Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու Ժամկէտը Վերջ Գտաւ. Փաշինեանը` Միակ Թեկնածուն

Մայիս 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը երէկ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասին համաձայն, միաձայնութեամբ վարչապետի թեկնածու առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանը: Այլ թեկնածութիւններ չեն առաջադրուած:

Փաշինեան. «Կազմել Համաձայնութեան Կառավարութիւն»

Երէկ վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան տարբեր խմբակցութիւններու, լրագրողներու եւ հանրութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կատարած է զանազան յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներքին կեանքին, Արցախին եւ արտաքին զարգացումներուն:

Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն (ՀՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւոր Խոսրով Յարութիւնեան Նիկոլ Փաշինեանին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին համաձայն գտնուած է անոր այն կարծիքին, թէ ներկայիս պարտաւոր ենք ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար փնտռել այնպիսի ելքեր, որոնք հանրութեան մօտ վաղուան վերաբերող յոյսը կ’արթնցնեն:

«Ակնյայտ է, որ բոլոր խոստումներուն իրականացման գործիքը կառավարութիւնն է: Միեւնոյն ատեն ակնյայտ է` իշխանութիւնը ոչ թէ վերացական գործընթաց է, այլ անձնաւորուած, այսինքն` կայ պաշտօնեայ, որ ունի իր ընկալումները, զորս կը փորձէ իր որոշումներուն ճամբով իրականացնել», ըսած է Յարութիւնեան:

Վարչապետի թեկնածուին համաձայն, նոր կառավարութեան ձեւաւորումը պէտք է ըլլայ ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու գործիք: «Առաջին խնդիրը, որ պէտք է լուծուի, այն է, որ արձանագրուի այն յենարանը, այն շրջանակը` վարչապետի ընտրութիւնը իրականութիւն դարձնող, եւ կառավարութեան կազմը պէտք է ձեւաւորուի այդ շրջանակին հետ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք: Մեր նպատակը համերաշխութեան մթնոլորտի հաստատումն է: Մեր նպատակը չէ ստեղծել իրավիճակ, որ հանրութեան մէկ մասը արձանագրէ, թէ յաղթած է, իսկ միւսը` պարտուած: Պէտք է ստեղծել այնպիսի իրավիճակ, ուր կարելի ըլլայ խաղաղ պայմաններու մէջ աշխատիլ: Կառավարութեան ապագայ կազմը պիտի ձեւաւորուի համաձայն վաղուան քուէարկութեան պարզած քաղաքական պատկերին: Չեմ ուզեր յաւակնոտ յայտարարութիւններ կատարել, սակայն մեր ձգտումն է համաձայնութեան կառավարութիւն յառաջացնել», ըսած է Փաշինեան:

Պատգամաւոր Կարէն Բեքարեան ուզած է գիտնալ, թէ ի՞նչ տեսլական ունի Փաշինեանը արցախեան հարցին գծով: Փաշինեան հաստատած է, որ արցախեան հարցը կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ անոր քննարկումն ու լուծումը պէտք է ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ:

«Անհրաժեշտ է հարցին տիրապետել բաւական կարճ ժամանակի ընթացքին: Ինչ կը վերաբերի մեթոտաբանութեան, ապա անիկա պէտք է ըլլայ համապատասխան հաստատութիւններու միջոցով, որոնք պէտք է հետամուտ ըլլան, որ վարչապետ ընտրուելու պարագային տիրապետեմ համապատասխան տեղեկութեան: Իսկ աշխատանքի մեթոտաբանութիւնը նոյն ձեւով պէտք է ըլլայ, քանի որ մենք միշտ խօսած ենք այն մասին, որ անձերու ճաշակները եւ անձնական կարծիքները չեն, որ պէտք է որոշեն պետական քաղաքականութիւնը այս կամ այն ոլորտին մէջ: Վստահաբար, անձերը իրենց դերակատարութիւնը ունին, բայց այդ դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած», նշած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն, այս հարցին վերաբերող մեծ ակնկալութիւններ չկան, որովհետեւ Ազրպէյճան հեռու է լուծման մթնոլորտ ստեղծելէ: «Խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է խաղաղութեան մթնոլորտ: Կը կարծեմ, թէ Հայաստանի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի համար որոշ հարց կայ բանակցելու երկրի մը հետ, որ ժամանակ առ ժամանակ կը սպառնայ Հայաստանի այս կամ այն հատուածին վրայ յարձակումներ կատարել, իսկ վերջին մեծագոյն «գլուխ-գործոցը» Երեւանի նկատմամբ նկրտումներն են: Պէտք է արձանագրեմ, որ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի նախագահները, թէ՛ միջազգային հանրութիւնը պէտք է արձանագրեն, որ իրատեսական չէ նման պայմաններու մէջ խօսիլ լուծման մասին: Յարձակողական քաղաքականութեան մթնոլորտի մէջ կարելի չէ խաղաղութեան հասնիլ», ըսած է Փաշինեան:

Ըստ անոր, վերջին գործընթացները պէտք է լրջօրէն ամրացնեն Հայաստանի դիրքերը արցախեան տագնապին գծով: «Ազգային զարթօնքը եւ այն ազգային համախմբումը, որ ունինք, բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է ուժեղացնեն Հայաստանի դիրքերը», շեշտած է Փաշինեան:

Խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ լիովին պիտի սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն:

«Այս նիւթին վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս բազմիցս արտայայտած եմ, եւ ատիկա չէ փոխուած: Ազրպէյճանի դիրքորոշումը ոչ կառուցողական է, անիկա նոյնիսկ կը յայտարարէ, թէ Երեւանը ազրպէյճանական տարածք է, եւ իրենք զայն պիտի վերադարձնեն: Հիմնական խնդիր է հետեւողական կերպով ուժեղացնել մեր բանակը, բանակի մարտունակութիւնն ու ոգին: Ատիկա Ազրպէյճանը կառուցողական դաշտ բերելու ուղին է` բանակցութիւնները շարունակելու համար: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները պէտք է նպաստեն, որ Ազրպէյճան վերջ տայ իր յարձակողական ընթացքին եւ վերադառնայ կառուցողական երկխօսութեան», յայտարարած է Փաշինեան:

Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մասին խօսելով` ան դիտել տուած է, որ հիմնական խոչընդոտը արդարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան բացակայութիւնն է. «Երբ արդարութեան եւ օրէնքի առջեւ  բոլորին հաւասարութեան պայմաններ ապահովուին, համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ լրջագոյն ներդրումներ պիտի կատարուին, նախ եւ առաջ` հայկական շրջանակներէ»:

Լրագրողները հարցուցած են նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը մարտ 1-ի գործով հարցաքննելու կարելիութեան մասին: Ն. Փաշինեան ըսած է. «Մարտ 1-ի գործընթացը կարեւորագոյն խնդիրներէն է, մեր պատմութեան մութ էջն է եւ պէտք է լիովին բացայայտուի: Այսօրուան իմ կարգավիճակիս բերումով չեմ կրնար այլ յայտարարութիւններ կատարել, բայց տեսակէտս կը մնայ նոյնը` պէտք է բնական նախաքննութիւն տեղի ունենայ»:

Երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքին ընթացքին Ն. Փաշինեան  տեղեկացուցած է, որ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Տումայի պատուիրակութեան հետ` նշելով, թէ անիկա եղած է ջերմ մթնոլորտի մէջ, եւ որուն ընթացքին ան հաստատած է, որ Հայաստան դուրս պիտի չգայ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ):

Նկատի ունենալով, որ Փաշինեան օրին դէմ քուէարկած էր Հայաստանի` ԵՏՄ-ին անդամակցութեան, իսկ աւելի ուշ անկէ դուրս ելլելու վերաբերող լսումներ կայացուցած էր, լրագրողները խորհրդարանին մէջ հարցուցած են, որ արդեօք այդ հարցը պիտի առաջադրէ՞:

«Երբ ընդդիմութիւն ես եւ կարելիութիւն չունիս խնդիրները քննարկելու համապատասխան կառոյցի գործադիր մակարդակի վրայ, տարբերակներէն մէկն է հարցերը բարձրացնել եւ համապատասխան արձագանգ ստանալ: Երբ իշխանութեան դիրքի վրայ ես, առիթ ունիս բոլոր հարցերը քննարկելու գործընկեր երկիրներու հետ եւ համբերատար, գործընկերութեան մթնոլորտի մէջ բոլոր խնդիրները լուծելու», յայտարարած է Փաշինեան: Ան հաստատած է, որ ԵՏՄ-էն դուրս գալու խնդիր չեն ներկայացներ, պիտի չներկայացնեն, բայց եւ այնպէս ատիկա չի նշանակեր, որ ԵՏՄ-ի հետ հարցեր չկան:

Նիկոլ Փաշինեան երէկ նաեւ հանդիպում ունեցած է «Ծառուկեան» խմբակցութեան հետ: Անկէ ետք  խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաջեան լրագրողներուն յայտնած է, որ ժողովուրդի թեկնածուն իրենց համար ընդունելի է, եւ աշխատանքային որեւէ խնդիր չունին: Ըստ անոր, քննարկած են ներքին աշխատանքային բովանդակութիւն ունեցող հարցեր, զորս ժամանակի ընթացքին կը ներկայացնեն:

«Խմբակցութիւնը պիտի քուէարկէ մէկ հոգիի պէս», հաստատած է Էնֆիաջեան: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք բոլոր պատգամաւորները ներկայ պիտի ըլլա՞ն` ան ըսած է. «Լաւ կը հասկնամ, որ թեր քուէարկողներու թիւին վերաբերող հարց կայ: Առհասարակ, «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը պիտի մասնակցի 31 հոգիով եւ միասնական»:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ Գագիկ Ծառուկեան արդեօք պիտի մասնակցի՞ նիստին. «Ծառուկեանի որոշումը հոս է», պատասխանած է ան:

Նշենք նաեւ, թէ երէկ ուշ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ ուղղակի սփռումով յայտարարած է, թէ «կը փորձեն տապալել ժողովուրդի թեկնածուի ընտրութիւնը»: Ան կոչ ուղղած է ժողովուրդին այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն հաւաքուելու Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

 

Նախորդը

Սուրի Պատմական Շրջան Այցելութեան Ընթացքին. «1915-ին Հայ Եւ Ասորի Ժողովուրդները Այստեղ Մեծ Աւեր Տեսան» Կ՛ըսէ Փայլան

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?