Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

Մայիս 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ՀՅԴ-ի խորհրդարանական  խմբակցութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ներքաղաքական իրավիճակը եւ անկէ բխող ելքերը:

Դաշնակցութիւնը միշտ ալ միասնական եղած է, մեր կուսակցութեան հետ կապուած այդպիսի կասկածներ չեն կրնար ըլլալ. վարչապետի թեկնածուի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն ինչպէ՞ս է պիտի քուէարկէ:

«ՀՅԴ-ն միշտ միակամ եւ միաձայնութեամբ յայտնած է իր տեսակէտը: Մենք մեր տեսակէտը նախօրօք յայտնած ենք, որ այս փուլին առաջադրուելու պարագային պիտի սատարենք Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան», ըսած է Ռուստամեան:

Ռուստամեան նշած է, որ իրենք շատ յստակ կը պատկերացնեն, որ վարչապետ ընտրելէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի յառաջանայ նոր իրավիճակ, որուն մասին ալ խօսած են Փաշինեանին հետ:

«Բովանդակային առումով մեր մօտեցումներուն միջեւ տարբերութիւններ գոյութիւն չունին: Ասիկա մեզի համար ամէնէն սկզբունքայինը եղած է, որ հասնինք այս եզրակացութեան: Ես չեմ ուզեր փակագիծերը շատ բանալ, բայց խօսքը կը վերաբերի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն: Իրարու հետ փորձած ենք համադրել մեր տեսակէտները, եւ իսկապէս ոգեւորող է, որ լուրջ տարակարծութիւններ չունինք», ընդգծած է ան:

Ըստ Ռուստամեանի, պէտք է այնպիսի ընտրութիւններ կազմակերպել, որոնց արդիւնքները որեւէ մէկուն մօտ կասկած չյարուցեն: «Բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին սահմանադրութեան նախանշած ճամբով: Մենք չենք կրնար սահմանադրութիւնը ծալել-դնել մէկ կողմ եւ խօսիլ մեր ցանկութիւններէն մեկնած: Մենք խօսած ենք Փաշինեանին հետ: Նպատակը այն չէ, որ շուտով արտահերթ ընտրութիւններ ըլլան: Արտահերթ ընտրութիւնները եւս պէտք է սահմանադրօրէն նախանշուած դրոյթներով ու մօտեցումներով կազմակերպուին», նշած է պատգամաւորը:

Ըստ անոր, ժամկէտները պէտք է ըլլան ողջամիտ, համախոհութեամբ պէտք է կարենանք այդ հարցը լուծել: «Մենք կ՛ուզենք այնպիսի ընտրութիւն կազմակերպել, որ բոլորս ունենանք հաւասար մասնակցութիւն, այդ ընտրութիւններու արդիւնքները որեւէ մէկը կասկածի տակ չդնէ, եւ ամէնէն կարեւորը` անոր համար անհրաժեշտ են նախապատրաստական քայլեր, որոնք այսօր պահպանուած չեն», նշած է  Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, այս բոլորին իմաստը այն չէր, որ արագ ընտրութիւններ կազմակերպուին, ամէնէն արագը ոչ մէկուն համար ընդունելի է, անիկա վարչապետ չընտրելու պարագային կ՛ըլլայ: «Ընտրական օրէնսգիրքը պէտք է փոխուի, որ կ՛ենթադրէ 3/5-րդ մեծամասնութիւն, որ սահմանադրական մեծամասնութիւն է: Այդ սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւնը ինքնին ժամանակ կը  պահանջէ, ես չեմ կրնար գնահատել օրերով: Ողջամիտը այն է, որ բոլոր փոփոխութիւնները պէտք է կատարուին, որ բացառուի ընտրակաշառքի երեւոյթը, վարկանշային համակարգը պէտք է վերացուի, որուն մասին մենք բազմիցս խօսած ենք», ըսած է պատգամաւորը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ 1 մայիսին պիտի ընտրուի՞ վարչապետ, ան  ըսած է. «Յոյսով եմ` մեր հիմնական մտահոգութիւնը ղարաբաղեան ճակատին կը վերաբերի: Այս ամէնը այսքան երկար ձգձգել կարելի չէ, որովհետեւ որքան երկարի այս վիճակը, այնքան մեր երկիրն  կը թուլնայ, այնքան մեր թշնամիին ախորժակը կ՛աւելնայ: Ասիկա մենք պէտք է ամէն ձեւով բացառենք: Այստեղ ՀՅԴ-ն պիտի ըլլայ անզիջում, ամէն ինչ պիտի կատարէ, որ բացառէ թշնամիի ախորժակին աւելնալը»:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ դուրս եկան համաձայնական դաշինքէն, Ռուստամեանը պատասխանած է, որ անոր համար երկու պատճառ կար: «Համաձայնական դաշինքէն դուրս եկած ենք, քանի որ համաձայնական դաշինքի յուշագիրը այս արտակարգ իրավիճակին մէջ չէր գործեր, եւ որ մենք կարենանք ինքնուրոյն մեր կարեւոր նկատած ծրագիրներն ու մարտավարութիւնը իրականացնել: Մենք չենք կրնար այն դաշտին մէջ ըլլալ, ուր գրուած է, որ վարչապետի առաջադրման իրաւունքը կը պատկանի Հանրապետականին: Որպէսզի սատարենք մեզի համար ընդունելի, ժողովուրդին կողմէ վստահութիւն վայելող թեկնածուին, նախ պէտք է դուրս գայինք այդ յուշագիրով սահմանուած կաշկանդումէն: Ասիկա կարելիութիւն տուաւ, որ ՀՅԴ-ն մտնէ այս գործընթացին մէջ: Ժամանակը կու գայ, կը տեսնէք, որ Դաշնակցութիւնը  այստեղ խաղցած է կարեւորագոյն, լրջագոյն դերը», եզրափակեց պատգամաւորը:

Նախորդը

Հայաստանի Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու Ժամկէտը Վերջ Գտաւ. Փաշինեանը` Միակ Թեկնածուն

Յաջորդը

Խմբագրական. Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?