Խորենացի Փողոցի Հաւաքը
Այլ Վայր Փոխադրել
Հայաստանի ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի եւ յարակից տարածքին մէջ տիրող կացութեան մասին` պահանջելով հաւաքները փոխադրել այլ վայր:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 17 յուլիսին կատարուած յարձակման յաջորդ օրէն Երեւանի Խորենացի փողոցի արգելափակուած հատուածին անմիջապէս կից կազմակերպուած են տարաբնոյթ հաւաքներ, որոնց մասին իրազեկ չեն եղած համապատասխան կառոյցները:
«Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, 20 յուլիսի հաւաքի ընթացքին խումբ մը անձեր ակնյայտ յարձակողական նախատրամադրուածութեամբ, իրենց հետ նախապէս բերուած քարերով եւ այլ առարկաներով յարձակած են ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններու վրայ, հարուածներ հասցուցած անոնց, փորձած են խլել յատուկ հանդերձանքը, որուն հետեւանքով տուժած են շուրջ հինգ տասնեակ անձեր: Հայաստանի ոստիկանութիւնը անկարգութիւնները, որոնց շարքին` մարդոց կեանքին եւ առողջութեան սպառնացող վտանգը կանխելու համար հարկադրուած եղած է կիրարկելու յատուկ միջոցներ: Բացի ատկէ, պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ զինուած յարձակման առիթով յարուցուած քրէական գործի շրջագիծին մէջ ձեռք բերուած են յստակ տուեալներ, որ զինուած խումբի անդամները անմիջականօրէն կ՛ուղղորդեն եւ ուղղակի ցուցմունքներ կու տան դուրսը գտնուող մարդոց` կազմակերպելու եւ իրականացնելու քաղաքացիներու կեանքն ու առողջութիւնը վտանգող, ներառեալ խուճապ սփռող եւ բախումներ հրահրող յանցաւոր գործողութիւններ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի ոստիկանութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ 21 յուլիսին ձերբակալուած անձերէն մէկը փորձած է նռնակ բերել Խորենացի փողոցի արգելափակուած հատուած, սակայն անոր յանցաւոր գործողութիւնները խափանուած են մինչեւ նշուած վայր հասնիլը, իսկ 22 յուլիսին ձերբակալուած այլ անձ մը փորձած է պենզինով եւ իւղով լեցուած պայթուցիկներ («Քոքթել Մոլոթով») տեղափոխել նոյն վայրը:
«Առկայ են նաեւ արժանահաւատ տուեալներ, որ շշալցուած պայթուցիկները նախատեսուած են Խորենացի փողոցի ոստիկանական շղթան ճեղքելու, յատուկ գործողութիւններու իրականացման գօտի ներխուժելու եւ զինուած խումբին կողմէ յափշտակուած հրազէնին տիրանալու համար:
Մեկնելով վերոնշեալէն` Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը փաստէ, որ Խորենացի փողոցի արգելափակուած հատուածին մէջ առկայ է լարուածութեան կտրուկ սրման իրական եւ անմիջական վտանգ` անկանխատեսելի հետեւանքներով: Հետեւաբար, հաւաքի մասնակիցներու կեանքին եւ առողջութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական անվտանգութեան սպառնացող վտանգը կարելի չէ կանխել այլ կերպ, քան հաւաքը այլ վայր տեղափոխելու միջոցով:
Ուստի Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը պահանջէ հաւաքի փաստացի ղեկավարներէն` սեղմ ժամկէտի մը ընթացքին հաւաքը տեղափոխել այլ վայր, ուր խաղաղ հաւաքներուն աջակցելու Հայաստանի ոստիկանութեան պարտականութիւններու սահմաններուն մէջ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել հաւաքի մասնակիցներուն անվտանգութիւնը: Հակառակ պարագային ոստիկանութիւնը պիտի չունենայ այլ միջոց, քան օրէնքով սահմանուած կարգով դադրեցնել այդ հաւաքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, զինուած խումբի անդամները յայտարարութիւն հրապարակած էին այն մասին, որ 26 յուլիսին` առաւօտեան ժամը 7:00-ի շուրջ քաղաքացի Արթուր Սարգսեան սնունդով բեռնուած իր անձնական ինքնաշարժով ճեղքած է ոստիկանական պատնէշը եւ հասած պարեկապահակային տարածք:
Երեկոյեան ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն յայտնած են, որ Արթուր Սարգսեան տակաւին դուրս չէ ելած այդ տարածքէն:
«Համախմբում»-ը Կը Միանայ Հաւաքներուն Եւ Երթերուն
Պաշտօնապէս արձանագրուելէ ետք տեղի ունեցած է «Համախմբում» կուսակցութեան վարչութեան առաջին նիստը: Օրակարգին վրայ եղած է մէկ հարց` «Սասնայ ծռեր» խումբին շուրջ եւ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Կուսակցութիւնը որոշած է զօրակցիլ խումբին եւ մասնակից դառնալ հաւաքներուն ու երթերուն:
«Համախմբում»-ի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ժողովին ընթացքին որդեգրուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ կուսակցութիւնը կը հաստատէ իր դիրքորոշումը`
«1. Բացառել խնդիրի լուծման ուժային տարբերակը:
- Անյապաղ լուծել «Սասնայ ծռեր»-ու անդամներու սնունդի, բուժօգնութեան խնդիրները: Ասիկա էապէս կը լիցքաթափէ լարուածութիւնը հասարակութեան մէջ:
- Թոյլ չտալ հասարակութեան եւ ոստիկանութեան միջեւ թշնամանքի զարգացման միտումները: Այդ ուղղութեամբ կատարել անհրաժեշտ քայլեր` ապահովելով խաղաղ ցոյցերու եւ երթերու լիակատար անվտանգութիւնը: Իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում` կ՛առաջարկենք կարճցնել ոստիկանութեան հետ բախումներու ընթացքին ցուցարարներուն դէմ յարուցուած քրէական գործերը:
- Ջանքեր գործադրել` նպատակ ունենալով գտնել հանրութեան համար ընդունելի եւ խաղաղ լուծում: Մենք անգամ մը եւս կ՛արձանագրենք, որ ստեղծուած իրավիճակը արդիւնք է իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան: Ակնյայտ է, որ հանրային լայն պահանջ կայ երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու համար: Կոչ կ՛ուղղենք մեր կուսակիցներուն եւ համակիրներուն ցուցաբերելու քաղաքացիական աշխուժութիւն` մասնակցելով բոլոր տիպի խաղաղ հաւաքներուն եւ ձեռնարկներուն»:
Չուգասզեան Ընդյատակէն Կը Զգուշացնէ
Իշխանութիւնները
Հիմնադիր խորհրդարանի նախագահ, «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման կողմէ պարեկապահակային գունդի տարածքը գրաւելէ ետք ընդյատակ անցած Գարեգին Չուգասզեան խախտած է 10 օրուան լռութիւնը եւ լրագրող Վարդ Սիմոնեանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին զգուշացուցած է իշխանութիւնները, որ խնդիրին ուժային լուծման պարագային Հայաստանի մէջ այլեւս կարելի չէ անցնցում իշխանափոխութեան կատարելու տարբերակը գործադրել: Այս մասին գրած է լրագրող Յովհաննէս Մովսիսեան:
«Լիազօրուած եմ զգուշացնելու երկրի այսօրուան կառավարիչները, որ եթէ յարձակում ըլլայ, ապա անիկա նոր անպատիժ «Մարտի 1»-ով պիտի չաւարտի, եւ պայքարը պիտի չդադրի: Իշխանութիւններուն համար անցնցում հեռացման կարելիութիւններու պատուհանը վերջնականապէս կը փակուի, եւ իրենք ստիպուած պիտի ըլլան գործ ունենալ համազգային ամէնօրեայ պայքարի այլ տրամաբանութեան հետ, որ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման ազատագրական պայքարին նմանութեամբ պիտի ըլլայ®», յայտարարած է Չուգասզեան, որուն կը հետախուզեն` նախորդ տարի յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ:
Ժիրայր Սեֆիլեանէն ետք Հիմնադիր խորհրդարանի փաստացի ղեկավարը շեշտած է, որ բանակցութիւններուն կը մասնակցին «Սասնայ ծռեր»-ու անդամները, բայց, իր կարծիքով, կան քաղաքական փոփոխութիւններու երկու` անցնցում եւ ցնցումային տարբերակներ եւ անկէ բխող փոխզիջումներ:
Ան շեշտած է, որ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամները կը ստանձնեն ոստիկանութեան ուժային կարողութիւններու ժամանակաւոր չէզոքացումը եւ բացառիկ կարելիութիւն կը ստեղծեն ժողովուրդի լայնածաւալ զօրաշարժով եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններով երկրին մէջ սահմանադրական կարգ հաստատելու համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ երաշխիքներ կան, որ զինուած խումբի անդամները պիտի չզոհուին` Չուգասզեան հաստատած է, որ կայ մէկ երաշխիք` ատիկա ժողովուրդին համախմբումն է եւ կայանալիք անհնազանդութեան շարժումները:
Վանաձորցիներու Երթ` Ի Պաշտպանութիւն
«Սասնայ Ծռեր» Խումբին
Ի պաշտպանութիւն պարեկապահակային գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց, Վանաձորի կեդրոնական հրապարակին վրայ արդէն երկրորդ օրն է, որ կը համախմբուին խումբ մը վանաձորցիներ` իրազեկման երթ կատարելու, անոնք նաեւ կոչ ուղղած են շրջանի բնակիչներուն` միանալու իրենց: Այս մասին կը գրէ Նարէ Ստեփանեան:
Հիմնադիր խորհրդարանի աջակիցներէն Ժաննա Ժամհարեան յայտարարած է, որ ամէն օր երեկոյեան ժամը եօթնին յստակ օրակարգով պիտի հաւաքուին Վանաձորի կեդրոնական հրապարակը, պիտի քննարկեն օրուան իրադարձութիւնները եւ ըստ այդմ որոշեն յառաջիկայի քայլերը:
Հիմնադիր խորհրդարանի Լոռիի մարզային գրասենեակը ղեկավարող Ռազմիկ Էւոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Երեւանի մէջ իրավիճակի սրման պարագային իրենք կը պատրաստուին անհնազանդութեան շարժումներու դիմելու: