Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Եւ Կիներու Կազմակերպութեան Ժողովներուն

December 2, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 24-25 նոյեմբեր 2017-ին, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ` հիւրընկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան:

Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը:

Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր. Ձախի հետ կերտել ապագան` ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն. Բազմաթիւ տագնապներով աշխարհի մը մէջ` աշխատանք կայունութեան եւ խաղաղութեան համար. Մարդասիրական տագնապներուն` մարդկային պատասխաններու ջատագով:

Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ընկերվար միջազգայնականի Կիներու կազմակերպութեան մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան, ինչպէս նաեւ` Նուպար Վարդանեան (Հոլանտայէն) եւ Տաթեւ Սուլեան (Պարսելոնայէն):

Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա, Քաթալոնիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար Միկել Իսեթա եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ ՃորՃ Փափանտրէու:

Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան` իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը:

Մ. Նալպանտեան ժողովի ընթացքին խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան համաձայնագիրին` զայն որակելով պատմական քայլ, ինչպէս նաեւ` վերահաստատեց արցախեան հիմնահարցին արդարացիութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը:

Ընկերվար միջազգայնականի Խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին` քիւրտ ժողովուրդին մասին բանաձեւ մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հարցերուն եւ կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` վերականգնելու քիւրտ ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը` քրտական հարցին խաղաղ լուծում գտնելու համար: Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուի նաեւ ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալներն ու ձերբակալուած լրագրողները: Բանաձեւը նաեւ կը վերականգնէ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբը քրտական հարցին մասին:

Իսկ 21-22 նոյեմբեր 2017-ին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կիներու Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին, ուր քննարկուեցաւ «Ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ` ամբոխավարութեան աճ` կիներու իրաւունքները ո՞ւր կը տեղաւորուին» նիւթը:

Վ. Եագուպեան ժողովին ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծին հիմնաւորումները եւ քննարկումները: «Նման նախագիծի մը ընդունումը կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ պաշտպանելու կիներու իրաւունքները եւ կանխարգիլելու բռնութիւնը կնոջ եւ երեխային նկատմամբ: Հայ կիները ունին կարողականութիւնը երկրի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը բերելու, սակայն անոնց կը պակսին առիթները: Կիներու իրաւունքներու յարգումը ընկերութեան մը մէջ հիմը կը հանդիսանայ ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատման», յայտնած է Վ. Եագուպեան:

Ժողովներու ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Աւարտեց Իտալիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Հաստատելով, Որ Վարչապետ Հարիրիի Հրաժարականով Ստեղծուած Տագնապը Վերջ Գտած Է

Յաջորդը

ՀԱՊԿ. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Լիազօրութիւն Ունեցող Միակ Միջազգային Ձեւաչափն Է»

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.