«Եւրոպայի Մէջ Ներկայ Փուլը Անկիւնադարձային Կարեւորութիւն Ունի» Յայտնեց Յարութ Շիրինեան
Անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանի մէջ 27 փետրուարին տեղի ունեցած Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքին մասին բարձր մակարդակի քննարկումներուն եւ Արցախի հարցով տիրող աշխուժութեան, Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեան յայտնեց, որ Եւրոպայի մէջ ներկայ փուլը անկիւնադարձային կարեւորութիւն ունի: «Քննարկումներուն ընթացքին եւրոպացի գործիչներուն մասնակցութիւնը բաւական ներկայացուցչական էր: Աւելի քան տասնեակ եւրոպացի պատգամաւորներ կամ պատգամաւորներու խորհրդատուներ համաշխարհային հեղինակութիւն ունեցող հռչակաւոր մասնագէտներ,...




















