Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ժտէյտէի մէջ տեղի ունեցաւ Մեթնի ընտրաշրջանի ընտրական միթինկը, որուն ներկայ գտնուեցան «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Ղասսան Մուխայպեր, Էլիաս Ապու Սաապ, Էտկար Մաալուֆ, Քորին Աշքար, Սարգիս Սարգիս եւ Ղասսան Աշքար, ինչպէս նաեւ միթինկի հովանաւոր` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ մեծ թիւով քաղաքապետներ, որոնց կարգին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, թաղապետներ եւ Ազգային ազատ հոսանք ու Ղովմի կուսակցութիւններուն եւ ՀՅԴ-ի հետեւորդներու ու համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:
Ընտրական միթինկին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի քայլերգով, որուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գրագէտ Հապիպ Եունես ողջունեց
բոլորը, յատկապէս «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուները եւ թուելով Մեթնը բաղկացնող գրեթէ բոլոր շրջանները, լուսարձակի տակ առաւ բազմազանութեան մէջ գտնուող անոր գեղեցկութիւնը:
Եունես թուեց նաեւ Մեթնի մէջ ծնած գրագէտներն ու մշակոյթի գործիչները, հոգեւորականներն ու արուեստագէտները:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին քուէարկելու «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ին, որպէսզի պահպանուի հզօր վարչակազմը` իրականացնելու համար հզօր Լիբանանը կերտելու երազը:
Ապա ներկաները ողջունեց Հիւսիսային Մեթնի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Հիշամ Քանժ, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ այս օրերը խոստումներու, կարգախօսներու, առուծախի օրեր են, բայց եւ այնպէս կուսակցութեան անդամները կը հաւատան արժանապատիւ եւ օրինակելի Լիբանանի կերտումին, որուն ի խնդիր 6 մայիսին բոլորը իրենց ձայնը պիտի տան իշխանութիւններուն: Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ խոչընդոտել Ազգային ազատ հոսանքին ուղին, ոչինչ կը վախցնէ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները, որոնք վճռած են միասնական կերպով քուէարկել «Մեթնի հզօր» ընտրացանկ»-ին, որպէսզի աւելի լաւ Լիբանանի կերտման երթը երբեք կանգ չառնէ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ողջունեց Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները, որոնք ազատ են, բարեկարգումի խոստում տուած են, կառչած են արժանապատուութեան եւ հաւատարմութեան, պատրաստ են դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ դիմակայելու ամէն տեսակի դժուարութիւն: Ան գնահատեց կուսակցութեան հետեւորդները, զորս նկատեց թթխմորը ամէն յաջողութեան` հաստատելով, որ անոնք միշտ ալ հաւատարիմ կը մնան իրենց խոստումին, իսկ կուսակցութիւնը իր կարգին կը յարգէ իր տուած խոստումները:
Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց, որ 6 մայիսը ճշմարտութեան հետ ժամադրութեան օրն է, սուտերու, կեղծիքներու, անօրինականութեան եւ ամէն տեսակի անարդարութեան մերժումի օրն է` աւելցնելով, որ ընտրապայքարի ծիրին մէջ Ազգային ազատ հոսանքին պատկերը խեղաթիւրելու ամէն փորձ մերժելի է, իսկ անոր վարքագիծը բարձր պահելը իւրաքանչիւր կուսակցականի եւ համակիրի պարտականութիւնն է: Անոր համաձայն, այս ընտրութիւնները առիթ են կազմելու հզօր երեփոխանական համախմբում մը, որ պիտի ըլլայ պարագլուխը լիբանանեան ամէն տեսակ բարեկարգումի: Աւարտին ան հաստատեց, որ նման հաւաքականութեան համար ոչինչ անկարելի է` կոչ ուղղելով բոլորին իրենց քուէն տալու ամբողջական յաջողութեան համար:
Երեսփոխանական թեկնածու Էտկար Մաալուֆ իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ պիտի ընթանան իրենց սկսած ծրագիրով` զօրաւոր Լիբանանի ձգտումի իրականացման ուղիով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ ամէն տեսակի անհաւասարութեան: Անոր համաձայն, իրենք միշտ ալ յարգած են իրենց տուած խոստումները, վկայ` արդի պատմութիւնը, որուն էջերուն մէջ արձանագրուած են նորօրեայ նուաճումներ: Մաալուֆ յայտնեց, որ իրենց մղած պայքարը մաքուր է, իսկ խոստումը` ընտրութեան յաջորդող օրը չմոռցուող` աւելցնելով, որ իրենք երբեք օտարին դիմաց գլուխ չեն խոնարհեր եւ միջնորդի դերը ծածկելու պարտաւորութեան տակ չեն գտնուիր, որովհետեւ հեռու են նման քայլերու դիմելէ: Ան դիտել տուաւ, որ ընտրացանկը կը հաւատայ, որ Լիբանանի ապաւէնները նախագահն ու բանակն են, կը հաւատայ համագործակցութեան եւ համախոհութիւններ կնքելու կարեւորութեան, որովհետեւ հոն համախմբուած կողմերը միշտ ալ հաւատարիմ դաշնակիցներ եղած են: Է. Մաալուֆ վստահեցուց, որ պիտի պայքարին փտածութեան դէմ, գործով եւ աշխատանքով յոյս պիտի ներշնչեն լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ պիտի կարենան դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր, որովհետեւ օժտուած են աւելի մեծ վճռակամութեամբ: Ան կոչ ուղղեց դաշտը լեցուցած ժողովուրդին` մեծաթիւ ըլլալու կիրակի օր, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ յաղթանակը ապահովել եւ նախագահին կողքին կանգնող մեծագոյն համախմբումը կազմել:
Հանրապետութեան նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատու, նախկին նախարար էլիաս Ապու Սաապ դիտել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումներէն մէկուն (երբ ան տակաւին նախագահ չէր) ան հաստատած էր, որ բարեկարգումի եւ փոփոխութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելը իր ուսերուն դրուած է, իսկ անոնց գործադրութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն է: Անոր համաձայն, Ազգային ազատ հոսանքին հետ երկար ուղի քալած է, այդ միջոցին սկսած են պայքարիլ փտածութեան դէմ` ի խնդիր աւելի բարօր ու հաւասարակշռուած երկրի մը կերտման: Է. Ապու Սաապ անդրադարձաւ տարբեր նախարարութիւններու ճամբով համախմբումին տարած աշխատանքներուն եւ արձանագրուած նուաճումներուն` կրթական, մշակութային, օրինական, ուժանիւթի, արտերկրի լիբանանցիներուն հետ կապերու աշխուժացման վերաբերող, եւ աւելցուց, թէ իրենք միշտ կ՛ուզեն հաստատել, որ կողքին են լիբանանցիին: Նախկին նախարարը նաեւ անդրադարձաւ տարբեր տարաձայնութիւններու, որոնք անհիմն են ու սին` հաստատելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը իր գործով փաստեց ինքզինք, բարձր պահեց իրեն փոխանցուած ջահը եւ պահպանեց աւանդը: Անոր համաձայն, ինք յոյսով է, որ պետական համակարգին մէջ ըլլալէ պիտի դադրի այն ատեն, երբ արդէն կերտուած կ՛ըլլայ բոլորին երազած Լիբանանը, որ իր գիրկը կրնայ պահել երիտասարդութիւնը, յոյս ու հաւատք ներշնչել անոր, իսկ երիտասարդները այսպիսով պատրաստակամ պիտի ըլլան բոլոր ձեւերով ծառայելու իրենց երկրին: Իր խօսքի աւարտին Ապու Սաապ ըսաւ, որ այս ընտրացանկով եկած են դրոշմ դնելու լիբանանեան իրականութեան մէջ, իսկ ատիկա կատարելու առումով դերակատար է իւրաքանչիւր քուէարկող:
«Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուներէն Սարգիս Սարգիս այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ տարիներէ ի վեր նոյն ուղիին վրայ է, սակայն չէ յոգնած, իսկ ժողովուրդը չէ լքած զինք. ան յոյս յայտնեց, որ այս ընտրութիւններուն առիթ կը ստեղծուի քաղաքացիին կողմէ այլ քաղաքացիի ծառայութիւն մատուցելու դրուածքը փոխելու եւ զայն վերածելու քաղաքացիին կողմէ պետութեան մատուցուած ծառայութեան: Անոր համաձայն, Լիբանանին պէտք է վերադարձնել իր գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը. Ս. Սարգիս նաեւ յայտնեց, որ պետութիւնը կը սիրէ լսել իւրաքանչիւրին անկեղծ ձայնը, որպէսզի կարենայ ոտքի մնալ եւ շարունակել երթը: Ան ըսաւ, թէ ընտրապայքարին հիմնական կարգախօսը այն է, թէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ կրնայ ընել ժողովուրդին ու պետութեան, ի՛նչ կրնայ աւելցնել, ինչպէ՛ս կրնայ ծառայել ժողովուրդին: Իր խօսքը եզրափակելով Սարգիս Սարգիս կոչ ուղղեց ներկաներուն` իրենց ձայնը չտալու անձերու, այլ` պատմութեան ու տուեալներու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը վերածել աւելի հզօր երկրի մը:
Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու, նախկին երեսփոխան Ղասսան Աշգար դիտել տուաւ, որ հաւատարիմ եւ արժանապատուութեան տէր լիբանանցիներուն հետ խօսելու միակ լեզուն փառքի լեզուն է, որուն արժանի են անոր կերտման օժանդակողները: Անոր համաձայն, լիբանանցիները ծանր օրեր ապրեցան աղքատութեան, անգործութեան, վախի եւ արտագաղթի պատճառով, իսկ այսօր օրն է աւելի լաւ կեանքի մասին մտածելու եւ այդ գծով հաւաքաբար գործելու:
Ղ. Աշգար ըսաւ, թէ «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ին նպատակն է աւելի արժանավայել երկիր մը կերտել լիբանանցիներուն համար` նշելով, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի այս աշխատանքին հիմը կը դնէ իր ձայնով: Ան հաւատք յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ գործակցաբար կարելի պիտի ըլլայ փոխել ընթացքը` դէպի աւելի լաւ ու պայծառ ապագայ, փրկել ապագան փտածութենէ, կեղծիքէ եւ ամէն տեսակի պղծումէ:
Ղասսան Աշգարի համաձայն, իւրաքանչիւր քուէարկող դեր ունի աւելի լաւ Լիբանանի կերտման մէջ, անոր պարտքն է ընտրել իր ձայնը բարձրացնող եւ իրաւունքները պաշտպանող անձեր, որոնք տարբեր բնագաւառներու մէջ մարդկային եւ քաղաքացիին վերաբերող տարբեր դատեր հետապնդելու կոչուած են:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր ներկաներուն յայտնեց, որ երեսփոխանական այս ընտրութիւնները առիթ են վրէժ լուծելու տարիներէ ի վեր ընտրութիւն կատարելու դիմաց արգելք դնողներէն, ինչպէս նաեւ տէր ըլլալու իրենց թանկագին քուէին, որով իրենց վստահութիւնը պիտի տան արժանի անձին, որ կոչուած պիտի ըլլայ ծառայելու ժողովուրդին եւ երկրին` հեռու ամէն տեսակ շահադիտական մօտեցումներէ: Անոր համաձայն, կիրակի օրուան քուէներով կարելի պիտի ըլլայ երեսփոխանական զօրաւոր համախմբում ունենալ եւ անկէ պահանջել պայքարիլ օրինականութեան հաստատումին ու բարեկարգումներու ուղիի շարունակութեան համար:
Իր խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` Ղասսան Մուխայպեր ըսաւ, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ անոնք զզուած ըլլան կացութենէն, բայց անոնք նաեւ պէտք է գիտակցին, թէ այս ընտրութեամբ կրնան փոփոխութեան հիմք ծառայել: Ան յայտնեց, որ պէտք է երազել, սակայն նաեւ գործել այդ երազի իրականացման ի խնդիր` կերտելու տարրական պայմանները ապահոված երկիր մը, ուր կայ օրինականութիւն եւ արդարութիւն: Անոր համաձայն, ներկայիս քուէ գնողները շատ են, սակայն գնողը շատ արագ ալ կը ծախէ, որովհետեւ շահագրգռուած չէ ժողովուրդին հարցերով եւ առօրեայով: Ղասսան Մուխայպեր դիտել տուաւ, որ իրենք սկսած են քալել, սակայն ուղին տակաւին երկար է, բազում աշխատանք կայ տարուելիք եւ ծրագիրներ` կեանքի կոչուելիք: «6 մայիսին քուէատուփին մէջ նետուած թուղթի մէկ կտորը շատ ծանր կրնայ կշռել երկրին ապագային վրայ», հաստատեց ան եւ աւելցուց, որ կարելի է միասնաբար կերտել լուսաւոր ապագայ:
Երեսփոխանական թեկնածու Քորին Աշգար դիտել տուաւ, թէ կարեւոր թուականէն քանի մը օր առաջ պէտք է բարձրաձայն յայտարարել, որ մեր թիրախն է ընտրել հզօր պետութիւն, հզօր համակարգ` հզօր նախագահի մը կողքին պայքարելու: Անոր համաձայն, այս բոլորին իրականացման ապաւէնը ժողովուրդն է, որ պիտի գայ փաստելու, թէ կը մերժէ զեղծարարութիւնը, վախի մթնոլորտի սերմանումը, աղքատութիւնն ու անգործութիւնը, որոնք երկիր չեն կերտեր, այլ կը կործանեն զայն: Ք. Աշգարի համաձայն, հաստատ հիմեր ունենալու համար պէտք է քուէները հաստատ կերպով տալ արժանի թեկնածուներուն: Ան շեշտեց, որ զղջումը իրապէս անիմաստ պիտի ըլլայ, ուստի պէտք է լաւ մտածել եւ ճիշդ գործել, որպէսզի ապագայի հաշուոյն եւս արդար ըլլանք:
Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ Դաշնակցութեան անունով ողջունեց բոլոր ներկաներն ու անոնց ընդմէջէն բոլոր մեթնցիները եւ Լիբանանի ազատ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, որ 2005-էն ի վեր ՀՅԴ-ի դաշնակիցն է եւ լաւ ու վատ օրերու բարեկամը:
«Երեսփոխանական ընտրութեանց համար ՀՅԴ-ի որդեգրած կարգախօսն է «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար», իսկ այսօր Մեթնի մէջ կը հաստատենք, որ միասնաբար առաջադրած ենք մեր թեկնածութիւնը` ամբողջ Լիբանանի համար: Կը ձգտինք, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ըլլան փոփոխութեան բացառիկ առիթ մը, ինչպէս նաեւ պետութեան վերականգնումի յաջող երթ մը` հանրապետութեան նախագահութեան պայքարը մղելէ եւ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու երազը իրականացնելէ ետք», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց բոլորին, բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան իրենց ուղիին` 6 մայիսին խիտ շարքերով ուղղուելու դէպի քուէատուփ եւ քուէարկելու ի նպաստ «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ փաստել, թէ կը գործենք միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար:
«Հաւատարմութեան եւ նուիրումի ուխտը վերանորոգելու թուականը կիրակի, 6 մայիսին է: Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար: Միասնաբար` ազատութիւններու Լիբանանին համար: Միասնաբար` բոլորին հանդէպ բաց Լիբանանին համար: Միասնաբար` հաւասարութիւններու եւ արդարութեան Լիբանանին համար: Միասնաբար` ներուժի եւ ղեկավարութեան ձգտող երիտասարդութեան ու աշխատանքի առիթներու Լիբանանին համար: Միասնաբար` արդիական Լիբանանին համար: Միասնաբար` հաւասարակշռուած Լիբանանին համար: Միասնաբար` ընտրակաշառքը մերժելու համար», ըսաւ երեսփոխան Յ. Բագրատունի:
Ան հաստատեց, որ 6 մայիսին, Լիբանանի Նահատակաց օրուան ընթացքին, միասնաբար պիտի ուղղուին կերտելու անկախութեան եւ գերիշխանութեան Լիբանանը, բազմազանութեան ապառաժ Լիբանանը, գիտութեան եւ մշակոյթի Լիբանանը, իր կիներով եւ տղամարդոցմով հզօր Լիբանանը եւ քաղաքացիութեան Լիբանանը:
Երեսփոխան Բագրատունի իր խօսքը աւարտեց հաստատելով, որ միասնաբար կը կերտեն վաղուան Լիբանանը, կ՛ըլլան ազատականներ եւ կը մերժեն կամակատար դառնալը: «Կեցցէ՛ք դուք, կեցցէ՛ հզօր Մեթնը, կեցցէ՛ հզօր Լիբանանը եւ կեցցէ՛ հզօր նախագահը», եզրափակեց ան:
Միթինկի աւարտին նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Մեթնի մէջ սուտասանութեան դպրոցը գլուխը առած կ՛երթայ, իսկ սուտերու վրայ հիմնուած ցուցադրութիւնները կը նեղացնեն բոլորը` հաստատելով այդ սուտերուն վերջ դնելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ շեշտեց, որ 6 մայիսի պայքարը պիտի ըլլայ ճշմարտութեան եւ խաբեբայութեան մշակոյթներուն միջեւ պայքարը` աւելցնելով, որ վերջերս այդ սուտերը նուազած են, եւ յոյս յայտնելով, որ 6 մայիսին անոնք վերջնականապէս պիտի լռեն` ձեր քուէներով:
Պասիլ ցաւ յայտնեց, որ օրէնսդրութեան օրրան խորհրդարանը դարձած է սուտասանութեան կեդրոնը:
Ան ըսաւ, թէ մեթնցին օր մը օրանց չէ վախցած, անձնատուր չէ եղած եւ գլուխ չէ ծռած` նոյնիսկ սուրիական հոգատարութեան օրերուն: Ան շեշտեց, որ իրենք անվախ են` նշելով, որ Ինթըրփոլի անունով զիրենք երկիւղի մատնելու փորձերը պիտի դառնան անոնց դէմ, որոնք Ինթըրփոլով կը սպառնան:
Պասիլ շեշտեց, որ անցեալին մասին կատարուած յայտարարութիւններուն պէտք է վերջ տալ` աւելցնելով, որ քաղաքական սպանութիւնը իր կարգին ոճիր է եւ կարելի չէ ապագան հիմնել խաբելով ժողովուրդը:
Ան խստիւ դատապարտեց քաղաքական այն ուժերը, որոնք օտար պետութիւններէ հսկայական գումարներ կը ստանան` շեշտելով, որ այդ արարքը գերիշխանական աշխատանք չէ:
Իր խօսքը ուղղելով մնայուն դաշնակիցին` ՀՅԴ-ին, Պասիլ նշեց, որ ան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի դաշնակից ուժն է:
«Մեր ուժը զիրար կ՛ամբողջացնէ, իսկ այդ ուժը հաւատարմութեան մէջ է: Միասին կը յաղթենք եւ միասին կը պարտուինք», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք Մեթնի գեղեցիկ պատկերն են, հանրապետութեան հոսանքն են եւ ոչ թէ իշխանութեան հոսանքը` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի հանրապետութիւնը կերտել փափաքող անձնաւորութիւններով: