Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

May 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս անգամ կը ստանայ խիստ ժամանակակից, արդիական հնչեղութիւն, այն առումով, որ համաժողովրդական շարժումը կը տօնախմբէ իր յաղթանակը:

Այս յաղթանակին, աւելի ճիշդը ամբողջ շարժումի համաժողովրդայնացման մէջ առաջադրուած առաջնային թեմաներէն էր հարստապետական կարգերը արմատապէս փոխելու կարգախօսը: Իսկ այդ կարգախօսը յաջողած էր նկատելի թիւով համալրել մարզերու, գիւղերու եւ առհասարակ քաղաքացիներու այն խաւը, որ տուժած էր այդ կարգերէն եւ շահագործուողի կարգավիճակին մէջ յայտնուած:

Բնականաբար միայն այդ խաւի ներկայացուցիչները չէին ընդդիմադիր ղեկավարի կողքին կամ անոր ետեւէն քալողները: Այսուհանդերձ ընդհանրապէս շարժումի համաժողովրդայնացման եւ ծաւալման ու ահագնացման մէջ այս գերխնդիրը իր անշրջանցելի դերը ունէր:

Հրատապ կարեւորութեամբ կը ներկայանայ հիմա այն, որ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը, ազգային-պետական հարստութիւններու սեփականացման դէմ օրինական պայքարը կամ հակամենաշնորհային հայեցակարգերու գործնական փուլ անցումը քայլ առ քայլ ճիշդ հունով ընթանայ եւ իրողապէս սատարէ համակարգային փոփոխութեան. ժողովուրդի վիճակի փոփոխութեան:

Ժողովրդային ընդվզումը եւ համակարգ փոխելու տրամադրութիւններու նմանատիպ դրսեւորումը նախ եւ առաջ շահագործող հարստապետական կարգերուն ուղղուած է եւ առաջադրած` քաղաքացիի արժանապատիւ կենսակերպի ապահովումը:

Ճիշդ է, որ հրատապութեամբ մայիսմէկեան խորհուրդը Հայաստանի Հանրապետութիւն կը հրաւիրէ մեր բոլորին հայեացքները, այսուհանդերձ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան եւ առհասարակ լիբանանահայ համայնքին համար եւս մեզ կը մղէ Աշխատաւորներու տօնը ընկերվարական սկզբունքներու հայեցակէտերէն արժեւորելու. եւ յիշելու լիբանանցի քաղաքացիի իրաւունքները պաշտպանելու խորհրդարանական քննարկումներու, լսումներու ընթացքին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի դիրքորոշումները կենցաղային-տարրական միջոցները ապահովելու ուղղութեամբ, մինչեւ` վարձքերու օրէնքը բողոքարկելու սակաւաթիւ անուններ հաշուող ցանկին մէջ ներառուիլը: Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ հետեւողականութիւն ցոյց տուած է աշխատաւորներու եւ տնտեսական դժուարութեան մէջ յայտնուած քաղաքացիներու  իրաւունքները պաշտպանելու կեցուածքներուն միջեւ:

Ներհամայնքային առումով, տնտեսական ընդհանուր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած հայ երիտասարդին ընտանիք կազմելու, բնակարանային ծրագիրներուն ետին մղիչ գործօն հանդիսանալու, կրթական ֆոնտերով հայ ուսանողին օժանդակելու, ընկերային կարիքաւոր խաւին սննդական, առողջապահական հարցերը լուծելու բազմաթիւ փաստերը եւ այդ բոլորին համար բաժանմունքներ, գրասենեակներ հաստատելը գործառոյթներ են, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր վրայ վերցուցած է. այդ գործառոյթներու ինքնաստանձնումն ու անոնց կատարողականութիւնը ապահովելը հիմնովին կապ ունին մայիսմէկեան խորհուրդին հետ: Եւ այդ բոլորը կ՛իրականանան Դաշնակցութեան ծրագիրի ընկերվարական հայեցողութեան համահունչ մղումներով:

Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու առանցքը շահագործուող խաւին արժանապատիւ կենցաղ ապահովելն է. Լիբանանի մէջ համայնքի ծով կարիքներուն հասնիլը: Երկու ուղղութիւններուն վրայ ընկերվարական եւ այս պարագային մայիսմէկեան խորհուրդներուն ընդառաջ գործնական քայլեր առնելը, ժողովուրդին ծառայելը:

Նախորդը

Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական. Չորրորդ Կէտի Իրացման Համար Երաշխիքներու Ամրագրումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.