Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առնչութեամբ Եգիպտոսի Խորհրդարանէն Դրական Նշաններ Կու Գան» Կ՛ըսէ Արմէն Մազլումեան

Յուլիս 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Egyptian-parliament_72916

Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչութեամբ Եգիպտոսի խորհրդարանէն դրական նշաններ կու գան:

«Տարիներէ ի վեր մեր կողմէ աշխատանք կը տարուի, Հայոց ցեղասպանութեան իրական պատկերը կը ներկայացնենք հասարակութեան տարբեր շրջանակներուն` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ գիտական: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետ կապուած, ընդհանուր առմամբ, դրական տրամադրութիւն կայ, ներառեալ` երեսփոխաններու շրջանակին մէջ: Ատոր ալ գումարած քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ կան, որովհետեւ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները դժուար ժամանակներ կ՛ապրին», ըսած է Արմէն Մազլումեան` ընդգծելով, որ ներկայիս Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման հաւանականութիւնը մեծ է:

Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի մէջ թրքական լոպիի աշխատանքին, ապա Արմէն Մազլումեան նշեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառով լոպիի աշխատանքը բաւական կրաւորական դարձած է: Արմէն Մազլումեան յիշեցուցած է, որ Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը վտարուած է:

Յայտնենք, որ Եգիպտոսի խորհրդարան ներկայացուած է բանաձեւ մը, որ 1915-1922 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած կոտորածները կ՛որակէ ցեղասպանութիւն:

Բանաձեւի խորհրդարանի նիստի օրակարգ մտնելուն համար արդէն հաւաքուած է երեսփոխաններու անհրաժեշտ թիւի ստորագրութիւն:

Եգիպտոսի խորհրդարանը բաղկացած է 596 երեսփոխաններէ, իսկ բանաձեւին տակ ստորագրած են 337 երեսփոխաններ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Տակաւին Կը Մերժեն Հանդիպիլ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Տարածքային Զարգացման Ռազմավարութեամբ Կը Նախատեսուի Մարզերուն Մէջ Ստեղծել 50-60 Հազար Նոր Աշխատատեղեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?