Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Տեսակցի Հայերու Պաշտպան Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հետ

Դեկտեմբեր 2, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի, Սուրիա այցելեց և հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ բարձրաստիճան դէմքերու հետ, որոնց կարգին` Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ խորհրդարանի անդամներուն հետ, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ վերականգնման այս փուլին եւ տիրող իրավիճակին: Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ կոչ ուղղեց պատուիրակութեան անդամներուն` Սուրիոյ իսկական պատկերը փոխանցելու, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Սուրիոյ մէջ վերահաստատումն ու ապահովութիւնը:

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս իր ուրախութիւնը յայտնեց կրկին Սուրիա այցելելուն համար` ցաւ յայտնելով տեսած աւերին: Ան բարձր գնահատեց սուրիացի ժողովուրդին պայքարը, դիմադրողականութիւնը ահաբեկչութեան դէմ եւ կայունութեան ձգտումը: «Դուք առաջին գիծի վրայ կանգնած պաշտպանողները եղաք` յանուն ընդհանուր ազատութեան եւ հաւատքի, ազատութիւն` տարածաշրջանին եւ աշխարհին մէջ, ձեր արեամբ սուղ գին վճարեցիք», ըսաւ Քոքս` յատուկ կերպով ընդգծելով աշխարհի մէջ սուրիական քաղաքակրթութեան ունեցած ներդրումն ու դերակատարութիւնը:

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամները պատուիրակութեան ճամբով որոշ ուղերձներ յղեցին Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին եւ կառավարութեան:

Իր կարգին երեսփոխան Նորա Արիսեան ողջունեց պարոնուհի Քարոլայն Քոքսին ու պատուիրակութեան այցելութիւնը, եւ յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց Քոքսի` հայերուն ու հայկական հարցին զօրավիգ կանգնելուն համար` պարոնուհին նկատելով Հայ դատի ամէնէն ուժեղ պաշտպաններէն մէկը: Այս առիթով ալ կոչ ուղղեց` նոյնպէս Սուրիոյ զօրավիգ եւ նեցուկ կանգնելու:

Երեսփոխան Արիսեան յայտնեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ իր ներկայութիւնը` իբրեւ  արաբական երկիրներու խորհրդարաններու մէջ առաջին հայուհին, մեծ ապացոյց է Սուրիոյ մէջ սահմանադրութեան համաձայն բազմազանութեան կիրարկման:

Ն. Արիսեան պարոնուհի Քոքսի միջոցով Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին փոխանցեց ուղերձ մը, որ սուրիական ընկերութիւնը ներդաշնակ ու համերաշխ ընկերութիւն մըն է, որ կը հաւատայ մշակութային բազմազանութեան, նշելով թէ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին մեծ թիւով եկեղեցիներ ու դպրոցներ քանդուեցան, սակայն վերականգնման աշխատանքներ կը կատարուին:

Նախորդը

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ». Արցախեան Արտադրութիւններու Ցուցահանդէս-Վաճառքի Բացում

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 7 Դիմումի Ընդառաջում Նոյեմբերին Եօթնամսեայ Հաշուեկշիռ` 159 Պարագայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?