Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանը Հանդիպում Ունեցած Է Ամերիկայի  Հայ Դատի Յանձնախումբի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հանդիպում Ունեցած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Լին Թրէյսիին հետ, որ շուտով պիտի սկսի իր առաքելութիւնը Երեւանի մէջ. «Մենք ոգեւորուած էինք դեսպան Թրէյսիին հետ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող մեր կառուցողական քննարկումներով, եւ մենք, իբրեւ հայազգի ամերիկացիներ, անհամբերութեամբ կը սպասենք դեսպանին եւ անոր խումբին հետ աշխատելուն` յառաջ մղելու համար մեր ընդհանուր նպատակները», ըսած...

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը`  Ընդգծելով Աշխատանքային Ծրագիրը  Կարելի Եղածին Չափ Արագ Մշակելու,  Վաւերացնելու Եւ Միասնականութեամբ  Աշխատանքի Լծուելու Կարեւորութիւնը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը` Ընդգծելով Աշխատանքային Ծրագիրը Կարելի Եղածին Չափ Արագ Մշակելու, Վաւերացնելու Եւ Միասնականութեամբ Աշխատանքի Լծուելու Կարեւորութիւնը

Կառավարութեան պաշտօնական լուսանկարը առնուեցաւ շաբաթ կէսօրուան ժամը 11:30-ին` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախքան լուսանկարուիլը, Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կայացաւ կարճ հանդիպում մը: Կառավարութեան լուսանկարուելու արարողութենէն ետք, Պըրրի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն, իսկ կառավարութիւնը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հարիրիի, գումարեց իր անդրանիկ նիստը: Մեկնումի պահուն Պըրրի շեշտեց, որ...

«Յանձնառու Կը Մնամ Ստանձնած  Պատասխանատուութեանս Եւ Պիտի Աշխատիմ  Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Հասցնել  Այն Մակարդակին, Որ Ան Աշխուժացնէ  Երկրին Տնտեսութիւնը»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Յանձնառու Կը Մնամ Ստանձնած Պատասխանատուութեանս Եւ Պիտի Աշխատիմ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Հասցնել Այն Մակարդակին, Որ Ան Աշխուժացնէ Երկրին Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան, իր ստանձնած պատասխանատուութեան, երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու հսկայ պատասխանատուութեան, ժողովուրդին կարիքները հոգալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի յարաբերութիւններուն: «Ճիշդ է, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան, սակայն զբօսաշրջութեան նախարարութեան մասին կրնամ աւելի մեծ յոյսերով խօսիլ: Հաւանաբար նախորդ երկու տարիներու աշխատանքս եթէ սկսնակ նախարարի աշխատանք էր,...

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական  Այցելութեամբ Մը Հասաւ Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններ

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Այցելութեամբ Մը Հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ պատմական այցելութեամբ մը հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ան Հռոմի առաջին պապն է, որ կ՛այցելէ Արաբական թերակղզի: Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հրաւիրուած էր Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանին կողմէ` մասնակցելու համար «Մարդկային եղբայրութիւն» միջազգային միջկրօնական խորհրդաժողովին: Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի մնայ մինչեւ 5 փետրուար: Պապը երեքշաբթի օր պիտի մատուցէ Ս. պատարագ մը,...

«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան  Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, կազմակերպութեամբ  Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» ընդհանուր մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքացիներ, մարմնակրթական եւ բարեսիրական միութիւններ, կրթական հաստատութիւններ, Պուրճ Համուտի բոլոր համայնքները ներկայացնող միաւորումներ: Այս նախաձեռնութեան առիթով «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այս արշաւին...

Խմբագրական.  Ազգային Միասնականութիւնը`  Կարգախօսային Սահմաններէն Դուրս

Խմբագրական. Ազգային Միասնականութիւնը` Կարգախօսային Սահմաններէն Դուրս

Երկարատեւ պարանաձգութիւններէ, չափաբաժիններու ճշդումի համար քաղաքական առեւտուրի տարբեր փուլեր թեւակոխելէ ետք, վերջապէս կազմուեցաւ Լիբանանի կառավարութիւնը: Կառավարութիւնը կը հռչակուի իբրեւ ազգային միասնականութեան դահլիճ, կը ներառէ 18 նոր դէմքեր, որոնցմէ 4-ը` կին: Լիբանանահայութիւնը, վերջին տասնամեակներուն, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանայ երեսուն հոգինոց կառավարութեան մէջ երկու նախարարական պաշտօն զբաղեցնող նախարարով: Վերջին օրերուն եւ մետասաներորդ պահուն ոչ պաշտօնական կերպով արծարծուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութեան...

Գերմանիա.  Փաշինեան – Մերքել Հանդիպումին Ընթացքին  Շեշտուեցաւ Հայ-Գերմանական Յարաբերութիւնները  Աւելի Եւս Սերտացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Գերմանիա. Փաշինեան – Մերքել Հանդիպումին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Հայ-Գերմանական Յարաբերութիւնները Աւելի Եւս Սերտացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Գերմանիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գերմանացի իր պաշտօնակիցին` Անկելա Մերքելի հետ: Մերքելի նստավայրին մէջ Փաշինեան դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ: Զինուորական նուագախումբին կողմէ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագէն ետք, Փաշինեան եւ Մերքել անցան Պատուոյ պահակախումբի զինուորներուն ստուգայցի: Ապա անոնք ձեռնուելէ ետք անցան հանդիպումի, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայ-գերմանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Փաշինեան դարձաւ Մերքելի...

«2018-ին Արցախի Մէջ Երկնիշ Տնտեսական  Աճ Ապահովուած Է, Իսկ Նախանշուած  Ծրագիրները Իրականացած Են»  Յայտնեց Բակօ Սահակեան

«2018-ին Արցախի Մէջ Երկնիշ Տնտեսական Աճ Ապահովուած Է, Իսկ Նախանշուած Ծրագիրները Իրականացած Են» Յայտնեց Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ նախագահեց կառավարութեան նիստին: Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն վերաբերեալ իր խօսքին մէջ նախագահը ամփոփեց 2018-ի ընկերային - տնտեսական զարգացման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ նախանշած է 2019-ին կատարուելիք աշխատանքները` համապատասխան յանձնարարականներ տալով զանոնք պատշաճ կերպով իրագործելու ուղղութեամբ: Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ նախորդ տարի, ընդհանուր առմամբ, յաջողած են իրականացնել...

Սփիւռքի Հարցերով Յատուկ  Յանձնարարութիւններու  Դեսպան Պիտի Նշանակուի

Սփիւռքի Հարցերով Յատուկ Յանձնարարութիւններու Դեսպան Պիտի Նշանակուի

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին  մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի հարցերով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպանի պաշտօնը: Դեսպանը պիտի դառնայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վարչապետի աշխատակազմի ներկայացուցիչը:  Այս մասին Քէօլնի հայ համայնքի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` պատասխանելով համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն: Վարչապետը նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները պիտի վերաբաշխուին:

Մեզ Մտահոգում Է, Որ Կողմերին Զէնք Վաճառելու Քաղաքականութիւնից Կը Շահի Ազրպէյճանը

Համբարեան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայկական Ընկերութեան Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Համար

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան մտահոգութիւն յայտնած է «Մահան Էյր»-ի  պատճառով հայկական ընկերութեան մը դէմ Միացեալ Նահանգներու  սահմանած պատժամիջոցներու խտրական բնոյթին վերաբերեալ: Արամ Համբարեան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ` շրջապտոյտներ կազմակերպող հայկական ընկերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, որոնք պայմանաւորուած են իրանական «Մահան Էյր» օդանաւային ընկերութեան հետ համագործակցելու հանգամանքով: Ըստ Համբարեանի, որոշ ակնյայտ տուեալներ հաշուի չեն առնուած,...

Վարչապետ Հարիրի Կրցաւ Կազմել 30 Հոգինոց  Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը .  Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանանահայութիւնը  Կ՛ունենայ Նախարարական Պաշտօններ  Ունեցող Երկու Նախարարներ

Վարչապետ Հարիրի Կրցաւ Կազմել 30 Հոգինոց Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը . Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանանահայութիւնը Կ՛ունենայ Նախարարական Պաշտօններ Ունեցող Երկու Նախարարներ

Ինը ամսուան աշխատանքէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի` օժանդակութեամբ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն, կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւած էր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ անոր արձանագրած զարգացումներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ նախագահ Աունին ներկայացուց կառավարութեան կազմը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը...

Կենսագրութիւն Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի

Կենսագրութիւն Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի

Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 նոյեմբեր 1966-ին, երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը: Անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան: Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Ընտրուած է ՀՅԴ ԶՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ եւ 1992-էն սկսեալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած է ՀՅԴ Ընտրական կեդրոնական մեքենայի պատասխանատուութիւնը: Եղած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ, ինչպէս նաեւ...

Նիկոլ Փաշինեան. «Ինչո՞ւ Ոեւէ Մէկը  Ազրպէյճանին Չի Հարցներ` Անոնք  Փոխզիջումներու Պատրա՞ստ Են, Թէ՞ Ոչ»

Նիկոլ Փաշինեան. «Ինչո՞ւ Ոեւէ Մէկը Ազրպէյճանին Չի Հարցներ` Անոնք Փոխզիջումներու Պատրա՞ստ Են, Թէ՞ Ոչ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ հանդիպելով տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով հաւանական փոխզիջումներու մասին հարցումին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին, վարչապետը ըսած է. «Ես Ազգային ժողովի ամպիոնէն քանի մը անգամ յայտարարած եւ ըսած եմ` ինչո՞ւ  բոլորը մեզի կը հարցնեն` պատրա՞ստ ենք փոխզիջումներու, թէ՞ ոչ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ այդ հարցումին...

Հայաստանի Նախագահը Պատրաստ Է  Աջակցելու Ազգային Ժողովի Գործունէութեան

Հայաստանի Նախագահը Պատրաստ Է Աջակցելու Ազգային Ժողովի Գործունէութեան

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է խորհրդարանի ղեկավարը 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի աշխատանքներու  մեկնարկին առիթով` համոզում յայտնելով, որ Ազգային ժողովը բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ` նպաստելու երկրի յառաջընթացին: Համակարծիք ըլլալով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն...

«Շուշի» Ժողովրդային Տան Վերանորոգուած  Սրահի Հանդիսաւոր Բացում

«Շուշի» Ժողովրդային Տան Վերանորոգուած Սրահի Հանդիսաւոր Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի» ժողովրդային տան վերանորոգուած սրահի բացումը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին կողմէ: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ  Պքաաքաֆրայի քաղաքապետ Էլի Մախլուֆ: ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին...

Ակնարկ.  Քրտական Խաղաթուղթը` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Ակնարկ. Քրտական Խաղաթուղթը` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու գործընթացը: Յառաջիկային եւս 9 միջնորդութիւն կը ներկայացուի Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան միացեալ յանձնախումբին, որպէսզի քրտամէտ կուսակցութեան 8 երեսփոխաններ միանուագ զրկուին պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ: Նախապէս նման միջնորդութիւն ներկայացուած էր Թուրքիոյ խորհրդարան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ: Այս կը նշանակէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գրեթէ ամբողջ խորհրդարանական խմբակցութեան դէմ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Մենք Չենք Կրնար  Նոյնիսկ Քննարկել «Տարածքներ  Խաղաղութեան Դիմաց» Բանաձեւը

Վարչապետ Փաշինեան. «Մենք Չենք Կրնար Նոյնիսկ Քննարկել «Տարածքներ Խաղաղութեան Դիմաց» Բանաձեւը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումները բանակցութիւններ չեն, անոնք ոչ պաշտօնական շփումներ են, որոնց ընթացքին ուղղակի տեղի կ՛ունենայ մտքերու փոխանակում: Ըստ «Արմէնփրես»-ի` այս մասին, 30 յունուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցադրման, թէ վերջերս սկսած է շրջանառուիլ այսպէս կոչուած «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» թեզը, Հայաստանի  վարչապետը նշած է. «Մենք...

Պոլթընը Եւ Ալիեւը Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Խաղաղ Լուծման Հեռանկարները

Պոլթընը Եւ Ալիեւը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հեռանկարները

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը  նախանցեալ օր քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարները, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Այսօր ես խօսած եմ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին հետ: Մենք քննարկած ենք շարք մը ընդհանուր հետաքրքրութիւն ունեցող հարցեր, որոնց կարգին` ուժանիւթի անվտանգութիւնը, անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի...

Հայաստանի Կառավարութեան  Անդամները Տուին Իրենց Երդումը

Հայաստանի Կառավարութեան Անդամները Տուին Իրենց Երդումը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ, նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, 30 յունուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ հանրապետութեան նախագահի գրասենեակը: Առաջինը ամպիոնին մօտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընթերցելով երդման արձանագրութիւնը. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման` կ՛երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուխարիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուխարիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:  

Page 511 of 797 1 … 510 511 512 … 797

Արխիւներ