Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Վիգէն Սարգսեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Մինսք

Նոյեմբեր 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Պիելոռուսիոյ  պաշտպանութեան նախարարին հրաւէրով, 27 նոյեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Մինսք:

28 նոյեմբերի երեկոյեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Պիելոռուսիոյ զինուորական ակադեմիային մէջ : Հանդիպումին ընթացքին նախարար Վիգէն Սարգսեանին ներկայացուած է ակադեմիայի կառուցուածքը, ուսումնառութեան հոլովոյթը:

Հայկական պատուիրակութիւնը շրջագայած է ակադեմիային մէջ եւ  ծանօթացած սաներուն համար ստեղծուած պայմաններուն: Հանդիպումին որոշում տրուած է ուսումնասիրել հայկական եւ  պիելոռուսական զինուորական ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Հայ – պիելոռուսական զինուորական-կրթական համագործակցութեան հեռանկարները քննարկուած են նաեւ 29 նոյեմբերի առաւօտեան, նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան` Մինսքի Սուվորովի անուան զինուորական ուսումնարան այցելութեան  ընթացքին:

Պատուիրակութիւնը այցելած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի Պիելոռուսիոյ պետական թանգարան, ծանօթացած ընդգրկուն ցուցադրութեան:

Այսօր` 30 նոյեմբերին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հերթական միացեալ նիստին:

 

Նախորդը

«Լա Սթամփա». «Հարիրի Պիտի Մնայ Վարչապետի Իր Պաշտօնին Վրայ» Հաստատեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ «Թեսլա»-ի Հիմնադիրին Թուրքիա Այցելութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?