Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Չորրորդ Կէտի Իրացման Համար Երաշխիքներու Ամրագրումը

Մայիս 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան նիստը, թէեւ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումով, այնուհանդերձ խորացուց ճգնաժամը: Մինչեւ խորհրդարանի լուծարումը տակաւին կայ սահմանադրական վերջին հանգրուան մը, ընտրելու վարչապետ: Մինչ այդ, նոր թափ հաւաքած է քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումը եւ խորքին մէջ երկիրն ու պետութիւնը հետզհետէ ենթարկած ներքին շրջափակումի:

Պարզ է, որ հանգուցալուծման բանալին գէթ այս պահի դրութեամբ կը գտնուէր ու տակաւին կը շարունակէ գտնուիլ խորհրդարանական մեծամասնութեան ձեռքը:

Փորձենք հետեւիլ խորհրդարանական մեծամասնութեան կատարած յայտարարութիւններուն, կանխատեսելու համար ճգնաժամի լուծման համար հետագայ իրադարձութիւնները:

Այստեղ նկատի պէտք չէ առնուին ՀՀԿ-ի այս կամ այն պատգամաւորի կատարած յայտարարութիւնը, մեկնաբանութիւնը: Հաւանաբար երկրորդական նշանակութիւն ունի խորհրդարանի մէջ այլապէս ծաւալած թէժ քննարկումը, որ իր հերթին սահմանադրականութեան եւ ճշդած կանոնակարգի համաձայն է: Այնտեղ եւս հակառակ հակոտնեայ կարծիքներու, իրարամերժ ելոյթներուն, երբեմն ուռճացուած,  երբեմն նուազագոյնի վերածուած վտանգներու մատնանշումներուն, խորհրդարանը իր ընդհանուրին մէջ ցուցաբերեց ընդունելի մակարդակ. մանաւանդ չհատեց կարմիր գիծերը, հակառակ թէժ պայմաններու եւ լարուած մթնոլորտի: Նոյնը պիտի չպատահէր նոյնիսկ ժողովրդավարութեան երկար փորձ ամբարած երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, ուր անարգանքի եւ փոխադարձ վերագրումներու եւ ամբաստանութիւններու բարձրաձայնումները յաճախ պիտի հատէին կարմիր գիծերը:

Վերադառնանք սակայն խորհրդարանական մեծամասնութեան խմբակցութեան իրերայաջորդ յայտարարութիւններուն:

Այպէս. ՀՀԿ յայտարարեց.-

Ա.- Չենք առաջադրեր սեփական թեկնածու

Բ.- Չեն արգելակեր Ազգային ժողովի նիստը

Գ.- Կը դիրքորոշուինք միակամ

Դ.- Սահմանադրական ժամկէտի մէջ երկիրը կ՛ունենայ վարչապետ. հիմնաւորելով, որ կարելի չէ երկիրը թողել անդամալոյծ վիճակի մէջ:

ՀՀԿ- ն փաստօրէն

Ա. Չօգտուեցաւ իր իրաւունքէն եւ չառաջադրեց ոեւէ թեկնածու:

Բ. Ներկայանալով խորհրդարանի նիստին փաստօրէն քվորում ապահովեց եւ չարգելակեց վարչապետի ընտրութեան ընթացակարգը:

Գ. Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը միակամ քուէարկեց նաեւ վարչապետի թեկնածուին դէմ (մէկ բացառութեամբ):

Դ. Չորրոդ կէտը, վիճարկելի է: Առաջին հայեացքով ՀՀԿն ըստ էութեան արգելակեց Բ. կէտի գործադրութիւնը: Եթէ մնանք յայտարարութիւնները կամ հրապարակային յանձնառութիւնը կատարելու եւ այդպիսով հաւաստիութիւնը պահելու տրամաբանութեան մէջ, կարելի է ըսել, որ սահմանադրական ժամկէտը չէ աւարտած: 6 օր ետք վերջին առիթն է սահմանադրական ժամկէտը սպառելու:

Այստեղ կարելի է ըսել, որ սահմանադրական ժամկէտներով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք եւս կ՛ունենանք վարչապետ եւ կառավարութիւն: Բայց խօսքը այդ մասին  չէ, որովհետեւ կայ նաեւ հաստատումին հիմնաւորումը` կարելի չէ երկիրը անդամալոյծ վիճակի մէջ պահել: Եւ սահմանադրական ժամկէտի սպառման պարագային, երկիրը կը շարունակէ անդամալուծուած, կաթուածահար վիճակի մէջ մնալ:

Ուրեմն. այժմ բանակցութիւններու վերսկսման պահն է: Առանց խորանալու նախապայմաններու, արգելակումներու, խորհրդարանական բանավէճի ընթացքին ներկայացուած փաստարկներու, հակափաստարկներու, հիմնաւորումներու եւ առարկութիւններու մէջ, ընդհանուր յայտարարի առաջադրանքը պէտք է ըլլայ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու հիմնական գործառոյթ ունեցող ժամանակաւոր համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը:

Ըստ էութեան միայն արդար ընտրութիւններն են, որ կը ճշդեն ժողովուրդի կամքը եւ այդ կամքի արտայայտութիւնը կազմող օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները:

Այս առաջադրանքի շուրջ անհամաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ ոչ թէ երկիրը ճգնաժամէ դուրս բերելու կամ Նոր Հայաստան ստեղծելու հրամայական կարգախօսերուն լծուած ըլլալը, այլ պարզապէս իշխանութիւն վերարտադրելը կամ իշխանութիւն գրաւելը:

Հիմա երաշխիքներ պէտք  են չորրորդ կէտը իրականացնելու համար. արդար ընտրութիւններու կազմակերպման վերահսկողական ամբողջ համակարգը կայացնելու եւ արդիւնաւէտ աշխատցնելու ուղղութեամբ:

ՀՀԿն պէտք է իսկապէս չարգելակէ ժողովուրդի թեկնածուին ընտրութիւնը. ժամկէտի սպառման օրը, եթէ արգելակուի ընտրութիւնը, դժուար կ՛ըլլայ վարչական լծակներու պահպանման տեսակէտէն դուրս այլ վարկածներ համոզելը: իսկ թեկնածուն երաշխիքներ պէտք է տայ, որ իր գլխաւորելիք համաձայնական ժամանակաւոր կառավարութեան առաջնային օրակարգը պիտի ըլլայ արդար ընտրութիւններ կազմակերպելը:

Նախորդը

Խմբագրական. Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

Յաջորդը

Պաքուի Ծխածածկոյթը Երեւանեան Իրադարձութիւնների Համապատկերին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

Սեպտեմբեր 29, 2023
Բազմահազար Հայորդիներ Բուռն Կերպով  Դատապարտեցին Ազրպէյճանի  Ցեղասպանական Պետութիւնը.  Բախում Ապահովական Մարմիններուն Հետ.  30 Վիրաւորներ Փոխադրուեցան Հիւանդանոց
Գաղութային

Բազմահազար Հայորդիներ Բուռն Կերպով Դատապարտեցին Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Պետութիւնը. Բախում Ապահովական Մարմիններուն Հետ. 30 Վիրաւորներ Փոխադրուեցան Հիւանդանոց

Սեպտեմբեր 29, 2023
Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին.  Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան  Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան
Գաղութային

Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան

Սեպտեմբեր 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In