Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` 12-րդ Տարին Ըլլալով «Դէպի Երկիր» Գործուղումը Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

July 30, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zom-1_72916

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումը այս տարի յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով ընթացք առաւ Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Բերձոր շրջաններուն մէջ` խորագիր ունենալով յաջորդաբար «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է»: Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ աշխատանքները սկսած են արդէն, եւ շրջաններուն մէջ կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն: Ճամբարները ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, որ կը բաղկանայ պատմական, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ առողջապահական բնոյթի աշխատանքներէ:

zom-2_72916

Կոտայքի մարզի Չարենցաւան գիւղին մէջ մասնակցող պատանիներուն թիւը 215 է: Երեք խումբի բաժնուած են անոնք, իսկ խումբերը կը կրեն Դաշնակցութեան հիմնադիրներու անունները` «Քրիստափոր», «Ռոստոմ» եւ «Սիմոն Զաւարեան»: Պատանիները չափազանց ուրախ ու խանդավառ են ճամբարով եւ ԶՈՄ-ական ընկերներու ներկայութեամբ: ԶՈՄ-ական ընկերներուն կողքին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի երիտասարդական միութենէն անդամներ` ներկայացումներու եւ այլ աշխատանքներու ընդմէջէն:

Գառնի քաղաքին մէջ մասնակցող պատանիներուն թիւը երէկ հասաւ 190-ի: Պատանիները բաժնուած են հինգ խմբակներու, անուանուած` արցախեան նահատակներու անուններով` «Ատոմ Աբրահամեան», «Պօղոս Կարապետեան», «Արտակ Մելքոնեան», «Պաղտասար Ալոյեան» եւ «Արսէն Աբէլեան»: Մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ քաղաքին մէջ, իսկ օրէ օր պատանիներուն թիւը կ՛աւելնայ: Գառնիի մէջ ալ ԶՈՄ-ական ընկերներուն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի երիտասարդական միութենէն անդամներ:

zom-3_72916

Միւս կողմէ, Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ, «Քաշաթաղը իմ տունն է» խորագիրով ընթացք առած է ճամբար մը Բերձորի մէջ:

Բերձորի ճամբարին կը մասնակցին 120 պատանիներ: Պատանիները բաժնուած են երեք խումբերու` «Քրիստափոր», «Ստեփան Զօրեան» եւ «Սիմոն Զաւարեան»: Ծրագիրը կ՛ընթանայ ինչպէս նախատեսուած էր` պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, երգ, պար, խաղեր: Գիւղին մթնոլորտը շատ խրախուսիչ է, իսկ գիւղացիները շատ խանդավառ եւ ուրախ են ԶՈՄ-ականներու ներկայութեամբ:

Այս ճամբարները պիտի շարունակուին մինչեւ 5 օգոստոս:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հնդկաստանի Մէջ Շէնքի Մը Փլուզման Պատճառով Արձանագրուած Է 9 Զոհ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.