Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Նոյեմբեր 30, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ բաւական ճանապարհ անցած է լսարաններ կազմակերպելու մշակոյթը: Ժողովրդային հանդիպումներ, մամլոյ տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ նախաձեռնուած լսարաններ, հոգեւոր սուրբգրային սերտողութիւններ, բժշկական-առողջապահական բնոյթի բացատրողական հանդիպումներ, ուսանողական եւ երիտասարդական հաւաքներ, արուեստագէտներու հանդիպումներ, քաղաքացիական խնդիրներ քննարկող խումբ կամ լրագրական դասընթացքներու հետեւողներ ու տակաւին Դիմատետրի ընկերներու ոչ վիրթուալ, այլ միատեղ հանդիպելու օրինակներ` կու գան շատ կարեւոր ներդրում մը ապահովելու լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ կեանքի տարբեր ոլորտներուն վերաբերող երեւոյթներու քննարկման եւ ատով իսկ միտքերու արտադրման անհրաժեշտ միջավայր ստեղծելու կարելիութիւնններու տրամադրումը ընդգծելու:

Ինքնաբերաբար շատ կարեւոր եղանակ մը ճշդուած է լիբանանահայ կեանքին մէջ եւ ասիկա աւելի քան կարեւոր է նկատելը, այդ բոլորին հետեւելով կարեւոր եզրայանգումներ կատարելը, հաւանաբար լուսարձակի տակ բերելու վերստին այն եզակի միջավայրը, ուր միտքերու արտայայտման, տեսակէտներու դրսեւորման առիթ կ՛ընծայէ:

Լսարաններու այս շարքին վերջերս աւելցաւ նաեւ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին կողմէ կազմակերպուած լսարանի նոր ձեւաչափը, որ հայկական երդիքի տակ կը հրաւիրէր լիբանանցի պետական, քաղաքական, ակադեմական, մտաւորական թէ հասարակական դէմքեր` միասին քննարկելու լիբանանեան, տարածաշրջանային խնդիրներ, որոնց հետ կապուած հեռանկարները ի վերջոյ սերտօրէն կ՛առնչուին լիբանանահայութեան կամ ընդհանրապէս հայութեան:

Առաջինը անոնցմէ կը վերաբերէր միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու ապագային: Պարզ է, որ ընդհանուր միտումը կտրուկ կշռոյթներ ստացած է եւ ոչ միայն այստեղ կամ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, այլ միջազգային հարթակներու վրայ կը խօսուի շրջանի ապաքրիստոնէացման մասին:

Խնդիրը անշուշտ ազգաբնակչութիւններու կրօնական պատկանելիութեան բնութագրումով չի բացատրուիր, մանաւանդ երբ քաղաքական տրամաբանութեամբ կը համոզուինք, որ կրօնը թէ՛ պատմութեան ընթացքին եւ թէ՛ ժամանակակից իրադրութիւններու պահուն կը շահարկուի ժողովրդագրական տեղաբաշխումներ կատարելու եթէ չուզենք օգտագործել ցեղային զտումներ ըսելաձեւը: Կամ` կրօնի տարածման անունին տակ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու:

Լսարանի ընթացքին, միտքերու, մտահոգութիւններու եւ որոշակի առումով կանխատեսումներու արծարծումը կը շեշտէին քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններու ճակատագրակից ըլլալը: Եւ այստեղ էր նաեւ լսարանի ընդհանուր նիւթին ընտրութեան կարեւորութիւնը: Հարցը համալիբանանեան է, կը վերաբերի ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքներուն, այլ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ դարերէ ի վեր կայք հաստատած քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն: Ուրեմն, լսարաններու այս նոր ձեւաչափին իւրայատկութիւնը համատեղելն է մեր եւ ընդհանրապէս լիբանանցի համաքաղաքացիներու ապրած դժուարութիւնները, տագնապները միասնակամ յաղթահարելու ուղիներու փնտռտուքի ելակէտերը:

Քաղաքական ընդհանուր պայմաններու եւ տիրող իրավիճակի իրատեսական ներկայացումը անշուշտ կենսական են առարկայական քննարկում ապահովելու համար: Փաստերն ու երեւցած միտումները կրնան լաւատեսական չհնչել, մանաւանդ թիւերու նօսրացման փաստացի տուեալներու իրականութիւնը նկատի ունենալով: Սակայն միաժամանակ կարեւոր էր  տեսանելի ճակատագրի յորձանուտին չյանձնուելու, արտահոսքին դէմ պայքարելու եւ քրիստոնէութեան ծննդավայրը չապաքրիստոնէացնելու կամքի եւ պայքարի տրամադրուածութեան դրսեւորումը: Ի վերջոյ նման լսարաններու նպատակն ալ հաւաքական կեանք ղեկավարողի վճռակամ կեցուածքի փոխանցումն է խուճապային ալիքի մակընթացութիւնը կանխարգիլելու համար:

Մեր պարագային այս բոլորին մէջ, որքան ճակատագրակից ըլլալու իրողութիւնը առկայ է, կայ նաեւ հիմնական տարբերութիւն, որ պէտք է անպայման նկատի ունենալ. միջինարեւելեան տարածաշրջանի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնները ի տարբերութիւն մեզի պետականազուրկ են: Իսկ այս պարագան, յատկապէս ճգնաժամի ահագնացումի պահուն կ՛ենթադրէ պետութիւն եւ տեղւոյն համայնքի պատասխանատուներ համատեղ հակաճգնաժամային գործողութիւններ իրականացնելու առաւելութիւն:

Վերադառնանք լսարաններ կազմակերպելու անհրաժեշտութեան, կայացած մշակոյթին եւ նկատենք, որ այդ մշակոյթը համալրուած է  անհրաժեշտ  նոր ձեւաչափով մը:

«Ա.»

Նախորդը

Լե­ւոն ­Շանթ (1869-1951). ­Հա­յուն ամ­բող­ջա­տիպ՝ լիար­ժէ՛ք Ե­Սին դրօ­շա­կի­րը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?