Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բազմաշառաւիղ Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարեւոր Անկիւնադարձը

November 27, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագիրը բազմաթիւ ուղղութիւններով հեռանկարային նոր հորիզոններ կ՛ուրուագծէ մեր երկրին համար:

Կար ընդհանուր տպաւորութիւն, որ այս առաջադրանքը առաւելաբար գերակայ էր մեր երկրին համար, որ Վիլնիւսի մէջ լուրջ խոչընդոտի հանդիպած էր իրականացնելու համար «Թէ-թէ»-ի վարքագիծը: Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութիւնը փաստօրէն խանգարած էր, որ Երեւանը ստորագրէ երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Ըստ էութեան պաշտօնական Երեւանի վարքագիծը կը պահէր իր հետեւողականութիւնը: «Թէ-թէ»-ն կամ «Եւ-եւ»-ը փաստօրէն միաժամանակ անդամակցիլն էր ԵՏՄ-ին եւ ընկերակցիլն էր Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) կամ այլ հարթութեան վրայ անդամակցիլն էր ՀԱՊԿ-ին եւ գործակցիլն էր ՕԹԱՆ-ի հետ ու մասնակցիլը անոր ռազմափորձերուն:

Պրիւքսելն էր, որ անհամատեղելի կը նկատէր ԵՏՄ-ի անդամակցութենէն ետք ԵՄ-ի հետ ընկերակցիլը: Բայց շատ չանցած ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութիւնը ի՛նք կը յայտարարէր, որ կ՛առաջադրէ նոր ձեւաչափով համաձայնագիր կնքել Երեւանի հետ:

Ի վերջոյ Երեւան-Պրիւքսել գործակցութիւնը ունի քառորդ դարեայ կենսափորձ, որ կ՛անցնի Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութենէն, Համաեւրոպական տարբեր կառոյցներու Երեւանի աշխուժ մասնակցութեան բազմաթիւ փաստերէն, հասնելու համար երկու տարի առաջ գումարուած Ռիկայի վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք ենթահող պատրաստեցին Արեւելեան գործընկերութեան նոր համաձայնագիրի կնքման:

Այս համաձայնագիրը ունեցաւ անշուշտ իր ոդիսականը: Թէ՛ եւրոպացի եւ թէ՛ հայ վերլուծաբաններ ակնարկեցին պրիւքսելեան վեհաժողովին համաձայնագիրին պատրաստ չըլլալուն, Մոսկուայի արգելակման միտումներուն եւ որոնց արդիւնք Վիլնիւսի բեմագրութեան կրկնուելու հաւանականութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՏՄ-ին անդամ ըլլալու փաստը յատուկ նշանակութիւն կու տայ այս համաձայնագիրին` նկատի ունենալով այս պարագային մեր երկրի եզակի հանգամանքը, կարգավիճակը եւ ատով իսկ «Թէ-թէ»-ն ո՛չ միայն Հայաստանին վերաբերած ըլլալը, այլ նաեւ Պրիւքսելին:

Հիմա պէտք է նկատել ուրեմն առաջադրանքներու կամ շահերու մէկտեղման երեւոյթը: Նախ Պրիւքսելի պարագային նկատելին այն է, որ Պրիւքսելը ի՛նք էր, որ Վիլնիւսի տապալման անմիջապէս յաջորդող ժամանակաշրջանին առաջադրեց նոր ձեւաչափով համաձայնագիրի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Ի վերջոյ ԵՄ-ն եւս տարածաշրջանին մէջ գործընկեր պետութիւններու հետ դեր ստանձնելու քաղաքական բնական միտումները ունի եւ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը մանաւանդ իբրեւ քաղաքակրթական կամրջող միջավայր առաջնային դեր կը ստանձնէ եւրոպական հայեցակէտէ դիտուած: Փաստօրէն Հայաստանը որակուած է իբրեւ տարբեր համարկումի կառոյցներ մերձեցնող երկիր` առաջնորդելով շահերու հաշտեցման ու համադրման, համագործակցութեան եւ  համակեցութեան ոգիով:

Այս հիմնաւորումով ալ կը բացատրուի, որ Արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագիրի նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեամբ, այլ Հայաստանին կը վերապահէ կարմջողի աշխարհաքաղաքական դերակատարութիւն:

Եւ եթէ մէկ կողմէ Պրիւքսելը այս կարգավիճակը արժեւորելով կը համակարգէ իր իրաւաքաղաքական սլաքները Երեւանի հետ, ապա Մոսկուան եւս կը յայտարարէ, որ յարգանքով կը վարուի Երեւանի ընտրանքին հետ:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը համոզէ, որ նոր համաձայնագիրը Երեւանը ո՛չ միայն համաձայնեցուցած կ՛ըլլայ Մոսկուայի հետ, այլեւ Մոսկուան ինք եւս որոշ շահագրգռուածութիւն կ՛ունենայ իր գլխաւորած ԵՏՄ-ի անդամ պետութեան նման կարգավիճակ ստանձնելու իրականութեամբ:

Աշխարհագրական, քաղաքական, քաղաքակրթական եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու նկատառումով Երեւանի ստանձնած դերակատարութեան ընդգծումը պէտք է տեսնել Արեւելեան գործընկերութեան Համապարփակ եւ ընդլայնուած այս համաձայնագիրին էջերուն մէջ: Փաստօրէն, Երեւանի որդեգրած բազմաշառաւիղ քաղաքականութեան կիրարկման համար  ռազմավարական ուղղութիւն հարթող մեկնարկ պէտք է սեպել այն, ինչ որ ձեռք բերաւ մեր երկիրը իբրեւ պատմական փաստաթուղթ Պրիւքսելի մէջ:

Նախորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէն Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակը Կը Նշի Գիտաժողովի Անցկացմամբ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Սկսի Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու

RelatedPosts

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.