1 մայիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը սկսաւ երկրի վարչապետի ընտրութեան քննարկման նիստը: Նիստին արձանագրուած էին 102 պատգամաւորներ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու արձանագրուած էր միայն «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան: Այլ թեկնածութիւններ չէին առաջադրուած:
Ազգային ժողովի միւս երեք խմբակցութիւնները` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), «Ծառուկեան» դաշինքը եւ ՀՅԴ-ն, յայտարարած էին, թէ թեկնածու պիտի չառաջադրեն: «Ծառուկեան» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները պիտի սատարէին վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանին:
Վարչապետի թեկնածուին ծանօթացումը կատարած է «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան: Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է իր ծրագիրն ու երկրին դիմագրաւած հարցերու լուծման վերաբերեալ իր պատկերացումը: Օգտուելով հարց ու պատասխանի առիթէն, 26 պատգամաւորներ ձայն առած եւ զանազան մարզերուն, հարցերու վերաբերեալ հարցումներ ուղղած են վարչապետի թեկնածուին: Նիկոլ Փաշինեան տուած է իր պատկերացուցած լուծումները` պատասխանելով իւրաքանչիւրին մտահոգութիւններուն:
Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ վստահեցուցած է, որ իր` վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու պարագային, Հայաստան պիտի շարունակէ մնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ: Ան իր ելոյթներուն ընթացքին յայտնած է, որ այդ դիրքորոշումը կը բխի ոչ թէ որեւէ անձի ճաշակէն, ոչ թէ որեւէ անձի դիրքորոշումի փոփոխութենէն, այլ` «Հայաստանի ժողովուրդին յաղթանակ բերած համաժողովրդական շարժումի տրամաբանութենէն»:
«Մենք ըսած ենք, թէ այս շարժումին իբրեւ հետեւանք իշխանութեան եկած է ժողովուրդը, եւ ժողովուրդը, շարժումին ընթացքին բազմաթիւ փոփոխութիւններ պահանջելով ներքին կեանքի կազմակերպումին, արդարութեան, օրինականութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային ապահովութեան բնագաւառին մէջ, որեւէ փոփոխութիւն չպահանջեց ու չի պահանջեր արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ: Մենք պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ ժողովուրդի այս ուղերձին հետ», ըսած է Փաշինեան:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան նկատած են եւ կը նկատեն ռազմավարական դաշնակից, իսկ համաժողովրդական շարժումը հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն համար որեւէ սպառնալիք չի ստեղծեր: «Մենք առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տանք Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն: Որեւէ կասկած չկայ, որ քաղաքական այս գործընթացը նոր շունչ ու ներուժ պիտի տայ մեր դրացիներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն: Մենք պիտի խորացնենք յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան եւ այդ կառոյցի անդամ երկիրներուն հետ: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրի պահանջի վերացման ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալենք անոր շուրջ բանակցութիւնները սկսիլ մօտալուտ ապագային», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրի շուտափոյթ վաւերացումը եւ կեանքի կոչումը կը բխի Հայաստանի շահերէն:
Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն` շեշտելով, որ այդ երկրին հետ բարեկամական յարաբերութիւնները նոր խթանումի կարիք ունին: «Մենք նպատակադրուած ենք յստակ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկել Միացեալ Նահանգներու հետ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարկ տալու համար: Պիտի խորացնենք համագործակցութիւնը Չինաստանի հետ եւ արտաքին քաղաքականութեան այս ուղղութիւնը կը նկատենք շատ կարեւոր: Մեծ կարեւորութիւն կու տանք աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, որ անկասկած պիտի կազմակերպուի բարձր մակարդակով: Հայաստան ամբողջովին պատրաստ է ստանձնելու միջազգային այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան նախագահութիւնը», ընդգծած է ան:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ հաւատարիմ են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ դատապարտումի հոլովոյթին, քանզի համոզուած են, որ միայն դատապարտումի միջոցով կարելի է կանխել նման ոճիրներու կրկնութիւնը: «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ Հայաստան պիտի շարունակէ յառաջամարտիկի դեր խաղալ», շեշտած է ան:
Ըստ Փաշինեանի, տագնապի խաղաղ, միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծման գործընթացին կարծրատիպերը իրենց համար պարտադիր չեն, կենսական է Արցախի ժողովուրդի` իր ճակատագիրը ինքնուրոյն որոշելու անքակտելի իրաւունքի եւ ատոր իրականացման միջազգային ճանաչումը: «Ղարաբաղեան տագնապի լուծման առումով մենք յանձնառու ենք բացառապէս խաղաղ լուծման, որուն առանցքը պէտք է ըլլայ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքը: Նոր լիցք պէտք է հաղորդել Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին, ինչ որ սփիւռքի նախարարութեան կարեւորագոյն գործառոյթներէն մէկը պէտք է դառնայ», ընդգծած է վարչապետի թեկնածուն:
8 ժամ տեւած նիստի աւարտին կատարուած է վարչապետի ընտրութիւն, որուն միակ թեկնածուին` Նիկոլ Փաշինեանի օգտին քուէարկած են 45 պատգամաւորներ, իսկ 55-ը` դէմ: Ժողովը չէ կրցած ընտրել երկրի վարչապետ: Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, ըստ սահմանադրութեան, վարչապետի ընտրութեան յաջորդ նիստը ճշդած է 8 մայիսին:
Նիկոլ Փաշինեանի օգտին քուէարկած 45 պատգամաւորներէն ՀՅԴ խմբակցութեան 7 պատգամաւորներէն քուէարկած է 6-ն, Աղուան Վարդանեան չէ քուէարկած: Ան Նիկոլ Փաշինեանին չքուէարկելու իր տեսակէտը յայտնած է Ազգային ժողովի ամպիոնէն:
Վերոնշեալին լոյսին տակ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը յայտնէ, որ (1 մայիս 2018-ին) Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի հնչեցուցած տեսակէտը անձնական որոշում է եւ չի համապատասխաներ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական դիրքորոշումին: Կատարուած է կարգապահական կոպիտ խախտում, որ պիտի դառնայ քննութեան նիւթ:
Ըստ այդմ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը պահանջէ Աղուան Վարդանեանէն վաղաժամ վար դնել պատգամաւորական լիազօրութիւնը»:
Ազգային ժողովի նիստին, ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ իր խօսքին մէջ նշած է. «Մեր դիրքորոշումին նպատակը յստակ է` հասնիլ այնպիսի հանգուցալուծման, որմէ կը շահի մեր ամբողջ ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Մեր ժողովուրդի եւ քաղաքական ուժերու հասունութեան եւ իմաստնութեան փորձութիւն է ասիկա:
Տակաւին Սերժ Սարգսեանի ընտրութեան ժամանակ մեր մտահոգութիւնները ըսած էինք, որ պարտաւոր ենք ապացուցել, որ կառավարման այս նոր համակարգով երկրին մէջ բան մը պիտի փոխուի, որ արատաւոր բարքերը փոխելու համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ փոխել կարգերը եւ օր առաջ հաստատել նոր կարգեր:
Այո՛, կը պնդէինք, որ հինէն օր առաջ ազատելու համար երկրին մէջ պէտք է նոր կարգեր հաստատուին:
Սերժ Սարգսեանը իր հրաժարականով անոր համար դուռ բացաւ եւ ապացուցեց, որ վարչապետի պաշտօնի ստանձնումը նեղ հատուածական շահ չէր հետապնդեր, հիմա Հանրապետականի կարգն է ապացուցելու, որ նեղ կուսակցական շահ չի հետապնդեր եւ պատրաստ է խաղաղ հանգուցալուծման ճամբով երթալու:
Մենք պարտաւոր ենք, անցեալի սխալները չկրկնելով, թոյլ չտալ, որ համաժողովրդական զարթօնքի ներուժը մսխուի, ժողովուրդը հիասթափուի, այլ ընենք ամէն ինչ, որ բոլորը, ամէն մէկ քաղաքացի զգայ ժողովրդային շարժումին բերած նոր շունչն ու ճաշակէ անոր բարերար արդիւնքները:
Այս արարման փուլին յաջողելու գրաւականը նախ եւ առաջ արտաքին ուժերու միջամտութիւնը բացառելն է, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը պահպանելը, հասարակութիւնը օտարներու եւ իւրայիններու չբաժնելը եւ ներազգային համերաշխութեան եւ բոլոր կողմերու համախոհութեան վրայ հիմնուած միասնաբար յառաջ ընթանալն է: Ասիկա պէտք է ըլլայ յաղթանակ, որուն մէջ իրենց դերակատարութիւնը կը բերեն բոլորը` անկախ քաղաքական հայեացքներէ:
Մենք Նիկոլ Փաշինեանի հետ խօսած եւ համաձայնած ենք այս փուլին հետ կապուած սկզբունքային եւ առաջնահերթ նշանակութիւն ունեցող շարք մը կարեւորագոյն հարցերու շուրջ, որոնցմէ ես յատկապէս կ՛ուզեմ առանձնացնել հետեւեալները`
Պէտք է իրականացնել խաղաղ հանգուցալուծման ներքաղաքական այնպիսի գործընթաց, որ չի վտանգեր մեր դիրքերն ու պաշտպանունակութիւնը ղարաբաղեան ճակատին վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծում այն սկզբունքներով, որոնց հիմքն է Արցախի ժողովուրդի հանրաքուէով արդէն իսկ արտայայտուած կամքը: Ընտրական համակարգի բարեփոխում` տարածքային վարկանշային ընտրակարգի վերացումով:
Խորհրդարանական կառավարման համակարգի հետագայ զարգացում` ուղղուած իշխանութեան լիարժէք ապակեդրոնացման: Համազգային շահերէ բխող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետեւողական գործընթաց:
Եւրոպական Միութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ գործընկերային յարաբերութիւններու շարունակում: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ոչ ոք դէմ կրնայ ըլլալ ժողովուրդի իշխանութիւնը հաստատելու նպատակին: Բայց ատիկա խաղաղ եւ անցնցում կատարելը կը պահանջէ, որ այդ գործընթացը իրականացուի մտածուած` բոլոր կողմերուն ընդգրկումով եւ համախոհութեամբ:
Ասիկա պէտք է ըլլայ բոլորիս սրբազան պարտքը, որ ի լուր աշխարհի կ՛ազդարարէ մեր համազգային իմաստնութեան եւ հեռատեսութեան մասին, անխուսափելիօրէն կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ հայութեան միջազգային հեղինակութիւնը: Մենք ունինք բացառիկ կարելիութիւն չհակադրելու ժողովրդավարութիւնն ու անվտանգութիւնը, այլ ճիշդ հակառակը` ամրապնդելու թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը: Այս է այն նոր սկիզբը, որ մեզ կը տանի դէպի մեր երազած արդար Հայաստանը: Իմաստնութիւն բոլորիս»:
Նշենք, որ ՀՀԿ խմբակցութենէն Փաշինեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեց միայն Ֆելիքս Ցոլակեան:
Իբրեւ վերջին խօսք, Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի բեմէն դիմելով ՀՀԿ-ին յայտարարած է, որ ինք արդէն իր խօսքը չ՛ուղղեր ՀՀԿ-ին իբրեւ կուսակցութիւն, որովհետեւ իբրեւ այդպիսին արդէն այդ կուսակցութիւնը գոյութիւն չունի, այլ ինք կը դիմէ հանրապետական պատգամաւորներուն առանձին-առանձին:
Երէկ Ընդհանուր Գործադուլի Օր
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան 1 մայիսին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի քուէարկութենէն ետք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յայտարարած է, որ ի վերջոյ ժողովրդական յեղափոխութիւնը իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի:
Փաշինեան ընդհանուր գործադուլի ու դասադուլի կոչ ուղղած է: Ան նաեւ յայտարարած է, թէ չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ ժողովուրդը պիտի շրջափակէ պետական շէնքերը` անդամալուծելով կառավարութեան գործունէութիւնը: Փաշինեան նաեւ յայտնած է, որ ցուցարարները պիտի փակեն օդակայանը: Փաստօրէն երէկ կատարուած է Փաշինեանի յայտարարածը:
Երէկ նաեւ արձանագրուած են քաղաքական կարգ մը զարգացումներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը յայտարարած է լիազօրութիւնները վար դնելու մասին: Այս մասին ան յայտարարած է նախարարութեան դիմաց հաւաքուած մարդոց ներկայութեան:
Իսկ Ազգային ժողովի լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, թէ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գրիգոր Աւալեան (ՀՀԿ խմբակցութենէն) երէկ հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:
Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան երէկ տեղի ունեցած Հանրապետական խմբակցութեան նիստէն ետք յայտնած է, թէ խմբակցութիւնը 8 մայիսին պիտի քուէարկէ այն թեկնածուի օգտին, զոր կ’առաջադրեն միւս քաղաքական ուժերը, Ազգային ժողովի 1/3-րդ պատգամաւորներու դիմումով:
«Հաշուի առնելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը` ՀՀԿ խմբակցութեան անունով կը յայտարարեմ, որ Հայաստանը 8 մայիսին պիտի ունենայ սահմանադրական ճամբով ընտրուած վարչապետ, ՀՀԿ-ն թեկնածու պիտի չառաջադրէ եւ պիտի սատարէ 1/3-ին կողմէ առաջադրուած թեկնածուին», ըսած է ան:
Բաղդասարեան կոչ ուղղած է դադրեցնելու շրջափակումները, բողոքի գործողութիւնները եւ վերադառնալու սահմանադրական ճամբով հարցեր լուծելու դաշտ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Ծառուկեան» Խմբակցութիւնը 8 Մայիսին
Կրկին Պիտի Քուէարկէ Ժողովուրդի Թեկնածուի Օգտին»
Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանն ու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը երէկ «Մարիոթ» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցած են:
«Այս ընթացքին քանի մը անգամ հանդիպած ենք, քննարկած ենք, որ Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը 8 մայիսին տեղի ունենալիք վարչապետի ընտրութիւններուն կրկին պիտի քուէարկէ ժողովուրդի թեկնածուի օգտին», հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է Նիկոլ Փաշինեան:
Նոյնը վերահաստատած է նաեւ Գագիկ Ծառուկեան: