«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան ներկայացուց «Քրտական գործօնը` շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն լոյսին տակ» նիւթով դասախօսութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պետօ Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, որ Վիգէն Չթըրեան Լիբանան կը գտնուի ներկայացնելու համար իր հեղինակած «Բաց վէրքեր. հայեր, թուրքեր եւ դար մը Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը, որ հրատարակուած է «Ռիատ Ռայէս» հրատարակչատան կողմէ: Վիգէն Չթըրեան հեղինակած է նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք տեղի ունեցած գունաւոր յեղափոխութիւններու մասին գիրք մը, ինչպէս նաեւ Կովկասի` Ռուսիոյ անմիջական դրացնութեամբ գտնուող տագնապներուն մասին` Չեչենիա, Աբխազիա, Լեռնային Ղարաբաղ: Վիգէն Չթըրեան յօդուածներ կը հրապարակէ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս»-ին մէջ, ուր ան իր վերջին յօդուածը նուիրած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին լիբանանահայութեան որդեգրած «դրական չէզոքութեան» քաղաքականութեան եւ Սուրիոյ մէջ այդ նոյն քաղաքականութեան անկարելիութեան: Պետօ Տեմիրճեան ըսաւ, որ ան պիտի խօսի քրտական գործօնի ազդեցութեան, հիւսիսային Իրաքի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին եւ անոր յաջորդած յուսախաբութեան մասին: Անգամ մը եւս կը թուի, թէ Արեւմուտքը լքած է քիւրտերը իրենց բախտին: Վիգէն Չթըրեան պիտի խօսի նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներուն եւ Իրան – Սէուտական Արաբիա տագնապին մասին:
Ելոյթ ունեցաւ լրագրող, քաղաքական մեկնաբան, հեղինակ, Ուեպսթըր համալսարանի Ժընեւի մասնաճիւղի եւ Ժընեւի համալսարանի դասախօս դոկտ. Վիգէն Չթըրեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2011-էն ի վեր ամբողջ շրջանը շատ արագ զարգացման առջեւ է, ինչ որ պատահեցաւ քիւրտերուն հետ ցոյց կու տայ, որ այսօր կարելի է շատ արագ շահիլ եւ շատ արագ կորսնցնել. շրջանը իր հաւասարակշռութիւնը չէ գտած: Ազգային պետութիւնները, որոնք Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ստեղծուեցան շրջանին մէջ, 2011-ը ցոյց տուաւ, որ այդ ձեւակերպումը այսօր չի կրնար ինքզինք ներկայացնել եւ շարունակուիլ, բայց ատոր փոխարէն շրջանը չունի նոր ուժեր, որպէսզի ստեղծուին նոր վարչակազմեր այս տարածքը ապահովելու համար, այնպէս որ քրտական գործօնը եւ ամբողջ տարածքի զարգացումները ցոյց կու տան, որ տակաւին պիտի շարունակուին պայքարները, ուր կարգ մը ուժեր կրնան շահիլ եւ վնասել, բոլորը կապուած են այն իրականութեան հետ, թէ որքա՛ն այդ շարժումներուն ղեկավարութիւնը կը կարենայ իսկապէս գնահատել ուժերու հաւասարակշռութիւնը: Վ. Չթըրեան դիտել տուաւ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մեսուտ Պարզանին շատ արագ հասկցաւ, որ մեծ սխալ ըրաւ: Ինք չէր կրնար այդ խաղը խաղալ իր ուժերով, ինք վստահեցաւ ամերիկեան ուժերուն եւ ամերիկացիները ըսին, որ այդ ծրագիրին մէջ իրենց հետ չեն: Ինք կրնար աւելի զգուշ վարուիլ ամերիկեան պատգամին հետ: Այլ հարցով` Վ. Չթըրեան մատնանշեց, թէ ՏԱՀԵՇ-ը ինչքա՛ն արագ դուրս եկաւ: 2014-ի աշնան մէկը չէր գիտեր, թէ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակման ուժը մինչեւ ո՛ւր պիտի հասնի, ո՛ւր պիտի կանգնի, եւ Արաբ Բունարի առջեւ մեծ մասամբ քիւրտերու, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ ամերիկեան օդուժի ուժեղ հարուածներուն շնորհիւ այդ ալիքը կասեցուեցաւ եւ արագ փլուզման ենթարկուեցաւ:
Ան անդրադարձաւ շրջանին մէջ ուրիշ երեւոյթներու, որոնք յայտնի չեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի զարգանան, օրինակ` քրտական տուեալը մինչեւ հիմա կը վերլուծենք ազգային տուեալով, բայց չենք գիտեր շրջանի յարանուանական պայքարը, որ տեղի կ՛ունենայ սիւննիներուն եւ շիիներուն միջեւ, որքան պիտի ազդէ քիւրտերուն վրայ: Այս հարցին շուրջ շատ տուեալներ առաջ չեն քաշուած: Զարգացումները ինչպէ՞ս պիտի ձեւաւորուին ապագային, չենք գիտեր: Այս սիւննի-շիի պայքարը ինչպէ՞ս պիտի արտացոլայ Իրանի եւ քիւրտերուն միջեւ: Ասոնք տակաւին բաց հարցումներ են:
Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան ըսաւ, որ երկրորդ կարեւոր հարցումը, որուն պատասխան չունինք, Սէուտական Արաբիոյ մէջ պատահածին մասին է: Տեսանք, որ Լիբանանի վարչապետը շատ տարօրինակ ձեւով իր հրաժարականը ներկայացուց, 24 ժամ ետք Սէուտական Արաբիոյ վերնախաւին կարեւոր մասը ձերբակալուեցաւ: Սէուտական Արաբիան դարձեալ նոր զարգացումներու առջեւ է: Մոհամետ Պըն Սալման գահաժառանգ իշխանը կը մտածէ իր երկրին մասին` խորհելով, որ այս ձեւով երկիրը չի կրնար շարունակել, պէտք է քաղաքական եւ տնտեսական փոփոխութիւններ տեղի ունենան. արդեօք ինք պիտի կարենա՞յ այդ փոփոխութիւնները իր ղեկավարութեան տակ պահել, թէ՞ պիտի զարգացնէ ուժեր, որոնց վրայ պիտի չկարենայ իր վերահսկողութիւնը պահել:
Երրորդ մեծ հարցը Թուրքիոյ զարգացումներն են: Թուրքիոյ մէջ բոլոր լծակները կեդրոնացած են մարդու մը ձեռքին մէջ. Աթաթուրքէն ետք Թուրքիան այդ իրականութեան չէր հասած. էրտողան ունի շատ մեծ թիւով թշնամիներ թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ երկրէն դուրս: Իր երկրին մէջ ինք թշնամացուցած է ազատական, ձախակողմեան, քրտական եւ իսլամական կարեւոր ուժեր, իր նախկին դաշնակիցը այսօր իր ամէնէն կարեւոր թշնամին է, առաւել` իր բանակները երկու արտաքին պայքարներու մէջ մխրճուած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Թուրքիա իր հին գործընկերներուն, մանաւանդ Եւրոպայի դէմ պայքարի մէջ է: Եթէ եւրոպացիք եւ ամերիկացիք ուզեն գորգը վերցնել Էրտողանի ոտքին տակէն, կրնան ընել: Էրտողանի ժողովրդականութիւնը եկած է այն բանէն, որ երբ ան իշխանութեան հասաւ, կրցաւ թրքական ցած եւ միջին խաւերու նիւթական պայմանները բարելաւել:
Վ. Չթըրեան նշեց, որ թրքական տնտեսութիւնը շատ լաւ վիճակի մէջ չէ, այդ հիմքերը, որոնց վրայ Էրտողանը իր ժողովրդականութիւնը ստեղծած է, այսօր սկսած են փոշիանալ: Թէ մինչեւ ո՞ւր էրտողան կրնայ զանազան ճակատամարտներ շարունակել վարել եւ մնալ իշխանութեան վրայ, հարցական է: