Ծով բազմութիւն…Ծերունիներէն մինչեւ նորածիններ, տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու հարազատ հանդիպում եւ միասնական կերպով հաստատում` Դաշնակցութեան կողքին ըլլալու, անոր նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու, անկէ ուժ եւ կորով ստանալու եւ փոխադարձաբար անոր տալու հաւատարմութեան երաշխիքը` ընտրական քուէն:
Պատկերը տպաւորիչ էր ու յուզիչ, միշտ չէ, որ կարելի է տեսնել քալելու դժուարութիւն ունեցող ծերունիներ կամ իրենց կաթ խմող երեխաները գրկած մայրեր, որոնք անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն երէկ` ուրբաթ, 4 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ լեցուցած էին «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատունը` վստահեցնելու, որ իրենք են Դաշնակցութիւնը, իրենք են ապաւէնը այն կուսակցութեան, որ միշտ իր ժողովուրդին կողքին եղած է լաւ ու վատ օրերուն, ամէնէն ճակատագրական պահերուն, կրկնելով եւ վերստին հաստատելով, որ ինք ծառան է այս ժողովուրդին, պահապանն է հայկականութեան եւ պաշտպանը հայկական ամէն տեսակ արժէքի:
Բազմահազար լիբանանահայեր, անկեղծ հայորդիներ, միշտ Դաշնակցութեան յարգն ու արժէքը գիտցած ու տակաւին գիտցող ժողովուրդ, որ յենարանն է Դաշնակցութեան, որ իր կարքին ապաւէնն ու պաշտպանն է իր ժողովուրդին: Անոնք համախմբուած էին կառատան մէջ` մասնակցելու ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կազմակերպած ընտրական մեծ միթինկին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու կիրակի, 6 մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն, եկած էին ըսելու, որ ընտրապայքարի փուլին եղած աղմուկը չի խանգարեր զիրենք, ընտրակաշառքը անկարող է զիրենք գերելէ, սին ու ժամանակաւոր խոստումները անկարեւոր են իրենց համար, որովհետեւ Դաշնակցութեան հետ իրենց պատմութիւնը փաստած է, որ այս կուսակցութիւնը մնայուն ընկեր է, մնայուն ծնողք, մնայուն նեցուկ ու ապաւէն:
Արդիական ամէն տեսակ արհեստագիտութեամբ յագեցած ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ այսօր, ինչպէս միշտ, ճակատագրական բոլոր փուլերուն, եկած ենք ձեր դիմաց պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ, վերանորոգելու մեր ուխտը, որ աւելի քան 128 տարի կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ հնչեղութիւնը: Դաշնակցական այդ ուխտը հայութեան եւ Հայաստանի խաղաղ ու պայծառ օրերուն եւ մանաւանդ ճակատագրական եւ թէժ պահերուն մեր լուսաւոր փարոսն է, մեր էութիւնն է, մեր կեանքի իմաստը եւ մեր ժողովուրդի յաղթանակած պայքարներուն անփոխարինելի գրաւականը: Ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ պետութիւն կամ գերպետութիւն, ոչ մէկ դաւադիր ձեռք, ոչ մէկ միջազգային միջամտութիւն եւ աւելին, ոչ մէկ թունաւորում յաջողած է Դաշնակցութեան` ժողովուրդին հետ ունեցած ոգեղէն ու գաղափարական կապը թուլացնել եւ կասկածի տակ դնել:
Ան անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ըսաւ, թէ լիբանանահայութիւնը այս կիրակի ժամադրուած է հայկական գործօնի պահպանման եւ ուժեղացման կարեւոր պայքարին հետ: Պայքարը մեր ժողովուրդի պայքարն է, դրօշակակիրը մեր իրաւունքներու պաշտպան մեր աննման ժողովուրդն է: Դաշնակցութիւնը անկեղծ զինուորն է այդ պայքարին ու պաշտպանը մեր ժողովուրդի վեհ ու վսեմ տեսլականներուն: Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան եւ հինգ հազարի հասնող կամաւորներու բանակը հայավայել կերպով եւ հպարտութեամբ պիտի մղեն այս պայքարը: Պիտի մղեն գաղափարական յանձնառութեամբ, ամբողջական համոզումով եւ Լիբանան հայրենիքին հանդէպ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան դրսեւորումով: Յ. Հաւաթեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ նախ կամաւորներու այս ստուար բանակին, որոնք ամիսներէ ի վեր ակումբներու ու ժողովրդային տուներու մէջ աշխատած են եւ կիրակի օր պիտի քաղեն իրենց աշխատանքին արդիւնքը, ապա բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս եզրափակիչ ընտրական հաւաքի կամակերպման:
Յ. Հաւաթեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին ըսելով. «Կիրակի առաւօտեան ժամերէն եկէք հաւաքուինք մեր ակումբներուն ու ժողովրդային տուներուն շուրջ եւ անկախ մեր քուէարկութենէն, բոլորս անխտիր անդամագրուինք կամաւորներու բանակին, թող բոլորը իմանան, որ ՀՅԴ-ն դարձեալ «իջեր է մէյտան» եւ համաժողովրդային մեծ ոգեւորութեամբ ու նեցուկով կը մղէ իր պայքարը: Իջած ենք պաշտպանելու մեր արժանապատուութիւնը, իջած ենք պաշտպանելու հաւաքական մեր միասնականութիւնը, իջած ենք պաշտպանելու հայ համայնքի լինելութիւնը, որ է ու կը մնայ ամուր երաշխիք հայ ժողովուրդի համահայկական երթին, իջած ենք անգամ մը եւս հաստատելու կեդրոնական այս գաղութի դերակատարութիւնը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի երազներու իրականացման եւ մեր սիրելի Հայաստան աշխարհի ու Արցախի լինելութեան ու յառաջընթացի երաշխաւորման, եւ վերջապէս` մեր համազգային երազներու իրականացման»:
Յ. Հաւաթեան խօսքի աւարտին ըսաւ. «Ազգի եւ հայութեան հանդէպ իւրաքանչիւրիս որոշումը կախեալ է երեք հանգամանքներէ` մեր միտքը արթուն եւ զգաստ պահել, մեր սրտի զարկերակներուն հաւատարիմ մնալ եւ ականջալուր դառնալ մեր խղճի ձայնին: Արթուն մտքով, լայն սրտով եւ մանաւանդ հանգիստ խղճով մեր ու մեր հարազատներուն քուէաթղթիկները պիտի յորդեցնենք հայկական քուէատուփերուն մէջ: Ամբողջական յաջողութիւն ու յաղթանակ կը մաղթենք մեր թեկնածուներուն, որոնք վստահաբար արժանի դառնալով ձեր իւրաքանչիւրին քուէին, պիտի արդարացնեն իրենց վրայ պարտք դրուած բոլոր յոյսերը»:
Ապա իր խօսքը ուղղեց, կիրակի օր իսկապէս հայութիւնը ներկայացնող ու անոնց շահերուն ի խնդիր գործող թեկնածուներուն քուէարկելու կոչ ուղղեց եւ լիբանանահայութեան նկատմամբ Դաշնակցութեան անվերապահ վստահութեան անդրադարձաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հաստատեց, թէ 6 մայիսին իւրաքանչիւր լիբանանահայ իրաւ, ինքնուրոյն եւ ազատ հայու քուէն պիտի տայ առաջին հերթին ինքնիրեն, երկրորդ հերթին` Լիբանանին, երրորդ հերթին` հայութեան, իսկ չորրորդ հերթին` Դաշնակցութեան: «Դաշնակցութիւնը, լիբանանահայութիւնը, Լիբանանն ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը մէկ բռունցքի մէջ ամփոփուած այն ուժն է, որ պիտի գայ մայիս 6-ին ըսելու իր խօսքը բոլոր անոնց, նորելուկ փերեզակներուն, որոնք կը կասկածին ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարկեշտութենէն, ձեզմէ իւրաքանչիւրին լիբանանցիութենէն, ձեզմէ իւրաքանչիւրին զոհաբերութենէն, ձեզմէ իւրաքանչիւրին հայրենասիրութենէն: 34 ժամ կայ տակաւին, եւ այսօր դուք հոս` բազմահազար ներկայութեամբ ցոյց կու տաք բոլորին, որ 6 մայիսին դուք, մենք, միասնաբար յաղթական ենք: Այսօր եկած ենք ըսելու եւ 34 ժամ ետք պիտի երթանք քուէատուփերը ըսելու, որ Լիբանանի հայութեան ներկայացուցիչները անկախ մտածողութեան, ազատ կամքի, ինքնուրոյն որոշումի թեկնածուներն են: Մայիս 6-ի գիշերը դուք պիտի ունենաք ազատ կամքի, ինքնուրոյն կամքի, ազատ որոշումի երեսփոխաններ, որոնք ուրիշին կառքին լծուած պիտի չըլլան: Դուք հոս եկած էք ըսելու, որ 34 ժամ ետք պիտի ընտրէք երեսփոխաններ, որոնք հայ համայնքին համարատու են, որոնք հայութեան որոշումին համարատու են, որոնց թեկնածութիւնը առաջադրուեցաւ հայութեան կողմէ, եւ ոչ թէ ոչ հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու, անհատներու, գործատէրերու կամ դրամատէրերու կողմէ: Դուք այսօր հոս եկաք եւ 34 ժամ ետք պիտի ըսէք բոլոր լիբանանցիներուն, որ դուք մերժեցիք եւ կը մերժէք ամէն տեսակի միտում, որ կը ձգտի պառակտել լիբանանահայութիւնը, որ կը ձգտի արժեզրկել զայն, որ կը ձգտի կամազուրկ դարձնել Լիբանանի հայութիւնը, որ կը ձգտի ուրիշին որոշումին ենթարկել զայն: Այսօր հոս եւ 34 ժամ ետք պիտի ըսէք բոլորին, որ 128 տարուան կեանք ունեցող Հայ յեղափոխանական դաշնակցութիւնը, որուն կեանքին 116-ը Լիբանանի մէջ, այդ վիթխարի կաղնին փոթորիկներու դիմաց չի կքիր, չի խոնարհիր, այլ կը մնայ միշտ դէպի վեր սլացող», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ ամէն մարդ պէտք է տեսնէ այդ բազմահազար ժողովուրդը, որ Դաշնակցութիւնն է, Լիբանանի մէջ հայութեան ազատ ու աննկուն կամքն է, հպարտ հայն ու լիբանանցին է:
Ապա երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ ընտրական նոր օրէնքին մասին, որուն հիմնական նպատակն է սրբագրել ներկայացուցչութեան սկզբունքը, որպէսզի ամէն համայնք, համաձայն իր ուժին, իր քուէներով իր երեսփոխանները հասցնէ խորհրդարան` դիտել տալով, որ ներկայացուցչութիւն կը նշանակէ համայնքին մէջ դերակատարութիւն ունեցած, աշխատանք տարած, քրտինք ու արիւն թափած եւ ծառայութիւն մատուցած ուժերու ներկայութիւն: «Այս ընտրական օրէնքով մենք բոլորս պիտի փաստենք, որ եթէ անցնող 18 տարիներուն ընթացքին Լիբանանի հայութեան ներկայացուցչութիւնը առեւանգուած էր, այսօր մենք հաւաքաբար 34 ժամ ետք պիտի ըսենք բոլորին, որ մենք դարձեալ ձեռք բերինք մեր իրաւունքները, որ մենք խորհրդարան հասցուցինք մեր ներկայացուցիչները: Ներկայացուցիչները այն կուսակցութեան, որ ամբողջ 128 տարի իր ժողովուրդին հետ եղած է, որ ամբողջ 116 տարի Լիբանանի մէջ իր ժողովուրդին հետ եղած է, ցաւ տեսած է, հալածուած է, իր ժողովուրդին ուրախութեան հետ ուրախացած է, անոր տագնապներուն հետ տագնապած է, իր ժողովուրդին հետ անօթի մնացած է, կրակի մկրտութիւն ստացած է, պատերազմ մղած ու յաղթած է, լիբանանահայութիւնը պահած է հոս` Լիբանանի մէջ, հզօր, ազատ, անկախ, հպարտ», ըսաւ ան:
Յակոբ Բագրատունի ապա անդրադարձաւ հայութենէն իր ներկայացուցիչները խլելու մերժելի եւ ձախողութեան դատապարտուած փորձերուն, մոլորածներու եւ կասկածամիտներու փաղանգներուն, որոնք իրենց քուէն վաճառելու պատրաստ են` կոչ ուղղելով նմաններուն իրենք զիրենք չօտարացնելու, իրենց հայկականութիւնը ուրիշին չծախելու, որովհետեւ ուրիշէն մեզի օգուտ չկայ:
Անոր համաձայն, 18 տարի շարունակ երկու երեսփոխանով կարելի եղաւ պահել լիբանանահայութեան արժանապատուութիւնը, կարելի եղաւ պայքարիլ հայութիւնը պառակտելու եւ անկէ իր իրաւունքները խլելու փորձերուն դէմ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը առանձին չէ, անհատներու կուսակցութիւն չէ, իր ղեկավարներուն եւ դաշնակցականներուն կուսակցութիւնը չէ միայն, այլ համայն ժողովուրդին կուսակցութիւնն է: Ապա Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ լիբանանահայութեան լիբանանցիութիւնը կասկածի տակ առնելու փորձերուն մասին` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդով միշտ գործած է այնպէս, որ Լիբանանի հզօրացման համար հզօրացուցած է իր համայնքը, Լիբանանի շահին համար հզօրացուցած է հայութիւնը, Լիբանանի քաղաքական կշիռին համար հզօրացուցած է լիբանանահայութեան քաղաքական կշիռը: Ան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան եւ Դաշնակցութեան կողմէ Լիբանանի նկատմամբ միշտ ցուցաբերուած դրական կեցուածքն ու շինիչ դերակատարութիւնը` դրական չէզոքութիւնը, երբ լիբանանցիներ իրարու դէմ զէնք կը բարձրացնէին, Կեդրոնական Պէյրութի շինութեան մասնակցութիւն, առեւանգուածներու ազատագրում, իր սեփականէն հաւաքականին տրամադրելու պատրաստակամութիւն, երբ կողոպուտը Լիբանանի մէջ տիրական էր ու համայնական, վիրաւորներու դարմանում, երբ տեղացիք եղբայրասպան կռիւ կը մղէին, լիբանանեան դրօշակը բարձր պահել համայն Լիբանանի տարածքին, երբ իր զաւակներուն մէկ մասը զայն կ՛ոտնակոխէր ու կը հրկիզէր եւ այլն: Այս բոլորէն ետք ան հաստատեց, որ արդէն պարզ է, թէ ոչ ոք կրնայ լիբանանահայութեան լիբանանցիութիւնը կասկածի տակ առնել:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ապա խօսեցաւ հայութեան իսկական ներկայացուցիչներուն տուեալներուն մասին` ճանչնալ ժողովուրդը, իրազեկ ըլլալ անոր հարցերուն, ապրիլ անոր հետ, ծառայել հաւաքական շահերուն, առաջադրուած ըլլալ այնպիսի կուսակցութեան կողմէ, որ միշտ բարձր պահած է լիբանանահայութեան արժանապատուութիւնը, բռունցքը, պատիւը, հպարտութիւնը` աւելցնելով, որ հայութեան մեծամասնութեան քուէով խորհրդարան չհասնող անհատները բնականաբար պիտի չծառայեն հայութեան, այլ պիտի ծառայեն ուրիշներու, հաշուետու են իրենց նեցուկ կանգնած օտարին, սակայն երբեք հայութեան: «Տարբեր բան է լոկ լիբանանցի երեսփոխան ըլլալ, տարբեր բան է եւ հպարտութիւն է այս սքանչելի ժողովուրդը ներկայացնելով` լիբանանցի հայ երեսփոխան ըլլալ: Հայ երեսփոխան, որ գիտնայ Լիբանանի շահերը պաշտպանելու զուգահեռ պաշտպանել լիբանանահայութեան շահերը, որ գիտնայ` հեռու աւելորդ հռետորականութենէ ու չափազանցութենէ, հեռու գեղեցիկ կարգախօսներէ, որոնք հազիւ արձակուած կը մարին, թէ մեր ժողովուրդը արժանի է իր հարցերը ներկայացնող երեսփոխան ունենալու, թէ մեր ժողովուրդին իրաւունքն է պաշտպանուիլ իր երեսփոխաններուն կողմէ, եւ ոչ թէ երեսփոխաները պաշտպանուին զիրենք ներկայացուցած ոչ հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք հայութիւնը կը դիտեն պարզապէս իբրեւ քուէ, իրենց թեկնածուն կ՛առնեն, կը շահագործեն, հրապարակ կը նետեն, իսկ աւելի ուշ առանց երթաս բարովի տուն կը ղրկեն», յայտարարեց ան:
Ապա երեսփոխանը խօսեցաւ վերջին շրջանին լիբանանեան իրականութիւնը ողողած բազմապիսի խոստումներուն մասին` հաստատելով, որ իսկական խոստումը կուսակցութիւն մը ներկայացնողին կողմէ տրուածն է, որուն իրականացման կարելիութիւնները սերտուած կ՛ըլլան այդ կուսակցութեան կողմէ: «ՀՅԴ-ի խոստումը իր անցեալն է, իր պատմութիւնն է, մեր քաղաքական ծրագիրները անցեալէն եկած ու դէպի ապագայ ընթացող են: Մենք խոստացած ենք ժողովուրդին եւ իրականացուցած ենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնն ու անոր ուղեկից միութիւնները տասնեակ տարիներով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ ծառայած են իրենց ժողովուրդին տարբեր ձեւերով եւ միջոցներով, տարբեր բնագաւառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած են:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ հզօր հայութիւնը աչքի փուշ է, որովհետեւ մեր հզօրութիւնը մարսելի չէ տեղացիներուն կողմէ, որովհետեւ եթէ լիբանանահայութիւնը կոտորակուած ու տկար ըլլայ, դիւրին կ՛ըլլայ զայն շրջանցել եւ կերտել անձնական շահերու հիման վրայ գործող պետութիւն, որ միշտ ալ մերժելի եղած է Դաշնակցութեան կողմէ: Ան անդրադարձաւ նաեւ այս օրերուն հրապարակը ողողած ընտրակաշառքին, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական հասունութեան եւ քաղաքական ղեկավարներու մակարդակի անկումի ցուցանիշ է` շեշտելով, որ լիբանանահայութիւնը եւս գնելու, զայն իր ղեկավարութենէն հեռացնելու, Դաշնակցութեան եւ իր ժողովուրդին միջեւ խրամատ ստեղծելու փորձեր կը կատարուին: «Անոնց լաւագոյն պատասխանը դուք էք, սիրելի՛ ժողովուրդ, ձեր ներկայութիւնն է հոս` Դաշնակցութեան կողքին», յայտնեց ան:
Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կիրակի օր պէտք է քուէատուփ երթալ ճակատաբաց եւ ատակ` նայելու մեր զաւակներուն աչքերուն մէջ եւ ըսելու, որ մեր քուէները իրենց համար են, որպէսզի իրենք Լիբանանի մէջ կարենան ապրիլ իբրեւ հպարտ հայ, որուն ճակտին ամօթանք չկայ, որուն ձեռքին արիւն չկայ, որուն գրպանը թունաւոր դրամ չկայ, իր հոգին ծախած հայու քուէի գումարը չկայ: «Պիտի երթանք ու քուէարկենք Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, որպէսզի մեր զաւակներուն առջեւ հաշուետու ըլլանք, պատասխանատու ըլլանք` ըսելով, որ մենք ձեզի համար սքանչելի հայրենիք մը ու հայութիւն մը կը կերտենք Լիբանանի մէջ: Լիբանանի հայութիւնը էր, կը մնայ ու պիտի մնայ համայն սփիւռքի բաբախող սիրտը, արիւն ներարկող երակը համայն հայութեան: Տկար լիբանանահայութիւն կը նշանակէ տկար սփիւռք, տկար սփիւռք կը նշանակէ տկար Հայաստան ու Արցախ: Հայ ժողովուրդը ո՛ւր ալ գտնուի, մէկ շղթայի մաս կը կազմէ, մենք այդ շղթային պողպատեայ օղակներէն ամէնէն ամուրն ենք, եւ ասիկա կ՛ըսենք առանց մեծխօսիկութիւն կատարած ըլլալու, այլ կ՛ըսենք, որովհետեւ կը հաւատանք լիբանանահայութեան արժէքին, գոյութեան, ասիկա կ՛ըսենք, որովհետեւ այսօր մեզի հետ ունինք սփիւռքի տարբեր գաղութներէն ընտրութիւններուն մասնակցելու համար Լիբանան հասած մեծաթիւ հայորդիներ, որոնք գիտցան, թէ իրենց պարտականութիւնն է Լիբանան գալ ու լիբանանահայութեան զօրակցիլ, Լիբանանի մէջ հայութիւնը ամուր պահել, որպէսզի ամուր մնայ Հայաստանն ու Արցախը:
«34 ժամ ետք արդարութիւնը պիտի հնչէ: 34 ժամ ետք բոլորս պիտի ուղղուինք քուէատուփ` ո՛չ ըսելու մեզ պառակտող բոլոր ուժերուն, ո՛չ` Լիբանանի հայութիւնը քանդող բոլոր փորձերուն, ո՛չ` անհատական ձգտումներով, անհատական թեկնածութիւններով ուրիշներուն ծառայութեան մէջ եղող թեկնածուներուն: Այո՛ պիտի ըսենք Լիբանանի հայութեան ծառայած կուսակցութեան, այո՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ անոր թեկնածուներուն, այո՛ մեր զաւակներուն, թոռնիկներուն, այո՛ իրարու, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդն է, մեր ժողովուրդը Դաշնակցութիւնն է, Դաշնակցութիւն եւ ժողովուրդ մէկ բռունցք են, որ պիտի մնայ միշտ բարձր` յանուն մեր ժողովուրդի բոլոր, բոլոր ձգտումներու իրականացման», իր խօսքը ծափողջոյններով աւարտեց Յակոբ Բագրատունի:
Խօսքերէն ետք ելոյթ ունեցաւ ազգային- յեղափոխական երգերու սիրուած մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան եւ իր նուագախումբը: Ապա լիբանանահայ երգիչներ Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Արարատ Ահարոնեան, Լիզա Սվաճեան, Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Սերոբ Յակոբեան միասնաբար ներկայացուցին «Մեզ միացնողը Դաշնակցութիւնն է» երգը:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աղջկանց եւ տղոց խումբերը եւ իրենց յաղթանակը, բաժակները յանձնեցին լիբանանահայութեան:
Ելոյթ ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր երգչուհի Սիրուշօ, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բազմահազար հայորդիներուն մէջ:
Ապա կրկին բեմ բարձրացաւ Գառնիկ Սարգիսեան եւ շարունակեց յեղափոխական երգերու իւրայատուկ մեկնաբանութիւնը` ճոխ ու հարազատ մթնոլորտ ստեղծելով: Լիբանանեան եւ Դաշնակցութեան դրօշակներու ծածանումը` բազմահազար հայորդիներու ձեռքին, ազդու պատկեր մը պարզեց եւ եկաւ շեշտելու, որ այնքան ատեն որ Դաշնակցութիւնն ու ժողովուրդը ձեռք-ձեռքի են, յաջողութիւնը անոնց կը պատկանի:
Նշենք, որ օրուան յայտագիրը վարեց Լոռիկ Սապունճեան-Ծատուրեան։
Greetings from the USA!
A feeling of joy, pride, wonderment, at the sight of the enormous crowd at the ARF political rally.
Ho Hee Ta forever!