ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 1 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լէյլաւանի մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային միթինկ-ընթրիք մը` ներկայութեամբ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի:
Լիբանանի եւ ՀՅԴ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի անդամ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` 128 տարուան կուսակցութիւնը, անգամ մը եւս կու գայ փաստելու, որ ինչպէս միշտ, կը կանգնի լիբանանահայութեան կողքին եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ հայութեան համար:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը պաշտպանած է եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել մեր շահերը: Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ մէկ բռունցքով 6 մայիսին ուղղուին քուէատուփ` ցոյց տալու համար Դաշնակցութեան ուժը եւ ժողովուրդ-կուսակցութիւն անքակտելի կապը:
Այնուհետեւ Վիգէն Տիշչեքենեան մեկնաբանեց յեղափոխական քանի մը երգ, ապա խօսք առաւ Յակոբ Քէշիշեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ 6 մայիսին պիտի քուէարկենք Դաշնակցութեան, որովհետեւ ճգնաժամային պահերուն, փորձանքներու եւ դժուարութիւններու ժամանակ անիկա հայուն պատիւը միշտ բարձր պահած է: «Պիտի քուէարկենք աշխարհատարած այն կուսակցութեան, որ իր ուղեկից միութիւններուն հետ երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր բոլոր ուժերով կը սատարէ կազմակերպուած սփիւռք ունենալու, հայը հայ պահելու եւ Հայ դատը քարոզչական ու դիւանագիտական միջոցներով հետապնդելու հրամայականներուն», ընդգծեց Յակոբ Քէշիշեան:
Ան յայտարարեց, թէ մինչ պետական կառոյցներ կը պահուին վճարովի պաշտօնեաներով, մեր սեփական հայկական կառոյցները գոյատեւած են ու կը գոյատեւեն կամաւորաբար տարուած աշխատանքով եւ անվճար ձեռքերու շնորհիւ:
Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ է իր ժողովուրդին, եւ հայ ժողովուրդը հաւատարիմ է Դաշնակցութեան: Ազգային եւ հայկական կառոյցներուն մէջ հասակ առած ու գործած հայորդիներն են ազգին իսկական ներկայացուցիչները: Հայ ըլլալը կ՛ենթադրէ ամէն օր հայօրէն մտածել, հայութեան մասին խորհիլ, հայերէն խօսիլ ու աղօթել, հայութեան անկատար տենչերով ամէն օր ապրիլ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել ազգապահպանման վեհ առաքելութեան:
Յ. Քէշիշեան յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին չմասնակցեցանք Լիբանանի քանդումին, հեռու մնացինք գողութիւններէ, աւերումէ եւ առեւանգումէ, պատերազմին յաջորդած խաղաղութեան օրերուն` իբրեւ Լիբանանի մեծագոյն եօթը համայնքներէն մէկը, մեր արդար իրաւունքն է Լիբանանի պետական համակարգին մէջ առաւել եւս յաւելեալ թիւով ունենալ Ա. կարգի պաշտօնեաներ, դեսպաններ, նախարարութիւններու տնօրէններ եւ այլ բարձր դիրքերու վրայ գտնուող հայ համայնքի զաւակներ: Այս բոլորը կրնան իրականանալ միայն, երբ ունենանք հզօր Հայկական երեսփոխանական պլոք մը, որ կրնայ իրագործել այս պահանջները ի նպաստ հայութեան հաւաքական շահերուն: Հայ երեսփոխանին պարտականութիւնը կրկնակ է անվարան: Ան նախ պարտաւոր է մասնակցութիւն բերել Լիբանանի տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, ելեւմտական թէ այլ մարզերու օրէնսդիր աշխատանքներուն, ապա ան պարտաւոր է անսակարկ օժանդակութիւն բերել հայկական կառոյցներու ուժեղացման, զանազան բնագաւառներու մէջ եւ լուծումներ գտնել ազգայիններու ընթացիկ առօրեայ հարցերուն:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մեր քուէն ժողովուրդին համար ժողովուրդէն ծնած Դաշնակցութեան է: Մեր քուէն մեր արժանապատուութիւնն է, մեր քուէն մեր արիւնն է, մեր քուէն լիբանանահայ գաղութը ուժեղ պահելու համար է»:
Ելոյթ ունեցաւ Շաքէ Պաղտասարեան եւ ներկայացուց հայրենասիրական երգերու փունջ մը:
Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Բագրատունի, որ ողջունեց ներկաները` զանոնք կոչելով հարազատներ, որոնց հետ երկու տասնամեակ ապրած է Ֆանարի մէջ, երբ Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանին տնօրէնն էր:
Ան նշեց, որ այս հանդիպումը` լիբանանահայութեան հետ տարբեր շրջաններու մէջ ՀՅԴ թեկնածուներուն ունեցած քսաներորդն է իր տեսակին մէջ, սակայն ամէնէն զգացական, ուրախ եւ հանգիստ հանդիպումը կը մնայ ասիկա:
«Այս շէնքին մէջ քսան տարի պաշտօնավարած եմ, այս բակին մէջ թերեւս ձեզի հետ հարիւր անգամ հանդիպած եմ, բակին ետին գտնուող պարտէզը միասին ցանած ենք: Այս թաղերուն ցաւերն ու ուրախութիւնները միասնաբար կիսած ենք: Այսօր կը տեսնեմ, որ աշակերտներս մայրեր ու հայրեր եղած են, անոնց ծնողները մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր եղած են: Տիկին Գեղոն` բոլորին մայրը տակաւին ողջ-առողջ է. ան 90 տարեկան եղած է: Աստուած բոլորին երկար կեանք տայ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս հաւաքը զուգադիպած է 1 մայիսին, որ լաւագոյն կերպով կարելի է տօնել Ֆանարի մէջ, ուր բոլորը աշխատաւոր մարդիկ են եւ իրենց ճակտին քրտինքով իրենց ընտանիքներուն օրապահիկը կ՛ապահովեն, իսկ իրենց աշխատանքով հայ ընտանիքին պատիւը կը պահեն:
«Ձեզմէ շատեր ծանօթ են ինծի, եւ գիտեմ, թէ ի՛նչ ծանր աշխատանքներով է, որ դուք ամուր կը պահէք ձեր ընտանիքները, հայկականութեան մթնոլորտի մէջ կը մեծցնէք ձեր զաւակները եւ կը ներկայանաք իբրեւ հայ ժողովուրդի հզօրագոյն տիտանները», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան նշեց, որ միայն չորս օրեր կը բաժնեն լիբանանցիները երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականէն` աւելցնելով, որ ինք վստահ է, որ ներկայ բազմութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը պիտի յաղթեն, որովհետեւ լիբանանահայը գիտէ, թէ որո՞ւ պիտի քուէարկէ:
«Երբ դուք այս երեխաներուն աչքերուն կը նայիք եւ կը տեսնէք, թէ անոնց ապագան ինչպէ՛ս պիտի կառուցուի, երբ անոնց աչքերուն կը նայիք եւ կը հպարտանաք, որ վաղը անոնք ամուր ու երիտասարդ հայեր պիտի ըլլան, դուք լաւապէս գիտէք, թէ ի նպաստ որո՛ւն քուէարկելով այդ երեխաները տիպար հայեր կը մնան, տիպար լիբանանցիներ կը մնան, հպարտ հայեր կը մնան, պահանջատէր հայեր կը մնան, արդարութեան, հաւասարութեան հաւատացող երիտասարդ լիբանանցիներ կ՛ըլլան: Մենք համոզուած ենք, որ այդպէս էք: Ո՛չ դրամ կը բաժնենք ձեզի եւ ո՛չ ալ խոստումներ կու տանք: Վստահ եմ նաեւ, որ ձեր մէջ չկայ մէկը, որ իր քուէն կը ծախէ, որովհետեւ իր ճակտին քրտինքով ապրողը կը մերժէ իր քուէն ծախել ու կաշառք բաժնողին կ՛ըսէ. «Ձեր դրամը` ձեզի, մեր արժանապատուութիւնը` մեզի»: Հոս գտնուող ծնողներուն մեծ մասը պիտի յիշէ, թէ ինչպէ՛ս 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի կրթանպաստ տրամադրեց աշակերտներուն: Օրին դպրոցին պասով ուղղուեցաք Համրա եւ նիւթական այդ օժանդակութիւնը ստանալէ ետք, տրամադրեցիք ձեր զաւակներուն կրթաթոշակին:
2000-ի ընտրութիւններուն համար առաջադրուած էր նաեւ իմ թեկնածութիւնս:
Կրթանպաստը յատկացնելէ երեք – չորս ամիս ետք, երբ վրայ հասաւ ընտրութիւններուն թուականը, ստացաք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, թէ մենք ձեզի օժանդակած ենք եւ անոր փոխարէն կը խնդրենք, որ ի նպաստ մեզի քուէարկէք: Այսինքն` առաջարկը այն էր, որ քուէարկէք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուին դէմ: Ձեզմէ ոչ մէկը ընդունեց այդ խնդրանքին ընդառաջել, եւ ընդվզումով ըսի՛ք. «Դրամը ձեզի` պատիւը մեզի: Ե՛տ առէք ձեր դրամը: Մենք ձեր դրամով չենք ծախեր մեր ժողովուրդը, մեր պատիւը, մեր հայութիւնը, մեր դպրոցը, ուր մեր զաւակները կրթութիւն ստացած են եւ գուրգուրանք տեսած: Իսկ հիմա յանկարծ դուք չէք կրնար գնել մեզի»», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Ան անդրադարձաւ այս օրերուն ինքզինք պարտադրած ընտրակաշառքի դրութեան` հաստատելով, որ Պէյրութի մէջ դրամատան մը սեփականատիրոջ կողմէ առաջադրուած թեկնածուն քուէ կը գնէ, քուէ կը մուրայ, որովհետեւ ո՛վ որ արժանի չէ երեսփոխան դառնալու` ժողովուրդէն կը գնէ անոր քուէն: Իսկ ո՛վ որ արժանի է երեսփոխան դառնալու, ժողովուրդը ինքը կ՛օգնէ այդ թեկնածուին, որպէսզի ան կարենայ երեսփոխան դառնալ:
«Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելինե՛ր, եւ կը տեսնէք մեր թեկնածուներուն նկարները: Հաւատացէ՛ք, որ օտարներ նաեւ բարձրացուցած են մեր թեկնածուներուն նկարները, պարզ այն համոզումով, որ եթէ Դաշնակցութիւնը առաջադրած է անոնց թեկնածութիւնը, ուրեմն անոնք արժանաւոր են: Այս կը նշանակէ, թէ Յակոբ Թերզեանը, Սերժ Չուխատարեանը եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանը արժանաւոր են: Անոնք արժանի եղած են, որ ՀՅԴ-ն առաջադրէ անոնց թեկնածութիւնը, եւ ոչ թէ որովհետեւ այս կամ այն անհատին կամ պատասխանատուին ծառայութիւն մատուցած են: Մէկուն օդակայանէն փախցուցած են, միւսին ոսկեղէնի պայուսակները անցուցած են, ուրիշի մը պատկերասփիւռէն հարցազրոյցի կարելիութիւն տրուած է` քանի մը ղրուշի համար: Մենք կը հաւատանք, որ այսօրուան ընտրապայքարը անհատներու եւ կուսակցութիւններու միջեւ ընտրապայքար է: Մարդիկ կ՛ուզեն Լիբանանի մէջ կուսակցութիւնները ջնջել, իսկ եթէ կուսակցութիւնները ջնջեն, կը նշանակէ, որ վաղը ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբն ալ ջնջուած կ՛ըլլայ: Կը նշանակէ, որ ձեր սիրած միութիւնը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչն ալ կ՛ուզեն ջնջել, Համազգայինն ալ կ՛ուզեն ջնջել: Կաթողիկէ եւ աւետարանական միութիւններն ալ կ՛ուզեն ջնջել, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու միութիւններն ալ կ՛ուզեն ջնջել, որպէսզի անհատը միայն ինքը երեւայ` իր հասակով, իր լեզուանիութեամբ, իր դրամով, որ իրը չէ, այլ` իր վարպետինը: Իսկ մեր վարպետը, սիրելինե՛ր` դուք էք: Մեր վարպետը մեր ժողովուրդն է: Տեսա՞ծ էք դաշնակցական մը, որ կուսակցութիւնը ձգած է եւ յանդգնած է կուսակցութեան դէմ թեկնածութիւն առաջադրել: Կը հաւատա՞ք, որ դաշնակցական մը, հնչակեան մը կամ ռամկավար մը, ըսեն, թէ իրենք չեն պատկանիր իրենց ներկայացուցած կուսակցութիւններուն եւ խնդրեն, որ զիրենք անհատաբար ընտրէք: Կը հաւատա՞ք, որ վաղը ես ըսեմ, թէ այլեւս դաշնակցական չեմ: Կը թքնէք իմ երեսիս: Կը թքնէք երեսին բոլոր անոնց, որոնք նման բան կ՛ըսեն, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ձգել կը նշանակէ ժողովուրդը ձգել: Դաշնակցութենէն հեռանալ կը նշանակէ մեր կուսակցութիւններէն, մեր միութիւններէն հեռանալ: Կը նշանակէ հայութենէն հեռանալ: Մենք` ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուներս, հաշուետու ենք ձեզի, հաշուետու ենք Դաշնակցութեան: Եւ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ Դաշնակցութեան երկաթէ բազուկը ի՛նչ է սիրելիներ. այդ մասին ոչ ոք թող կասկածի: Դաշնակցութիւնը համբերող կուսակցութիւն է, շա՜տ կը համբերէ, բայց միայն մէկ բան չի ներեր: Դաշնակցութիւնը դաւաճաններուն չի ներեր, եւ այս ժողովուրդին մէջ լիբանանահայութեան մէջ դաւաճաններ չկան: Իսկ անոնք, որոնք դաւաճան են` հայութենէն հեռու են արդէն», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն հաշուետու է ժողովուրդին, ՀՅԴ-ի թեկնածուները հաշուետու են կուսակցութեան ղեկավարութեան, ինչպէս որ միւս թեկնածուները` իրենց կուսակցութիւններուն: Իսկ անհատ թեկնածուները որո՞ւն հաշուետու են. «Սոսիեթէ ժեներալ» դրամատան: «Հաշուետու են հոն, ուր քսան տարի ապրեցան: Վերջին վայրկեանին հրաժարեցան եւ յանկարծ սկսան հայութեան դատը պաշտպանել: Ձեզմէ շատերը 23 ապրիլի գիշերը քայլարշաւի ընթացքին, իսկ յաջորդ օր` 24 ապրիլին` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ներկայ էին մեզի հետ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին ծաղկեպսակ մը զետեղեցինք: Զոյգ ձեռնարկներուն ընթացքին, սիրելինե՛ր դուք որո՞ւն հանդիպեցաք: Կուսակցական թեկնածուներէն բացի հայ անհատ թեկնածուներ տեսա՞ք: Անհատ թեկնածուներ, որոնք իրենց անձնաթուղթով միայն հայ են, որոնք հայերէն չեն խօսիր, չեն հասկնար, իրենց համայնքին անունն ալ չեն գիտեր: Անոնցմէ մէկը աղբին նիւթէն չի կրնար հրաժարիլ եւ մեր ժողովուրդին պատիւը աղբին մէջ խառնելով աջ ու ձախ կը խօսի: Ուրիշ մը, որ 25 տարի վարպետին քով կ՛աշխատէր, յանկարծ ուզեց թեկնածութիւն առաջադրել` վարպետին հետ ցանկակից ըլլալով, սակայն երբ վարպետը արգիլեց անոր թեկնածութիւնը` հրաժարեցաւ վարպետէն: Վարպետին կողմէ հայերու օժանդակութիւն կը տրամադրէր, լքեց եւ գնաց, օժանդակութիւններն ալ վերջ գտան: Վարպետն ալ նեղուեցաւ, ինքն ալ նեղուեցաւ: Հիմա որո՞ւն պիտի դիմենք օժանդակութեան համար: Իսկ ինչո՞ւ անհատներու կողմէ օժանդակութիւն պէտք է տրուի մարդոց: Կա՞յ օր մը, երբ ձեզմէ մէկը օժանդակութեան կարիք ունեցած է եւ դիմած մեր միութիւններուն կամ կառոյցներուն, իսկ անոնք ըսած են, որ այո՛, կ՛օժանդակենք քեզի, եթէ իմ անձիս օգտակար ըլլաս: Մեր գոյութեան, Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը ժողովուրդին ծառայութիւնն է, եւ անիկա կ՛ընենք առանց միննեթի: Ծառայութիւնը մենք կը սորվինք պատանեկան շարքերուն մէջ, իսկ այն կուսակցութիւնը, որ ժողովուրդին ծառայութեան համար նահատակ տուած է` Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է մոռցնել տալ, որպէսզի ուրիշներ բազմին երեսփոխանի աթոռին: Երբ անոնք երեսփոխան դառնան, որո՞ւն պիտի ծառայեն` իրենց վարպետին: Իսկ մենք պիտի ծառայենք մեր վարպետներուն` ձեզմէ իւրաքանչիւրին», հաւաստեց Յ. Բագրատունի:
Ան ըսաւ, որ չորս օր ետք իւրաքանչիւրը իր երեխային աչքերուն նայելով պիտի ուղղուի քուէատուփ եւ իր քուէն պիտի նետէ ի նպաստ այն կուսակցութեան, որուն նկատմամբ վստահութիւն ունի եւ համոզուած է, թէ երբ իր երեխան մեծնայ` պաշտպան մը պիտի ունենայ այդ կուսակցութեան մէջ: «Դաշնակցութիւնը անսխալական է սիրելիներ, դաշնակցականները կը սխալին: Եւ երբ դաշնակցականները սխալին, անոնք կը պատժուին: Բայց Դաշնակցութիւնը, որ հոգի է, կեանք է, սիրտ է, անցեալ է, զոհաբերութիւն է, արիւն է, նահատակութիւն է` չի սխալիր: Դաշնակցութիւնը 128 տարեկան է, դաշնակցական ղեկավարներն ու պատասխանատուները կու գան ու կ՛երթան, բայց Դաշնակցութիւնը կը մնայ: Դաշնակցութիւնը ծովու այն ժայռն է, որ խճաքարերուն նման հարուածող ալիքներէն դուրս չի նետուիր, այլ կը մնայ: Իսկ դուք այդ ժայռը պաշտպանող ժողովուրդն էք», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ կիրակի օր խիտ շարքերով պէտք է ուղղուիլ քուէատուփ եւ ընտրել` անսալով խղճի ձայնին:
«Սիրելինե՛ր, դուք չէք կրնար գնուիլ. կատարեալ համոզումով կ՛ըսեմ ասիկա: Դուք կը գիտնաք, ժողովուրդը կը գիտնայ, թէ ո՛վ իր քուէն ծախած է եւ կը թքնէ անոր վրայ, որովհետեւ անոնք իրենց խիղճն ու սիրտը ծախած են, որովհետեւ անոնք չեն ըմբռնած, որ քուէ վաճառելը մարմին ծախելու նման է: Թուրքը չկրցաւ հայ ընտանիքը քանդել, իսկ վարձկան թեկնածուները պիտի չկարենան Լիբանանի հայութեան կամքը քանդել: Մայիս 6-ին բոլորդ պիտի երթաք քուէարկելու ձեր ուզած թեկնածուին` Դաշնակցութեան թեկնածուին, որովհետեւ դուք պիտի յաղթէք, ձեր զաւակներուն ապագան ամուր պիտի մնայ, եթէ Դաշնակցութեան թեկնածուները յաղթեն: Սիրելինե՛ր, ի մտի ունեցէք միշտ, որ ուրիշներ կը նախանձին մեզմէ, որովհետեւ մենք չգողցանք, այլ պաշտպանեցինք, չքանդեցինք, այլ շինեցինք, տեղահան չըրինք, այլ տեղահանուածները մեր բնակարաններուն մէջ ընդունեցինք: Այդ պատճառով չեն ուզեր մեզի մէկ բռունցք տեսնել, որովհետեւ դժուար է զայն քանդել: Անոնք մեզի կ՛ուզեն բաժնուած տեսնել, բռունցքի փոխարէն տասը մատիկներ տեսնել, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք հատիկ-հատիկ, առանձնաբար կտրտել: Դուք մեր բռունցքն էք: Դուք Դաշնակցութեան համար էք, իսկ Դաշնակցութիւնը` միայն իր ժողովուրդին համար», եզրափակեց ան:
Վերջապէս, ելոյթ ունեցան Հրաչ Կայծակեանը եւ Արարատ Ահարոնեանը` մեկնաբանելով ազգային, յեղափոխական ու հայրենասիրական երգեր:
Միթինկ-ընթրիքի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն: