ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայութեան գոյութեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայութիւնը 1915-ին գործուած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք չէ, որ հասած է Լիբանան, այլ` հայը 18-րդ դարէն առաջ Լիբանանի մէջ ներկայութիւն եղած է, եւ ասիկա կը բացատրէ Լիբանանի գոյացութեան իսկութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան եղած է գաղթական տարբեր ժողովուրդներու ապաստանը:
«Անշուշտ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութիւնը շատ աւելի մեծ թիւ մը ներկայացուց: Ներկայիս Լիբանանի մէջ հայութեան թիւը 130-140 հազար է, որ խորհրդարանին մէջ կը ներկայացուի 6 երեսփոխանով: Հայ համայնքը Լիբանանի մէջ կը նկատուի երկիրը բաղկացնող հիմնական 7 համայնքներէն մէկը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ լիբանանահայութիւնը երկրին մէջ փոքրամասնութիւն չէ` նկատի ունենալով, որ այլ համայնքներ եւս փոքրամասնութիւն կը նկատուին, եթէ զանոնք բաղդատենք ուրիշ համայնքներու հետ:
Ան շեշտեց, որ իբրեւ Լիբանանը բաղկացնող 7 հիմնական համայնքներէն մէկը հայ համայնքին թիւը համեմատաբար աւելի քիչ է միւս համայնքներէն, սակայն հայութիւնը Լիբանանի մէջ ներկայութիւն եղած է երկրին անկախութենէն առաջ իսկ:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հինգ երեսփոխանները հայ առաքելական համայնքէն են, իսկ մէկը` հայ կաթողիկէ համայնքէն, աւելցնելով, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ 6 երեսփոխանով ներկայացուիլը արդար է, եթէ բաղդատելու ըլլանք յոյն կաթողիկէ կամ տիւրզի համայնքներուն հետ:
Ընտրական օրէնքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 1960-ի իսկական ընտրական օրէնքը (ոչ 1960-ի Տոհայի տարբերակը) լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան առումով լաւագոյն օրէնքն է` աւելցնելով, որ համամասնական ընտրական օրէնքին նպատակն է ներկայացնել երկիրը բաղկացնող բոլոր համայնքներէն ներկայացուցիչներ:
Երեսփոխան Բագրատունի հերքեց այն հաստատումը, թէ համամասնական ընտրական օրէնքը վնաս հասցուցած է ՀՅԴ-ին: «Ճի՛շդ է, որ ՀՅԴ-ն լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ, բայց եւ այնպէս անիկա միայն մէկ կուսակցական թեկնածուով կը ներկայանայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որպէսզի խորհրդարանին մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութիւնը կը պարզէ լիբանանահայութեան իրականութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ կազմած է Հայկական երեսփոխանական պլոքը` անոր մէջ ապահովելով լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հայկական միւս կուսակցութիւններուն կամ հեղինակութեանց ներկայացուցիչները», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ 2000-ի ընտրական օրէնքին պարագային Պէյրութի մէջ եղած ընտրաշրջաններու բաժանումները խախտեցին հայկական ներկայացուցչութիւնը: «Հակառակ լիբանանահայութեան կողմէ մեր ստացած մեծ թիւով քուէներուն, չկրցանք երեսփոխաններ ունենալ Պէյրութի մէջ: Բայց եւ այնպէս, համամասնական ընտրական օրէնքը պիտի բարելաւէ ՀՅԴ-ի ներկայացուցչութիւնը խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի բարելաւէ խորհրդարանին մէջ հայկական միւս կուսակցութիւններուն ներկայութիւնը: Այս օրէնքը չ՛օգներ, որ նախորդ պատմական, քաղաքական եւ գաղափարական դաշինքները պահպանուին: Դժբախտաբար այս նոր օրէնքը մշակելու ընթացքին չկրցանք մտածել, որ այս օրէնքը պիտի պարտադրէ, որ անտրամաբանական դաշինքներ գոյանան` ընտրական շահեր անուանումին ներքեւ: Այսինքն` 6 մայիսը աւարտելէ ետք, 7 մայիսին ընտրական դաշինքները կ՛աւարտին եւ իւրաքանչիւրը կը վերադառնայ իր քաղաքական բնականոն դաշինքին», հաստատեց ան:
Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական բազմերանգութեան եւ կառավարման յատուկ ձեւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սովորական ժողովրդավարական համակարգ կարելի չէ գործադրել, այլ` պէտք է գործադրել համախոհական ժողովրդավարութիւն: «Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը համայնքային դրութիւնն է, եւ ցաւ ի սիրտ չկրցանք նոյնիսկ կազմել համայնքային դրութիւնը ջնջելու հոլովոյթը քննարկող խորհուրդը: Թաէֆի համաձայնագիրէն երեսուն տարի վերջ մենք տակաւին չենք կրցած յանգիլ այն եզրակացութեան, որ համայնքային դրութիւնը ջնջելու հոլովոյթին մասին մտածող խորհուրդ մը պէտք է կազմել: Թերեւս տասնեակ տարիներ կ՛ուզենք համոզուելու, թէ նման խորհուրդ մը կազմելու կարիք կայ», ըսաւ ան:
Նոյն նիւթին շրջագիծին մէջ մնալով, երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ լիբանանցիները տարուէ տարի կը հեռանան համայնքային դրութիւնը ջնջելու գաղափարէն` աւելցնելով, որ հակառակ այդ մէկը պահանջող ձայներուն, նոր սերունդները երբեք այդ մասին չեն մտածեր: Իւրաքանչիւրը իր ինքնութիւնը եւ քաղաքացիութիւնը կը տեսնէ իր համայնքին մէջ:
«Հետեւաբար, այդ մտայնութեամբ եւ տրամաբանութեամբ կ՛առաջնորդուինք դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին իւրաքանչիւր համայնք կը մտածէ իր թեկնածուն յաջողցնելու մասին` մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն իրողութիւնը, որ նոյն ընտրացանկին վրայ գտնուող թեկնածուներուն միջեւ նաեւ մրցակցութիւն կայ` նախընտրութեան քուէի դրութեան պատճառով», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Թէ «ինչպէ՞ս լիբանանցին երեսփոխանական ընտրութեան կը մասնակցի» հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ոմանք քաղաքական եւ համայնքային պատկանելիութեան հիման վրայ կը մասնակցին ընտրութիւններուն, իսկ ուրիշներ` ընտրական ծրագիրին:
Այս առումով ան շեշտեց, որ պայման չէ մէկուն ընտրական ծրագիրը ըլլայ խոստումներու կոյտ մը, այլ` կրնայ ըլլալ քաղաքական ուժի մը անցեալը եւ անոր գործունէութիւնը: «Իսկ այն կուսակցութիւնները եւ կողմերը, որոնք կը խօսին ելեկտրականութեան, ջուրի եւ աղբի տագնապներուն, ինչպէս նաեւ ճամբաներուն փոսերուն մասին, կը փորձեն սահմանափակել քաղաքացիներուն կեդրոնացումը այդ հարցերուն մէջ, որպէսզի անոնք աւելի լուրջ հարցերու մասին չմտածեն իսկ: Անոնցմէ են օրինակ` համայնքային խտրութեան ջնջումը, լիբանանեան բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը, երկրին համար կարեւոր ռազմավարութիւններու մշակումը եւ այլն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ Լիբանան իսկապէս համերաշխութեան երկիր պիտի ըլլայ, ապա պէտք է ջնջուի հոն տիրող համայնքային դրութիւնը, որուն պատճառով իսկական ժողովրդավարութիւն չի գործադրուիր, եւ օրինակի համար բարձր կարողութիւններու տէր լիբանանահայ երիտասարդներուն դիմաց կը փակուին երկրին մէջ բարձր պաշտօններու հասնելու կարելիութիւնները:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հակառակ ընտրական օրէնքին բովանդակած բացթողումներուն եւ թոյլ կէտերուն, իրեն համար զարմանալի է նաեւ ընտրացանկերուն վրայ գտնուող գործարարներուն գոյութիւնը կամ ընտրական հոլովոյթը ֆինանսաւորող անձնաւորութիւններուն գոյութիւնը: «Զարմանալի է օրինակի համար այն իրականութիւնը, որ կարգ մը թեկնածուներ հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը վճարեն` ապահովելու համար այս կամ այն պատկերասփիւռի կայանին հետ իրենց հարցազրոյցը: Արդեօք մսխուող այս երեւակայական գումարները հայրենիքին հանդէպ զոհողութի՞ւն կը նկատուին, թէ՞ կը մսխուին, որպէսզի երեսփոխան ընտրուելէ ետք այդ գումարները դարձեալ վերադարձուին:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ ընտրակաշառքին եւ քաղաքական նպատակներու համար մսխուող գումարներուն կողքին կան նաեւ արտաքին միջամտութիւնները, որոնք ներկայիս անհատական մակարդակի վրայ չեն` ինչպէս էր պարագան սուրիական հոգատարութեան օրերուն: «Այսօր կայ ռազմավարական ընտրանք, գոյութիւն ունի Դիմադրութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առանցքը ներկայացնող կարգ մը թեկնածուներ հարուածելու փորձ», աւելցուց ան:
Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց կոչ ուղղելով բոլորին 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իբրեւ լիբանանցիներ եւ լիբանանեան ընտրութիւն կատարելու` առանց մտածելու, որ այս սէուտական զօրակցութիւն կը վայելէ, ան` ռուսական, ուրիշ մը` սուրիական, իրանեան, եգիպտական եւ այլն: «Եթէ մենք այսօր կրցանք այս մտայնութեամբ երեսփոխանական ընտրութիւններ ապահովել, ապա չորս տարի ետք կրնանք լիբանանեան մակարդակով նոր փուլ մը թեւակոխել», հաստատեց ան:



