Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Մէջ Անգլիոյ Դեսպանը  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանի Մէջ Անգլիոյ Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 13 մարտ 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յատկապէս նախընտրական շրջանին Լիբանանի պարզած ներքին կացութիւնը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Կ՛այցելէ Լիբանան

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Կ՛այցելէ Լիբանան

Հարիրի. «Պիտի Շարունակեմ Հօրս Ուղեգիծով Ամրապնդել Լիբանանի Եւ Հայաստանի Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութիւնը»  Կարապետեան. «Պէտք Է Հիմնել Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ներդրումներուն Զօրակցող Լիբանանեան-Հայկական Միացեալ Ֆոնտ Մը» Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետ Կարապետեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ  Կարէն Կարապետեան Անթիլիասի  Մայրավանք Այցելեց

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Անթիլիասի Մայրավանք Այցելեց

Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ: Ողջունելով վարչապետին այցելութիւնը, կաթողիկոսը ըսաւ, թէ զինք...

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար  Աւետիս Կիտանեանի Այցելութիւնները`  Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջան

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցելութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջան

Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս  Կիտանեան` ի շարունակութիւն իր Քանատայի եւ Լոս Անճելըսի այցելութեան, չորեքշաբթի, 7 մարտին հասաւ Տիթրոյթ` նպատակ ունենալով հանդիպում ունենալ Տիթրոյթի մէջ ապրող լիբանանահայ քաղաքացիութիւն ունեցողներուն հետ եւ բացատրելու մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններու իւրաքանչիւրին մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Նոյն երեկոյեան, Տիթրոյթի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք,  որուն ներկայ էին կարեւոր թիւով քուէարկող լիբանանահայեր: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, նախարար Կիտանեան...

ԱՌԻ-ի Ը. Ընդհանուր Ժողովը Առիթ Եղաւ  Մատնանշելու  Արցախի Մէջ Արձանագրուած Տնտեսական Նկատառելի  Աճը Եւ Ստորագրելու Առիաւանի  Երկրորդ Փուլին  Առաջին 20 Բնակարաններու Կառուցման Պայմանագիր

ԱՌԻ-ի Ը. Ընդհանուր Ժողովը Առիթ Եղաւ Մատնանշելու Արցախի Մէջ Արձանագրուած Տնտեսական Նկատառելի Աճը Եւ Ստորագրելու Առիաւանի Երկրորդ Փուլին Առաջին 20 Բնակարաններու Կառուցման Պայմանագիր

Իր հիմնադրութենէն 9 տարի ետք, Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր Ը. Ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներ եւ մեծ թիւով ԱՌԻ-ի անդամ բաժնետէրեր. անոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին տարեկան...

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի  2018 Տարեշրջանի Առաջին Նիստ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Առաջին Նիստ

Ուրբաթ, 9 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2018 տարեշրջանի անդրանիկ նիստը` ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն եւ Ազգային վարչութեան: Նիստին օրակարգին մաս կը կազմէին Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական ընդհանուր հաշուեկշիռի ներկայացումը, վարժարանի կրթական կեանքն ու պիւտճէական իրավիճակը, ազգային վարժարաններու յետնեալ...

Սկիզբ Առած Է ՀՅԴ Մամուլի Եւ Հանրային  Կապերու Պատասխանատուներու  Համակուսակցական Խորհրդաժողովը

Սկիզբ Առած Է ՀՅԴ Մամուլի Եւ Հանրային Կապերու Պատասխանատուներու Համակուսակցական Խորհրդաժողովը

Երեւանի մէջ սկիզբ առած է ՀՅԴ մամուլի եւ հանրային կապերու  պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովը: Աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ հասած յիսունէ աւելի խմբագիրները, լրագրողները, հանրային կապերու  պատասխանատուները պիտի քննարկեն հայկական ու կուսակցական մամուլի, համաշխարհային մակարդակով հայկական շահերու եւ խնդիրներու լուսաբանման, ազրպէյճանական ու թրքական հակաքարոզչութեան դիմակայման եւ հայութեան առնչուող խնդիրներու  արծարծման հարցեր: Խորհրդաժողովի բացումին ողջունելով հաւաքի մասնակիցները` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան...

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Պաշտօնական  Այցելութեամբ Կը Հասնի Լիբանան

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Հասնի Լիբանան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր` 12 մարտ 2018-ին երկօրեայ  պաշտօնական այցելութեամբ կը հասնի Լիբանան: Այցելութեան շրջագիծին մէջ վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ  Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Նախատեսուած են նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հանդիպումները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի գործարար շրջանակներու ու...

Արամ Համբարեան. «Կը Սպասենք  Ուաշինկթընի Մէջ  Տեղի Ունենալիք Հանդիպումին»

Արամ Համբարեան. «Կը Սպասենք Ուաշինկթընի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպումին»

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի մէջ 19  մարտին նախանշուած Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրման հետ կապուած աշխատանքային խումբի նիստը: «Մենք անհամբեր կը սպասենք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք  հանդիպումին եւ կ՛ուզենք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Ռոպերթ Լայթիզերի գլխաւորած Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի պալատին, որ պիտի հիւրընկալէ ամերիկեան-հայկական աշխատանքային խումբին նիստը` կառուցողական մթնոլորտի մէջ քննարկելու առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր»,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան շաբաթ գիշեր այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Մեկնումի պահուն Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած են ընտրական իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ մթնոլորտը դրական էր, սակայն խորհրդակցութիւնները ամբողջացնելու կարիք կայ:

«Ցաւն Ու Տանջանքը Մարդ Արարածը  Կը Մղեն Զանոնք Յոյսի Վերածելու  Պատասխանատուութեան»   Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Ցաւն Ու Տանջանքը Մարդ Արարածը Կը Մղեն Զանոնք Յոյսի Վերածելու Պատասխանատուութեան» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Թելէ Լիւմիեր-Նուրսաթ» պատկերասփիւռի կայանի «Եկայ ծառայելու» յայտագիրի հաղորդավար հայր Էլիաս Քարամ անցեալ շաբաթ հետեւեալ խօսքով իր յայտագիրէն դիմաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին. «Մենք տակաւին կը գտնուինք Մեծ պահքի շրջանին մէջ եւ կը սպասենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան, իսկ երբ Մեծ պահքի մասին կը խօսինք, մեր միտքը կ՛ուղղուի դէպի Աւագ շաբաթ` տանջանքի շաբաթը: Այսօրուան մեր հիւրը անձնաւորութիւն...

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց  Եկեղեցին Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով  Եւ Մատաղօրհնէքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Եւ Մատաղօրհնէքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

Քրիստոնէութեան տարածման պատմութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւ դարերէն մէկը չորրորդ դարն է, որովհետեւ այդ ժամանակահատուածին ժողովուրդներ եւ պետութիւններ պաշտօնապէս կ'ընդունին քրիստոնէութիւնը: Երբ քրիստոնէութիւնը կը ծաւալի, եկեղեցիներու միջեւ կը սկսի եղբայրական գործակցութիւն: Այս առումով քրիստոնէական կրօնին համար նահատակներ իրենց կեանքով ու օրինակով կը սրբագործուին եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը գտնեն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ  հաւատացեալներու կեանքին մէջ` արժանանալով կրօնական մեծ տօնախմբութեանց: Արդարեւ, Սեբաստիոյ Սրբոց...

Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ Բարեկամական  Խումբը Հանդիպում Ունեցած Է  Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Փոխտեղակալին Հետ

Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ Բարեկամական Խումբը Հանդիպում Ունեցած Է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխտեղակալին Հետ

Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հայ անդամներու պատուիրակութիւնը 8 մարտին արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ հանդիպում մը ունեցած է նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով առաջին փոխտեղակալ Էլիզապեթ Միլըրտի հետ: Պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերային եւ բարեկամական կապերու առաւել աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին գծով...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ընդգծեց. Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով լիբանանեան մամուլին յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի յառաջացման` ընդգծելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը 1991-էն անկախութիւն հռչակեց` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ: Մարմինը նշեց, որ ի տարբերութիւն բռնատիրական Ազրպէյճանի, Արցախի Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հանրապետութիւն մըն է, եւ այդտեղ ժողովուրդն...

Թորպիորն Եակլընտ  Կը Շնորհաւորէ Արմէն Սարգսեանը

Թորպիորն Եակլընտ Կը Շնորհաւորէ Արմէն Սարգսեանը

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլընտ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արմէն Սարգսեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ուղերձին մէջ նշուած է, թէ Արմէն Սարգսեանի ընտրութեամբ կը նշանաւորուի հսկայածաւալ սահմանադրական բարեփոխումներու աւարտը, որ իշխանութիւնները իրականացուցած են Եւրոպական խորհուրդին հետ սերտ խորհրդակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ: «Պետութեան համար այս պատմական ժամանակաշրջանին, յատկապէս խորհրդարանական հանրապետութեան անցման շրջանին, կ’ուզեմ վստահեցնել ձեզի, որ ձեր երկրի կառոյցներուն նկատմամբ...

Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Առիթով  «Ազդակ Արաբերէն» Կայքը Կը Հրապարակէ 30 Նիւթ

Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Առիթով «Ազդակ Արաբերէն» Կայքը Կը Հրապարակէ 30 Նիւթ

Նկատի առնելով, որ արաբական աշխարհի լրատուական միջոցներու մէջ Արցախի մասին պատմական տուեալներու եւ վերլուծումներու հրապարակումները քիչ են կամ ժխտական արձագանգներով լի, հետեւաբար «Ազդակ արաբերէն» կայքը նախաձեռնեց արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով յաջորդական ձեւով հրապարակել 30 նիւթ, որոնք կ՛առնչուին նախ Արցախի քաղաքակրթութեան եւ մշակութային զարթօնքին, ապա իրաւական բնոյթ ունեցող նիւթերու, սկսած նախախորհրդային շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ: Միւս կողմէ,...

Փարիզի Մէջ Զապէլ Եսայեանի Անունը Կրող  Ծառուղիի Մը Բացումը Կատարուեցաւ

Փարիզի Մէջ Զապէլ Եսայեանի Անունը Կրող Ծառուղիի Մը Բացումը Կատարուեցաւ

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2018-ին, Փարիզի մէջ, Կիներու միջազգային օրուան առիթով, քաղաքապետ Անն Իտալկօ բացումը կատարեց գրող Զապէլ Եսայեանի անունը կրող ծառուղիին: Զապէլ Եսայեանի անունը կրող ծառուղի բանալու մտադրութեան մասին Իտալկօ յայտարարած էր անցեալ տարի, նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին: Ծառուղիի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսախօս երկիրներու համագործակցութեան հարցերու կարգաւորման պատասխանատու, Փարիզի փոխքաղաքապետ Փաթրիք Կլուքման, Ֆրանսայի մէջ...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով  Հայաստանի Բարձրաստիճան Ղեկավարութիւնը  Շնորհաւորական Ուղերձներ Կը Յղէ

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Հայաստանի Բարձրաստիճան Ղեկավարութիւնը Շնորհաւորական Ուղերձներ Կը Յղէ

Մարտ 8-ի` Կիներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: «Մեր երկրին մէջ չկայ որեւէ ոլորտ եւ բնագաւառ, ուր չզգացուի կիներու բարենպաստ ներկայութիւնը եւ աշխուժ մասնակցութիւնը: Անոնք  ուսուցիչ են, բժիշկ, ձեռներէց ու պետական գործիչ, զինուորի մայր են ու...

Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը  Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Արցախին Եւ Հայաստանին  Տրամադրելու 70 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն

Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Արցախին Եւ Հայաստանին Տրամադրելու 70 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի նամակը, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին օժանդակութեան յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ Հալ Ռաճըրզին եւ յանձնախումբի անդամ Նիթա Լոուէին կոչ կ՛ուղղէ` 2019 ելեւմտական տարուան մէջ աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի համար 70 միլիոն տոլարի օժանդակութեան թղթածրարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Ֆրանք Փալոնին...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայ Կնոջ Տօնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Կանանց միջազգային տօնին առիթով, յատուկ կարեւորութեամբ կը շնորհաւորենք աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող իւրաքանչիւր հայ կնոջ տօնը: Տօն, որ կնոջ ըլլալու կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր անհատի, համայն մարդկութեան: Տօն, որ հայ կնոջ տօնը ըլլալու իւրայատկութեան կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր հայու, համայն հայութեան, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի: Մեր ալ տօնն է այս, Լիբանանի հայութեան, իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով, բոլոր կառոյցներով,...

Page 573 of 796 1 … 572 573 574 … 796

Արխիւներ