Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 3-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (58-50)
Կիրակի, 1 հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Պէյրութի խումբերուն միջեւ: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցաշարքը եղաւ իւրայատուկ, այն իմաստով, որ մրցումներուն ընթացքին դաշտին վրայ մրցող երկու կազմերուն համակիրները ներկայ եղան թրիպիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբը իր առաւելագոյնը կատարեց յաջողցնելու համար այս մրցաշարքը: Պէտք...




















