Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ». Արցախեան Արտադրութիւններու Ցուցահանդէս-Վաճառքի Բացում

Դեկտեմբեր 2, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին, երէկ` ուրբաթ, 1 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան տօնավաճառի` արցախեան արտադրութիւններու եւ ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին անունով խօսք  առաւ Մարալ Մահսէրէճեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան շարժման առաջին իսկ օրէն այդ շարժումին բերած է ո՛չ միայն իր նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը, այլեւ` գոյապայքարի զոհասեղանին նուիրաբերած է իր լաւագոյն զաւակները: «Այնքան ատեն որ տակաւին չէ աւարտած գոյապայքարը եւ Արցախը կարիք ունի մեր նեցուկին, մենք նոյն գիտակցութեամբ ու նուիրումով կը շարունակենք մեր գործնական զօրակցութիւնը», հաստատեց Մ. Մահսէրէճեան` աւելցնելով, որ «Արցախ Ֆոնտ»-ը պարտք կը զգայ նման առիթներու ընթացքին տարեկան հաշուետուութիւն ներկայացնելու իր ժողովուրդին: Ան նաեւ ներկայացուց Արցախի պետութեան հետ համախորհուրդ «Արցախ Ֆոնտ»-ի ծաւալած գործունէութեան ընդհանուր պատկերը. ա) «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ քաջալերել եւ աշխուժացնել ազատագրուած տարածքներուն վրայ նոր հաստատուած կեանքը, բ) «Արցախեան մշակոյթի օրեր» նախաձեռնութիւնը, որ կը քաջալերէ արցախեան մշակոյթը` մշակութային կամուրջ հաստատելով Լիբանանի ու Արցախի միջեւ, գ) «Գոյք Արցախի դպրոցներին» ծրագիրը, որուն ընդմէջէն լիբանանահայ աշակերտներ իրենց ներդրումը կը բերեն Արցախի ազատագրուած տարածքներու նորակառոյց դպրոցներու կահաւորումին կամ համակարգչային դասարանով օժտումին, դ) «ԱՍՊԵՏ» մարզահայրենասիրական ճամբարը, որուն ամէն տարի կը մասնակցին լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու բարձր դասարաններու աշակերտներ, ե) «Կիներու համագործակցական»-ը, որ կը միտի շրջանի բնակիչները ինքնաբաւ դարձնել` քաջալերելով անոնց անձնական նախաձեռնութիւնները:

Եզրափակելով իր խօսքը` Մարալ Մահսէրէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին տօնավաճառի իրականացման եւ յաջողութեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ սոյն տօնավաճառը մեր կեանքին մէջ իրագործում մը կատարելու նպատակով կը կազմակերպուի, որպէսզի մենք անոր ընդմէջէն վերանորոգենք մեր գիտակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը Արցախի նկատմամբ: Ան ըսաւ, թէ երբ արցախցին տեսնէ, որ սփիւռքը իր կողքին է բոլոր առիթներով, ինքզինք աւելի ամուր զգալով իր կեանքը կը զարգացնէ իրեն հետ զարգացնելով նաեւ հայրենի աշխարհը` աւելցնելով, որ երբ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Հայաստան, մեր ինքնութեան մէջ աւելի կ՛ամրանանք:

«Հայրենաշինութեան գործին մէջ կը շարունակենք մեր ներդրումով մասնակցութիւն բերել` քաջ գիտնալով, որ հայրենիքը հաւասարապէս կը պատկանի նաեւ մեզի», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը յորդորեց ներկաները քաջալերելու տօնավաճառը եւ իրենց տուները լեցնելու արցախեան արտադրութիւններով, որովհետեւ այդ արարքով նեցուկ կանգնած կ՛ըլլան արցախցիին եւ մեր ինքնութեան պահպանման սրբազան գործին:

Այնուհետեւ Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» բանաստեղծութիւնը: Յայտնենք, որ այս տարի Շուշիի մէջ տեղի ունեցած էր ասմունքի մրցանք մը. Լիբանանէն Հրակ Մամիկոնեան գրաւած էր մրցանքին առաջին դիրքը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Արցախի նուիրուած ձեռնարկները` մշակութային, մարզական, կամ այլ բնոյթի, միշտ անհրաժեշտ ու պահանջուած են, նաեւ բոլորին կողմէ աջակցութեան կարիքը ունին, որովհետեւ անոնք կը նպաստեն Արցախի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ գոյատեւման: «Արցախով կը սկսի մեր անվտանգութիւնը եւ Արցախով կ՛աւարտի մեր համահայկական ընդհանուր ձգտումներու իրականացումը», եզրափակեց դեսպանը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին տօնավաճառի յաջողութեան, որ պիտի ծառայէ իր նպատակին եւ նպաստէ Արցախի բարգաւաճման, ամրապնդման, նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան հայապահպանման գործին:

Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան սրահին մէջ, ուր ցուցադրուած էին տօնական ոգելից ըմպելիներ, արցախեան անուշեղէններ եւ ուտելիքներ, մեղր, բնական բոյսերով եւ իւղերով պատրաստուած օճառներ, մետաքսեայ փողկապներ, ձեռագործներ, ձեռային աշխատանքներ եւ այլն:

Ցուցահանդէսը բաց է այսօր` շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ. Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

Սուրիոյ Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Տեսակցի Հայերու Պաշտպան Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?