Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու Մասին. «Կը Քննարկենք Հարց Մը, Որ Խաղէն Դուրս Է»

November 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին մէջ քննարկուեցաւ «Ելք» խմբակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու առաջարկին Ազգային ժողովի նիստերու օրակարգ մտցնելու հարցը: ՀՅԴ-ի տեսակէտը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Պատգամաւորը նախ նշեց, որ այս հարցը այնքան քննարկուած է, որ բովանդակային վերլուծութիւններու կարիք չկայ, ապա անդրադարձաւ  այն դրոյթին, որ մեր երկրի ընկերային-տնտեսական խնդիրները կը կապուին ԵՏՄ-ի անդամակցութեան հետ:

«Կապ չենք տեսներ մատնանշուող խնդիրներուն եւ Հայաստանի` ԵՏՄ-ի  անդամակցութեան հետ: Պնդել, որ ընկերային-տնտեսական առումով Հայաստանը յետընթաց պիտի ապրի, ատիկա կապել ԵՏՄ-ի  անդամակցութեան հետ, իրականութիւնը չ՛արտայայտեր: Այո՛, խնդիրներ կան, բայց այդ խնդիրները ԵՏՄ-ի անդամակցութեան հետ կապ չունին»,  ըսաւ ան:

Ռուստամեան շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կնքած է համաձայնագիր ե՛ւ ԵՏՄ-ի, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան հետ, եւ այս պարագային այս նախագիծը յայտնուած է խաղէն դուրս վիճակի մէջ: «Մենք հիմա հարց մը կը քննարկենք, որ խաղէն դուրս է», ըսաւ ան:

Պատգամաւորին կարծիքով` եթէ եւրոպացի մասնագէտները հակասութիւն տեսնէին ԵՏՄ-ի հետ Հայաստանի անդամակցութեան մէջ, չէին յառաջաձգեր Համապարփակ համաձայնագիրի ստորագրումը: «Եւրոպական Միութեան հետ 1200 էջնոց համաձայնագիրին մէջ չեմ տեսած բնագաւառ մը, որուն անդրադարձ չէ կատարուած, եւ եթէ այդ ամէնը կը վերլուծեն եւրոպացի մասնագէտները ու հակասութիւն չեն տեսներ, մեզի կը մնայ օգտագործել այս նոր իրողութիւնը եւ ձեռք բերել մեր զարգացման համար նոր միջոցներ եւ առիթներ», ըսաւ ան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ Հայաստանը որդեգրած է խորհրդարանական համակարգի փորձը, որուն միջոցով սահմանած է հոլովոյթ մը, որ Եւրոպան որդեգրած է: «Իսկ քաղաքական համակարգը հիմնական գործօն է դէպի իրաւական, ժողովրդավարական երկիր, դէպի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն: Ատիկա Եւրոպական Միութիւնը  գնահատած է` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջանին մէջ լաւագոյնս կ՛առանձնանայ նաեւ այս շրջագիծին մէջ», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ «Թեսլա»-ի Հիմնադիրին Թուրքիա Այցելութիւնը

Յաջորդը

Լե­ւոն ­Շանթ (1869-1951). ­Հա­յուն ամ­բող­ջա­տիպ՝ լիար­ժէ՛ք Ե­Սին դրօ­շա­կի­րը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.