Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտած է ելեկտրական շարժակներով բանող ինքնաշարժներ արտադրող ամերիկեան «Թեսլա» ընկերութեան հիմնադիր Էլոն Մասքի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան նաեւ այցելած էր հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի դամբարանը:
Ըստ «Թայմթիւրք»-ի, Թուրքիա այցելած Մասք հանդիպած էր երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Կողմերը քննարկած էին «Թեսլա»-ի եւ թրքական ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Մասքի պատկանող «Սփէյս Էքս»-ի միջոցով թրքական արբանեակներ անջրպետ հասցնելու հաւանականութիւնը:
Հայ դատի յանձնախումբը իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ այս մասին գրած է հետեւեալը. «Մասք մահացած բռնապետ Աթաթիւրքի հետ իր լուսանկարը հրապարակած է: Մասք` կենդանի բռնապետ Էրտողանի հետ»:



