Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէն:
Լիլիան Մորի-Փասկիէ նշած է, որ իրենք ուշադիր հետեւած են նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն: Խօսելով դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին` ԵԽԽՎ-ի նախագահը խիստ կարեւոր նկատած է այդ ընտրութիւններուն կազմակերպումը երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն:
Նշելով, որ ժողովրդավարութեան ուժեղացումն ու հաստատութենական զարգացումը շարունակական ընթացք է` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ մեր երկրին մէջ իրականացուող հոլովոյթները ուղղուած են ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հետեւողական ամրապնդման:
Հանդիպում` Փաշինեանի Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէի հետ, կը տեղեկացնեն վարչապետի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Եւրոպական խորհուրդը եւ ԵԽԽՎ-ն Հայաստանի համար կարեւոր գործընկերներ են ժողովրդավարութեան զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան ուժեղացման հոլովոյթին մէջ: Վարչապետին համաձայն, նախորդ տարի սկիզբ առած քաղաքական փոփոխութիւնները այս հոլովոյթներուն հետ կապուած էին, անոնց մէջ արտաքին որեւէ ներգրաւուածութիւն չկար, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդին համար ժողովրդավարութիւնը արտաքին քաղաքական կողմնորոշում չէ, այլ ներքին համոզում եւ արժէքային համակարգ:
ԵԽԽՎ-ի նախագահը նշած է, որ ուրախ է հանդիպելով Հայաստանի վարչապետին եւ քննարկելով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անոր համաձայն, ԵԽԽՎ-ն ուշադիր հետեւած է եւ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ կ՛ողջունէ քաղաքական փոփոխութիւններու խաղաղ, ոչ բռնի իրականացումը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի գործակցութեան խորացման հեռանկարները:
Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է ժողովրդավարութեան ուժեղացումը, հաստատութենական զարգացումը եւ այս շրջագիծին մէջ օրակարգի վրայ քաղաքական հաստատութիւններու շարունակական հզօրացումն է, արդարադատութեան հաստատութիւններու հզօրացումն ու ամրապնդումը, այդ կարգին նաեւ` անկախ դատական համակարգի կայացումը, ազատ խօսքի ամրապնդումը եւ այլն:
ԵԽԽՎ-ի նախագահը ողջունած է Հայաստանի վարչապետին նշած ուղղութիւններով բարեփոխումներու նախաձեռնումը եւ նշած, որ Եւրոպական խորհուրդն ու ԵԽԽՎ-ն պատրաստ են օժանդակելու կառավարութեան այդ գործին մէջ:
Մնացականեան – Փասքիէ Հանդիպում
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 27 մարտին ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ԵԽԽՎ-ի նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէն:
Նախարար Մնացականեան ողջունած է Մորի-Փասքիէի` ԵԽԽՎ-ի նախագահ ընտրուելէ ետք առաջին այցելութիւնը Հայաստան: Նախարարը եւ ԵԽԽՎ-ի նախագահը յիշատակեցին նոյեմբեր 2018-ին արտաքին գործոց նախարարին Եւրոպական խորհուրդ աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումը` գոհունակութիւն յայտնելով քննարկումներու արդիւնքները Երեւանի մէջ արձանագրելու առիթին համար, յատկապէս միջազգային դիտորդական բոլոր առաքելութիւններու, ներառեալ` ԵԽԽՎ-ի բարձր գնահատականին արժանացած դեկտեմբեր 2018-ի Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ:
Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած բարձրաստիճան յարաբերութիւնները եւ տեղի ունեցած ու ակնկալուող փոխադարձ այցելութիւնները կը վկայեն Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ աշխուժ երկխօսութեան շարունակականութեան եւ դրականօրէն ընդգրկուն օրակարգի մասին:
Նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատած է Եւրոպական խորհուրդին դերը Հայաստանի ժողովրդավարութեան հասունացման եւ կայացման գործին մէջ: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն` նախարարը ընդգծած է կառավարութեան յանձնառութիւնը կեանքի կոչելու ժողովուրդի մեծ վստահութեան հիման վրայ նախաձեռնուած բարեփոխումները, յատկապէս, արդիւնաւէտ կառավարման, փտածութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական, ընկերային-տնտեսական մարզերուն մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԽԽՎ-ի նախագահը հանգամանօրէն անդրադարձած են Եւրոպական խորհուրդ-Հայաստան համագործակցութեան ընթացքին, միտքեր փոխանակած են Եւրոպական խորհուրդի օրակարգին վրայ արդիականութիւն հանդիսացող հարցերու շուրջ:





