Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Ոստիկանուհիներու Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւնը

Նոյեմբեր 28, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, երէկ` երկուշաբթի, 27 նոյեմբեր 2017-ին, «Մասթըր Մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի ոստիկանուհիներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ռոմի Եուսեֆ: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Պուրճ Համուտը առաջին քաղաքապետութիւնն էր, որ քաջալերեց կիներու ներկայութիւնը քաղաքապետարանի ոստիկանութեան մէջ: Այսօր մօտաւորապէս 40 կին ոստիկաններ ունի քաղաքապետարանը: Ան նշեց, որ ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնակատարին, քանատական եւ հոլանտական դեսպանատուներուն ներդրումով, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, տեղահանուածներու շրջանային պաշտպանութեան եւ Լիբանանի մէջ հիւրընկալ ընկերութիւններու հովանաւորութեամբ: Ցուցահանդէսին նպատակը լուսարձակի տակ առնելն է ոստիկանուհիներու դերը եւ անոնց մասնակցութիւնը ապահովական աշխատանքներուն մէջ:

Խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ ալ հաւատացած է սեռերուն միջեւ հաւասարութեան: Ան երբեք խտրութիւն չէ դրած իգական եւ արական սեռերուն միջեւ: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայերը ապրելով Պուրճ Համուտի մէջ ճահիճը վերածած են գեղեցիկ քաղաքի: Պուրճ Համուտը հպարտ է, որ ինք տարբեր ասպարէզներու մէջ, կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն մէջ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ:

Պօղոսեան ըսաւ, թէ Պուրճ Համուտի մէջ մենք հպարտ ենք մեր բազմազանութեամբ, այստեղ կ՛ապրին տարբեր կրօններու պատկանող հասարակութիւններ, տարբեր ազգեր, ընկերային խումբեր, եւ այդ պատճառով ալ Պուրճ Համուտը կը կոչուի փոքրիկ Լիբանան: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորող կազմակերպութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:

Խօսք առաւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի Լիբանանի գրասենեակի տնօրէն Սելին Մոյրաոտ: Իր խօսքին սկիզբը ան շնորհաւորեց ոստիկանուհիները, ապա ըսաւ, որ ձեռնարկը կը միտի լուսարձակի տակ առնել կիներուն դերակատարութիւնը հասարակութեան մէջ, իսկ ոստիկանութեան ներկայութիւնը առիթ կը հանդիսանայ օգնելով եւ ծառայելով դիւրացնելու մարդոց կեանքը: Ան յոյս յայտնեց, որ բոլոր քաղաքապետարանները կը քաջալերուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին առած քայլէն` ներգրաւելով ոստիկանուհիները իրենց աշխատանքին մէջ: «Մենք մեր կարգին պիտի շարունակենք նեցուկ կանգնիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին», ընդգծեց Սելին Մոյրաոտ:

Խօսք առաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնակատար Քարոլինա Լինտհոլմ Պիլինկ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին` սեռային հաւասարութեան հաստատման մէջ առաջնորդող դերակատարութիւն ունենալու համար: Ան շնորհաւորեց ոստիկանուհիները, որոնք նուիրուածութեամբ կը ծառայեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին:

ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի տեղահանուածներու շրջանային պաշտպանութեան եւ Լիբանանի մէջ հիւրընկալ ընկերութիւններու կազմակերպութեան անունով խօսք առաւ Ռեփեքա Քարթըր: Ան ըսաւ, թէ սուրիացի տեղահանուածները ընդունելով` Լիբանան կը ցուցաբերէ հսկայ օժանդակութիւն աշխարհին, որուն համար մենք երախտապարտ ենք: Այս պարագային առաջին պատասխանատուութիւնը կը կրեն քաղաքապետարանները եւ քաղաքապետարաններու ոստիկանութիւնը, որոնք արժանի են մեր կազմակերպութեան նեցուկին: Ան ըսաւ նաեւ, որ «սեռային հաւասարութիւնը առաջնահերթութիւն է մեզի համար եւ ուրախ ենք, որ կիներու իւրայատուկ ներդրումը ոստիկանութեան մէջ խթանուեցաւ եւ ճանչցուեցաւ: Այս քայլին օգտակարութիւնը տեսնելով կը յուսանք, որ յառաջիկային աւելի լայն դերակատարութիւն ունենայ կինը հասարակութեան մէջ»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ոստիկանուհիներու աշխատանքին մասին վկայութիւններ պարունակող տեսերիզ մը, ապա հիւրասիրութեամբ մը աւարտին հասաւ ձեռնարկը:

Նշենք, որ ցուցադրուած էին ոստիկանուհիներու հետաքրքրական պատկերներ` իրենց աշխատանքի ընթացքին: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 28 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Նախորդը

Պըրրի Նամակներ Կը Ստանայ Սիսիէն Եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Նախագահէն

Յաջորդը

«Կը Զօրակցինք Նախագահ Աունի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?