Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Միասնական Ռուսիա Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները

November 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ Տումային մէջ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող իշխող քաղաքական ուժին` Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը եւ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը իրաւամբ կը բնութագրուի իբրեւ  ռազմավարական եւ դաշնակցային, հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը յատկանշուին մշտական աշխուժ քաղաքական երկխօսութեամբ, արտաքին քաղաքական համակարգումի բարձր մակարդակով, արդիւնաւէտ աշխատանքով միջազգային հարթակներուն վրայ, շատ լաւ  համագործակցութեամբ տնտեսութեան, զինուորական, զինուորական-արհեստագիտական, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ:

Յարաբերութիւններու նման բարձր մակարդակը, նախագահին համաձայն, երկու բարեկամ երկիրները կը յատկանշէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 20-ամեակի տարին, եւ այդ յարաբերութիւններու հիմքը ո՛չ միայն գործադիր, այլեւ օրէնսդիր մարմիններու մակարդակով սերտ համագործակցութիւնն է: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելու պայմաններուն մէջ միջխորհրդարանական համագործակցութեան նշանակութիւնը:

Նախագահը հայ-ռուսական բազմակողմանի գործընկերութեան կարեւոր բաղկացուցիչ նկատած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան միջեւ սերտ համագործակցութիւնը:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ միջկուսակցական կապերը զգալի ներդրում ունին միջպետական եւ միջխորհրդարանական կապերու, երկու բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու  յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Պատուիրակութիւնը գլխաւորող Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան գլխաւոր խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ, Պետական տումայի պատգամաւոր Սերկէյ Ժելեզնեաքը նշած է, որ Ռուսիոյ իշխող կուսակցութիւնը կողմ է յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացման «Ե՛ւ, ե՛ւ»-ի, այլ ոչ թէ «Կա՛մ, կա՛մ»-ի քաղաքականութեան: Հայաստան այդ շրջագիծին մէջ կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան հետ, ուստի, ըստ Սերկէյ Ժելեզնեաքին, բոլոր այն տեսակէտները, որոնք կը տարբերին վերոնշեալ դիրքորոշումէն, չեն արտայայտեր Ռուսիոյ  պաշտօնական եւ իշխող քաղաքական ուժի մօտեցումները:

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեան այցելեց Մօնթէվիտէօ

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Ազգերու Լիկայի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը` 24 Յունուար 2018-ին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.