Գլխաւոր լուրեր

ԿՈՉ  Արտասահմանի Լիբանանահայերուն.  Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար

Տօնդ Շնորհաւոր, Հա՛յ Ուսուցիչ

Նորահաս սերունդներու կրթութեան գործը միշտ ալ արժանացած է պետութիւններու անմիջական գուրգուրանքին եւ հոգածութեան: Կրթական ոլորտը յառաջադէմ եւ նոյնիսկ երրորդ աշխարհի պատկանող երկիրներուն մէջ կը շարունակէ վայելել պետութեան հովանաւորութիւնը` համահաւասար կերպով առիթ տալով բոլորին ստանալու տարրական եւ երկրորդական ու ընդհանրապէս համալսարանական բարձրագոյն ուսում: Հաւաքականութեան մը բնականոն եւ առողջ զարգացումը, ինչպէս նաեւ տուեալ հաւաքականութիւնը նոր ներուժով պատուաստելու եւ անոր կեանքին ժամանակակից հնչեղութիւն...

19-29 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ը Յատկանշական  Նախաձեռնութիւններով Կը Նշէ  Իր Փառապանծ 100-ամեակը

19-29 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ը Յատկանշական Նախաձեռնութիւններով Կը Նշէ Իր Փառապանծ 100-ամեակը

Այս տարի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը կը նշէ տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ հանդիսութիւններով, որոնց մասին հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնելու նպատակով հինգշաբթի, 8 մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ անդամներ Վաչէ Նաճարեանի ու Իշխան Եղիայեանի, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան,...

Խմբագրական.  Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

Կիներու միջազգային օրուան նշումը եզրաբանական ձեւափոխում կ՛ունենայ հետզհետէ: Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարգախօսային առաջադրանքը այսօր առաւելաբար կ՛արտայայտուի սեռային իրաւահաւասարութիւն եզրոյթով: Շահագործումի, խտրականութեան, խոշտանգումի կամ բռնաբարումի արարքները իրաւազրկելու առումով կրնան վերաբերիլ ո՛չ միայն կիներուն, հետեւաբար աւելի տրամաբանական ընկալում ունի սեռային իրաւահաւասարութիւն ըսելաձեւը: Իրաւահաւասարութիւն բառը ինքնին օրինական ենթաիմաստ ունի: Առաջադրանքը ուրեմն այս հաւասարութիւնը սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրելու իմաստը կը ներառէ: Իսկ իրաւական ամրագրումէն...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է  Լիոնի Քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի  Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Լիոնի Քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը երէկ ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ողջունելով Լիոնի քաղաքապետը եւ անոր ուղեկցող ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ` հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին սկիզբը նախ շնորհաւորած է Ժորժ Քեփենեկեանը Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթած  յաջողութիւն: Նախագահը ընդգծած է, որ Ֆրանսայի մէջ մեր հայրենակիցին յաջողութիւնները հայաստանցիները կը նկատեն նաեւ իրենցը այն պարզ պատճառով,...

Ռուստամեան. «Հետեւողական Պիտի Ըլլանք»

Ռուստամեան. «Հետեւողական Պիտի Ըլլանք»

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը: Վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴ-ն կողմ պիտի քուէարկէ  այն պայմանով, որ առաջինէն երկրորդ ընթերցում ժամանակահատուածին մէջ իրենց առաջարկը անգամ մը եւս քննարկուի յանձնախումբին կողմէ: «Այդ...

Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ Բարեկամական  Խումբը Հանդիպում Ունեցած Է Քոնկրեսի Հայկական  Հարցերով Յանձնախումբին Հետ

Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ Բարեկամական Խումբը Հանդիպում Ունեցած Է Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբին Հետ

Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի անդամները հանդիպում ունեցած են Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անդամները քննարկած են «Հազարամեակի մարտահրաւէր ընկերակցութեան» եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը: Միեւնոյն ժամանակ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցող զարգացումներուն, յատկապէս` խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցման, ինչպէս...

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց  Լիբանանի Զբօսաշրջութեան  Նախարար Աւետիս Կիտանեանը

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանը

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Ազգային  առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի շարք մը համայնքներ այցելութեանց ծիրին մէջ եռօրեայ այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս կը գտնուէր եւ տեղեկութիւններ կը տրամադրէր Լիբանանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին: Անոր կ՛ընկերակցէր Հայ դատի ծառայողներէն Գարեգին Խանճեան: Հանդիպումին ներկայ եղան...

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ընդունած Է  ՄԱԿ-ի Նորանշանակ Մնայուն Համակարգողը

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ընդունած Է ՄԱԿ-ի Նորանշանակ Մնայուն Համակարգողը

6 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի նորանշանակ մնայուն համակարգող եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Շոմպի Շարփը` հաւատարմագրման նամակներու  պատճէններու յանձնման առիթով: Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեանը նշեց, որ անդամակցութենէն ի վեր Հայաստան աշխուժօրէն կը մասնակցի ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն, եւ նպատակադրուած է շարունակել դրական օրակարգով ներգրաւուածութիւնը ՄԱԿ-ի նպատակներու իրականացման մէջ: Նախարարը բարձր...

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը  Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի  Անձնական Ներկայացուցիչին Հետ

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 6 մարտին Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն եւ սահմանագիծին մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ:

Հայաստանի Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւնը  Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Ազգային ժողովի 5 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը հասած է Ուաշինկթըն, ուր շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, վարչակազմի պաշտօնական ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ «Արմենփրես»-ի, պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը, իսկ կազմին մէջ են Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արմէն Աշոտեանը, Նայիրա...

Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը  Հանդիպում  Ունեցաւ Լիոնի Քաղաքապետ  Ժորժ Քեփենեկեանի Հետ

Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը Հանդիպում Ունեցաւ Լիոնի Քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ  Երեւան գտնուող Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի նախագահ Ժան-Մարք Լավեսթը, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան այլ պատասխանատուներ: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդգծած է, որ մեծ պատիւ է...

Քանատա.  Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար  Աւետիս Կիտանեան Հանդիպում  Ունեցաւ Մոնրէալահայութեան Հետ

Քանատա. Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեան Հանդիպում Ունեցաւ Մոնրէալահայութեան Հետ

Կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին հետ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Նազարեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ նախարար Կիտանեանի Քանատա այցելութիւնը մէկ օղակն է Հիւսիսային Ամերիկա կատարած անոր այցելութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ, ապա ժամանեց Մոնրէալ`...

Գագիկ Յարութիւնեան Միաձայնութեամբ  Ընտրուեցաւ Բարձրագոյն  Դատական Խորհուրդի Նախագահ

Գագիկ Յարութիւնեան Միաձայնութեամբ Ընտրուեցաւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան դատական բաժանմունքի Արարողակարգի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 174-րդ յօդուածի, «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի, 166-րդ յօդուածի 8-րդ մասի հիմքով` 5 մարտ 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի առաջին նիստը: Նիստը հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած 5...

Ռուստամեան. «Տարածքային, Վարկանշային  Ընտրակարգէն Պէտք Է Հրաժարիլ, Անիկա Արդար Չէ»

Ռուստամեան. «Մինչեւ 9 Ապրիլ Ներքին Կարգով Կը Գիտնանք Վարչապետի Թեկնածուին Անունը, Բայց Չենք Յայտարարեր»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, որ սահմանադրութեամբ նախատեսուած էր 2 մայիսի նիստին վարչապետ առաջադրել, սակայն անիկա յառաջաձգուած է 16 ապրիլին` հաստատելով, որ ատիկա յանկարծակի կերպով առնուած քայլ չէ: «Վարչապետի թեկնածուն պէտք է առաջադրուի սահմանադրութեան ժամկէտներուն համաձայն: Վարչապետի ընտրութեան համար խորհրդարանական ուժերը պէտք...

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է  Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 մարտին ընդունած է Ֆրանսայի Պոք Պել Էր քաղաքի պատուիրակութիւնը` քաղաքապետ Ռիշար Մալիէի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող տարբեր հարցեր: Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ միաւորներու հետ փոխադարձ գործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ` ընդգծելով, որ ատիկա թոյլ կու տայ կեանքի կոչել կարեւոր ծրագիրներ ընկերային-տնտեսական, մարդասիրական եւ հասարակական...

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան  Այցելած Է Արագածոտնի Մարզ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Այցելած Է Արագածոտնի Մարզ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան 3 մարտին այցելած է Արագածոտնի մարզ` ծանօթանալու 2017 թուականին մարզի եւ համայնքներու  զարգացման ծրագիրներու շրջագիծին մէջ ըստ բնագաւառներու  իրականացած գործառոյթներու արդիւնքներուն եւ 2018-ի ծրագիրներուն: Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան նշած է, որ հանրապետութեան համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշին մէջ մարզի մասնաբաժինը կը կազմէ 3 առ հարիւր: Մարզպետը համեմատական բաղդատականներ տուած է առեւտուրի, ծառայութիւններու, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, ներդրումային ծրագիրներու, զբօսաշրջութեան եւ...

Երեւանի Եւ Լիոնի Քաղաքապետները  Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են

Երեւանի Եւ Լիոնի Քաղաքապետները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեան ժամանակ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է յուշագիր, ուր նախանշուած են այն հիմնական գերակայ  ուղղութիւնները, որոնցմով պիտի խորացուի երկու քաղաքներու համագործակցութիւնը: Փաստաթուղթը ստորագրած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը: Յուշագիրի ստորագրութեան արարողութենէն ետք Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները հանդէս եկած են ելոյթներով: Յատկապէս կարեւոր նկատելով երկուստեք կապերու ա՛լ աւելի ամրապնդումն...

Մարգարեան. «Երկիրը Յաջողութեան  Հասնելու Մեկնարկային Լաւ Վիճակ Ունի»

Մարգարեան. «Երկիրը Յաջողութեան Հասնելու Մեկնարկային Լաւ Վիճակ Ունի»

Անցեալ շաբաթավերջին Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգից դուրս»  հաղորդաշար»-ի հիւրը եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ  Մարգարեանը: Հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահի ընտրութեան, հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղեալ հռչակելու Հայաստանի որոշումին, իշխանութեան մէջ առկայ խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի դիմագրաւած հարցերուն: Երկրին դրական շունչ տալու անհրաժեշտութեան անդրադառնալով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Մենք, մենք` բոլորս, մեր մտաւորականութիւնը, մեր...

«Հայաստանի Մէջ Կիներուն  Կարելիութիւնները Տակաւին Լիարժէք  Ձեւով Չեն Օգտագործուիր»  Յայտնեց Նախագահ Սարգսեան

«Հայաստանի Մէջ Կիներուն Կարելիութիւնները Տակաւին Լիարժէք Ձեւով Չեն Օգտագործուիր» Յայտնեց Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ծաղկաձորի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդին կազմակերպած սեմինարին մասնակցող անդամներուն եւ շրջանային ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող կիներ: Աւանդական դարձած սեմինարին ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան անդամ կիները ներկայացուցած են 2017-ի իրենց աշխատանքներուն տեղեկագիրը, եւ ապա քննարկած 2018-ին նախատեսուած աշխատանքներն ու կիներու խորհուրդին...

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան  Այցելած Է Գիւմրի

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Այցելած Է Գիւմրի

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց Գիւմրի ծանօթանալու համար Շիրակի մարզի եւ համայնքներու զարգացման 2017-ի ծրագիրներուն շրջագիծին մէջ իրականացած աշխատանքին եւ 2018-ին կատարուելիք աշխատանքներուն մանրամասնութիւններուն: Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին Շիրակի մէջ իրականացած են 22 միլիառ դրամի ներդրումային ծրագիրներ, մինչ 2016-ին ներդրումներու գումարը հասած էր 11,4 միլիառ դրամի: Ան նշեց նաեւ, որ ակնկալութիւններ կան, որ 2018-ին ներդրումային...

Page 574 of 796 1 … 573 574 575 … 796

Արխիւներ