Աղուան Վարդանեան 4 մայիսին իր հրաժարականի դիմումը ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նոյն օրը Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ Աղուան Վարդանեանի վերաբերող Դաշնակցութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է, ան պէտք է հրաժարէր իր երեսփոխանական պաշտօնէն եւ այդպէս ալ ըրաւ:
Պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն տեսակէտին, թէ պատգամաւորներէն հրաժարելու պահանջ ներկայացնելը հակասահմանադրական է` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ այս առնչութեամբ Տէր Պետրոսեան կրնայ իր տեսակէտը յայտնել. «Ես ալ նոյնը ըսի իմ խօսքիս մէջ, որ պատգամաւորը իրաւունք ունի առաջնորդուելու իր խիղճով եւ համոզումներով, բայց եւ այնպէս ասիկա Դաշնակցութիւնն է, մենք ունինք մեր աւանդութիւնը: Հակասահմանադրական որոշում չենք կայացներ, պատգամաւորը ինք հրաժարեցաւ: Մենք քաղաքական դիրքորոշում կը դրսեւորենք: Ասիկա Դաշնակցութիւնն է, որուն հետ ոչ ոք կրնայ խաղալ փորձել: Այս կուսակցութենէն այնքա՛ն մեծեր հեռացուած են»:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ Ա. Վարդանեան կուսակցութենէ՞ն եւս պիտի հեռացուի. «Ո՛չ, դեռ նման որոշում չկայ, բայց ես չեմ բացառեր», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:
Խօսելով ժողովրդային շարժումին եւ ստեղծուած իրավիճակին մասին` Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի իւրացնելու ժողովուրդին իշխանութիւնը: «Ամէնէն գլխաւորը այն էր, որ առաջին օրէն պէտք է հասկնայինք, որ ասիկա ժողովրդային պոռթկում է, եւ որ ժողովուրդը կանգնած է այս բոլոր պահանջներուն ետին», ըսած է Ռուստամեան:
Ռուստամեան նշած է, որ «մենք անցեալի դառն դասեր ունինք, մեծ ոգեւորութեամբ ձեռք կը բերենք ժողովուրդին իշխանութիւնը, յետոյ այդ բոլորը կը սկսին մսխուիլ: «Մենք այս զարթօնքը պէտք է պահպանենք, այդ ներուժը վերածենք մեծ ներուժի եւ հզօրացնենք Հայաստանը, միասնականացնենք հայութիւնը», շեշտած է ան:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ Փաշինեանի յօդուածներուն մէջ տարբեր էր Արցախի հարցին նկատմամբ անոր դիրքորոշումը` Ռուստամեան ըսած է. «Մենք հանդիպում ունեցանք անոր հետ, Արցախի հարցը ամէնէն գլխաւոր քննարկման հարցը եղաւ մեր հանդիպման ընթացքին: Անոնք իրենց ծրագիրին մէջ ունին իրենց դիրքորոշումը, որ Արցախի հարցը պէտք է լուծեն այնպէս, ինչպէս հանրաքուէով յայտարարած է Արցախի ժողովուրդը: Այս է մեր հիմնական հաստատումը»:



