Խորենացի Փողոցէն Երթ. Փոխադրամիջոցի Հրկիզում
Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին յարակից տարածքէն` Խորենացի փողոցէն 25 յուլիսի երեկոյեան սկսած հերթական հաւաքը շարունակուեցաւ երթով: Հանրահաւաքի երթուղիին մասին յայտարարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Երթին մասնակիցները շարժեցան Նար Դոսի, Վարդանանց փողոցով դէպի Սախարովի անուան հրապարակ, հոնկէ թեքեցան աջ` դէպի Նալբանդեան փողոց, այնուհետեւ Նալբանդեան-Թումանեան քառուղիէն մասնակիցները ընթացան դէպի Աբովեան փողոց, ապա` Հանրապետութեան հրապարակ: Հանրապետութեան հրապարակէն, Տիգրան Մեծի փողոցով, երթին մասնակիցները կրկին վերադարձան Խորենացի փողոց:
Երթին նախորդած հաւաքին ընթացքին Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան նշեց, որ օրուան ընթացքին կրցած են հաղորդակցիլ զինեալ խումբի անդամներուն հետ` աւելցնելով, որ մինչեւ հաւաքի սկիզբը որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած, եւ փոփոխութիւններ չկան: Ենիգոմշեանի համաձայն, որեւէ փոփոխութիւն չկայ նաեւ իշխանութիւններուն եւ զինուած խումբին միջեւ բանակցութիւններու առումով, հակառակ անոր որ բանակցողի դերը, Արցախի հերոս, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեանի փոխարէն, ստանձնած է «Սիսիան»-ի ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեան:
Մինչ այդ, պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ երրորդ փոխադրամիջոց մը հրկիզուեցաւ: Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան: Աւելի կանուխ Աշոտ Ահարոնեան յայտնած էր, որ զինուած խումբը հրկիզած է նաեւ գունդի ծառայողական «Շեւրոլէ» տիպի պասը:
«Սասնայ Ծռերը» Քաղաքացիական
Անհնազանդութեան Շարժումի Կը Սկսի
«Սասնայ ծռեր» համակարգող խումբի անդամ, քաղաքագէտ Ալպերթ Բաղդասարեան 25 յուլիսին Խորենացի փողոցին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ «Սասնայ ծռեր»-ուն պայքարը պիտի վերածուի քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժման:
Անոնք պիտի օգտագործեն սահմանադրութեան շնորհած բոլոր իրաւունքները: «Խաղաղ երթեր, ցոյցեր, նստացոյցեր, քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ անհնազանդութեան գործողութիւններ պիտի կատարուին, պետական պաշտօնեաներէն պատասխան պահանջելն է, փողոցները փակելը, բոլոր քայլերը, որոնք իշխանութիւնը կը ստիպեն գալ քաղաքացիական դաշտ եւ քաղաքական լուծումներ տալ այն խնդիրներուն, որոնք ոչ թէ «Սասնայ ծռեր»-ուն պահանջն են, այլ բոլոր քաղաքացիներուն, կամ գոնէ քաղաքացիներուն` իշխանութենէն չօգտուողներուն պահանջը: Տղաները ուղղակի այդ պահանջը ամփոփած են եւ այս ցցուն քայլով ցոյց տուած են, որ այլ ելք չկայ, կը դիմենք ասոր», ըսած է Ալպերթ Բաղդասարեան:
Ոստիկանութիւնը Հրապարակեց Զինեալ Խումբի
31 Անդամներուն Անունները
Հայաստանի ոստիկանութիւնը 24 յուլիսին` «Կիրակնօրեայ հերթապահ մաս» հաղորդման ընթացքին հրապարակած է 17 յուլիսին պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբի 31 անդամներուն անունները:
Գրաւող զինեալներն են` Պաւել Մանուկեան, Տիգրան Մանուկեան, Արամ Յակոբեան, Արմէն Լամբարեան, Գագիկ Եղիազարեան, Արեգ Կիւրեղեան, Սմբատ Բարսեղեան, Էդուարդ Գրիգորեան, Արմէն Բիլեան, Վարուժան Աւետիսեան, Աշոտ Պետրոսեան, Թորոս Թորոսեան, Մխիթար Աւետիսեան, Թաթուլ Թամրազեան, Վարդան Գերաւետեան, Գէորգ Իրիցեան, Սեդրակ Նազարեան, Մարտիրոս Յակոբեան, Արթուր Սողոմոնեան, Արայիկ Խանդոյեան, Սերկէյ Կիւրեղեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան, Յովհաննէս Վարդանեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Արայիկ Յակոբեան, Գէորգ Մելքոնեան, Գառնիկ Յովակիմեան, Արթուր Մելքոնեան, Էդգար Սողոմոնեան, Արամ Մանուկեան եւ Տիգրան Սարգսեան:
Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան 25 յուլիսին Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կոչը` ուղղուած զինեալներուն: Ան նշած է, որ այդ կոչը հասանելի եղած է զինուած խումբի անդամներուն:
Կոչին մէջ նշուած է, որ 17 յուլիսի գործողութեան ընթացքին կատարուած են առնուազն հետեւեալ յանցանքները` վերցուած են պատանդներ, գրաւուած են շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութեան, հաղորդակցութեան միջոցներ, ապօրինի կերպով ձեռք բերուած է, պահուած եւ փոխադրուած զինամթերք: Այս յանցանքները կատարած անձերուն համար նախատեսուած է մինչեւ 15 տարի ժամկէտով բանտարկութիւն: Արդէն իսկ կատարուած յանցաւոր գործողութիւններուն համար անխուսափելիօրէն վրայ հասնելիք քրէական պատիժին տեսակին եւ խստութեան աստիճանին վրայ էապէս պիտի ազդեն զինուած խումբի իւրաքանչիւր անդամի կատարած գործողութիւններուն բնոյթը եւ յառաջացած հետեւանքներուն ծանրութիւնը:
Ըստ կոչին, Հայաստանի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած հիմքերուն եւ պայմաններուն առկայութեան պարագային իր պահանջներէն հրաժարած եւ պատանդը կամովին ազատ արձակած անձը ազատ կը կացուցուի քրէական պատասխանատուութենէն, եթէ անոր գործողութիւնները այլ յանցանք չեն պարունակեր:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զինուած խումբի անդամներուն յորդորած է դրսեւորել ողջմտութիւն եւ, հաշուի առնելով վերոնշեալ հանգամանքները, կամովին վար դնել զէնքը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: «Ասոր համար դուք դեռ ժամանակ ունիք: Այս առաջարկը ընդունողները պէտք է կատարեն հետեւեալ գործողութիւնները` դուրս գան անցագրային կէտէն, զէնքը պահեն գլուխէն վեր եւ թեքելով աջ, յառաջանան մօտ 50 մեթր, շինանիւթի խանութի յարակից տարածքին մէջ տեղադրուած հովանոցներուն մօտ վար դնեն բոլոր զէնքերը, ճամբու կեդրոնական մասով առանձին-առանձին մօտենան ոստիկանութեան ծառայողներուն», նշուած է կոչին մէջ:
Պաշտպան. «Սեֆիլեան Յայտարարած Է, Որ Բալասանեանը Կը Ստէ»
Բանտը գտնուող Հիմնադիր խորհրդարանի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեան իր պաշտպան Արա Զաքարեանի միջոցով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ զինուած խումբին հետ բանակցող Լեռնային Ղարաբաղի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեանը կը ստէ:
Զաքարեան փոխանցեց, որ այսօր տեսակցած է Սեֆիլեանին հետ, որ ցնցուած էր կարգ մը յայտարարութիւններով, որոնք իր անունով կատարուած էին: Մասնաւորապէս, Վիթալի Բալասանեանի յայտարարութիւններուն հետ կապուած, Սեֆիլեան նշած է հետեւեալը` ան երկու անգամ կապուած է Բալասանեանի հետ եւ այնպիսի տպաւորութիւն ստացած է, որ Բալասանեան ոչ թէ միջնորդի առաքելութիւն կ՛իրականացնէ, այլ «փաստացի ստանձնած է Սերժ Սարգսեանի պաշտպանութիւնը»:
Գարեգին Չուգասզեանը Գտնելու Աշխատանք Կը Տարուի
Հիմնադիր խորհրդարանի նախագահ Գարեգին Չուգասզեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, հետախուզում կը կատարուի: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը հաստատած է Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահի բանբեր Սոնա Տռուզեանը:
Չուգասզեանը, յիշեցնենք, իրենց շարժման միւս ղեկավարներուն հետ ձերբակալուած էր նախորդ տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ զանգուածային անկարգութիւններու նախապատրաստման մեղադրանքով, օրեր անց անոնց խափանման միջոցը փոխարինուած էր չհեռանալու ստորագրութեամբ:
Տուեալ գործով շարունակուող նախաքննութեան ընթացքին, ըստ Քննչական կոմիտէի, անհրաժեշտութիւն ծագած է Գարեգին Չուգասզեանի եւ այլ անձերու մասնակցութեամբ քննչական գործողութիւններ կատարելու, անոնց ուղարկուած են ծանուցագիրներ, բայց Չուգասզեան չէ ներկայացած: Պարզուած է նաեւ, որ ան փոխած է բնակութեան վայրը` առանց պատշաճ կերպով տեղեկացնելու նախաքննական մարմինը: Այդ իսկ պատճառով, դատարանը որոշած է Չուգասզեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրել կալանաւորումը:
17 յուլիսին զինուած խումբին կողմէ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւելէ ետք անհետացած Գարեգին Չուգասզեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզութիւն:
Միւս կողմէ, Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Սիւզան Սիմոնեան Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակին յայտնած է, որ ոստիկանները զինք կը փնտռեն, ուստի ան դիմած է իրաւական աջակցութիւն ստանալու նպատակով:
Այս տեղեկութիւնը փոխանցած են Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակի հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
«Այն հեռաձայնի թիւը, որով կարելի էր կապ հաստատել Սիւզան Սիմոնեանի հետ, ցաւօք, այլեւս անհասանելի է, եւ տեղեակ չենք անոր գտնուելու վայրին մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել փաստաբանին կողմէ անոր իրաւական աջակցութեան տրամադրումը», յայտնած են գրասենեակէն:
Գործիչ Անի Նաւասարդեան Ազատ Արձակուեցաւ
25 յուլիսին գործիչ Անի Նաւասարդեան ազատ արձակուած է: Ան ձերբակալուած էր շաբաթ օր` «զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու» կասկածով:
20 յուլիսին ան կը ղեկավարէր Խորենացի փողոցի հանրահաւաքը, որուն ընթացքին բախում տեղի ունեցաւ ոստիկաններուն ու ցուցարարներուն միջեւ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գործիչը յայտնած էր, որ ամէն ինչ կ՛ընէր, որպէսզի բախումը տեղի չունենար:
Քննչական կոմիտէին հաղորդումով, 20 յուլիսին զանգուածային անկարգութիւններու դէպքերուն առիթով յարուցուած քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է 6 անձերու: