Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ. «Հայաստանը Իրանին Համար Միշտ Շատ Լաւ Դրացի Եղած Է»

November 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց  նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ  խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի աշխուժ  փոխադարձ այցելութիւններուն մասին եւ ընդգծած, որ անոնք կարելիութիւն կու տան աւելի մեծ հոգատարութեամբ զարգացնելու երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան հիմքին վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպումին առիթով անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնած է Իրանի բարեկամ ժողովուրդին աւերիչ երկրաշարժին պատճառով կրած վնասներուն առիթով` վստահութիւն յայտնելով, որ Իրանը կարճ ժամանակի մը ընթացքին  պիտի վերացնէ աղէտին հետեւանքները:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ հայ-իրանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք անցած 25 տարիներուն երկու երկիրները կառուցած են բարեկամական եւ փոխըմբռնման ու յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ այդ յարաբերութիւնները նոյն ոգիով պիտի շարունակուին նաեւ ապագային: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը իրանցի գործընկերներուն հետ միշտ կը վարէ անկեղծ ու բաց երկխօսութիւն եւ շահագրգռուած է բարեկամ Իրանի զարգացումով եւ շրջանի կայունութեամբ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` արտաքին գործոց նախարար Զարիֆ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի ջերմ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած թէ՛ նախագահ Ռուհանիի երդմնակալութեան ներկայ գտնուելուն, թէ՛ ալ աւերիչ երկրաշարժին առիթով ցաւակցական հեռագիր յղելուն համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ իր երկրին համար դրացի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն է, եւ Հայաստանը Իրանի համար միշտ եղած է շատ լաւ դրացի: Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի համաձայն, հակառակ անոր հայ-իրանական միջպետական յարաբերութիւնները  արդէն 25 տարեկան են` ամրապնդուած քաղաքական սերտ կապերով, սակայն երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները դարաւոր են: Նախարար Զարիֆ ընդգծած է, որ Իրանի ժողովուրդը յատուկ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին եւ Իրանի հայ համայնքին նկատմամբ:

Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են տնտեսական կապերու ամրապնդումն ու տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը: Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի գնահատումով` հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւնները յարիր չեն երկու բարեկամ երկիրներու ներկայ քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման ուղղուած է նաեւ Երեւանի մէջ որեւէ հայ-իրանական գործարար համաժողով:

Հանդիպումին նախագահ Սարգսեան եւ նախարար Զարիֆ գոհունակութեամբ խօսած են նաեւ միջազգային կառոյցներուն մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան մասին:

Տնտեսական Յարաբերութիւններու Ներկայ Վիճակի Քննարկում

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը:

Ողջունելով հիւրը` վարչապետը նշած է, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, եւ այս տարի կը նշուի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը:

Վարչապետին համաձայն, հակառակ այն հանգամանքին, որ բաւական աշխատանք կատարուած է, բազմաթիւ միացեալ ձեռքբերումներ կան, այնուամենայնիւ ընելիքները տակաւին շատ են:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նկատել տուած է, որ ըլլալով դրացի  բարեկամ երկիրներ` Հայաստանն ու Իրանը առեւտրական, տնտեսական գործակցութեան զարգացման մեծ ներուժ ունին, եւ հակառակ այս տարի արտահանում-ներմուծում ուղղութեամբ արձանագրուած աճին, առկայ  ցուցանիշները չեն արտացոլեր երկկողմանի տնտեսական կապերու զարգացման իրական ներուժն ու կարելիութիւնները:

Հայաստանի վարչապետին փոխանցելով Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաք               Ճահանկիրիի ջերմ ողջոյնները` նախարար Զարիֆ նշած է. «Ձեր այցելութիւնը Իրան շատ կարեւոր եւ յաջող էր: Մենք Հայաստանը կ՛ընկալենք իբրեւ լաւ դրացի: Մեր յարաբերութիւնները շատ աւելի երկար ժամանակահատուածի պատմութիւն ունին, քան 25 տարին, եւ այդ լաւ յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն համար արժէքաւոր ներուժ են, որմէ պէտք է կարենանք օգտուիլ»:

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ համակարծիք էր Հայաստանի վարչապետին  հետ, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը չի համապատասխաներ Հայաստան-Իրան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, եւ Իրանը եւս շահագրգռուած է բարեկամ Հայաստանի հետ առեւտրական, տնտեսական կապերու աշխուժացումով: Ան տեղեկացուցած է, որ իր գլխաւորութեամբ Հայաստան հասած պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բնագաւառներու յառաջատար ներկայացուցիչներ` ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման հետագայ քայլերը եւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման հեռանկարները քննարկելու նպատակով:

Հայաստանի վարչապետը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են դեկտեմբերին հայ-իրանական սահմանին` Մեղրիի մէջ բացուելիք ազատ տնտեսական գօտիի շրջագիծին մէջ  համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ  երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ գործակցութեան շուրջ:

Էդուարդ Նալբանդեան. «Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները Աշխուժօրէն Զարգացած Են»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ: Հանդիպման աւարտին Նալբանդեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարած է:

Ան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունին բարի դրացիական, բազմաբովանդակ եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են մեր ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութեան վրայ:

Մեր երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ հաստատուած են ջերմ, վստահելի յարաբերութիւններ, անոնք պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենան:

Մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-րդ յոբելենական տարուան ընթացքին կարելի է գոհունակութեամբ արձանագրել, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները աշխուժ ձեւով զարգացած են` ընդգրկելով նորանոր բնագաւառներ:

Սակայն կը գիտակցինք, որ առկայ է մեծ ներուժ, եւ մենք տրամադրուած ենք միացեալ ջանքերով խորացնել, ընդլայնել եւ ամրապնդել երկկողմանի բազմաոլորտ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Այսօր տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին մենք քննարկեցինք Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, անդրադարձանք միացեալ ջանքերով իրականացուող շարք մը ծրագիրներու:

Կարեւոր նկատեցինք արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդատուութիւններու պարբերական կատարումը:

Մեր հանդիպումի օրակարգին վրայ էին առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան խթանման հարցերը: Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Իրան համագործակցութեան հաստատումը, որ կրնայ  յառաջընթաց ապահովել հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման գործին: Նշեմ նաեւ, որ այսօր պարոն Զարիֆին հետ պիտի մասնակցինք հայ-իրանական գործարար համաժողովի բացման հանդիսութեան»:

 

 

Նախորդը

Պաքու Չէ Ընդունած Ռուսիոյ Նոր Դեսպանին Թեկնածութիւնը` Անոր Հայամէտ Դիրքորոշումին Պատճառով

Յաջորդը

Խմբագրական. Բերքառատ Հանգանակութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.