Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին` Կոլանի Մասին Թրամփի Որոշումին Դէմ Յստակ Կեցուածք Ճշդելու

March 28, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազարի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Սամի Ֆաթֆաթի, Ալի Պեզզիի, Ֆարիտ Պուսթանիի, Միշել Մուսայի, Հանրի Շտիտի եւ Նաամաթ Աֆրամի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը:

Նիստին ընթացքին յանձնախումբը քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, որոնց կարգին նաեւ Կոլանը իբրեւ իսրայէլեան գերիշխանութեան մաս ճանչցող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը:

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Կոլանի բարձունքները թշնամի Իսրայէլի գոյացութեան բռնակցելու Թրամփի որոշումը` զայն նկատելով անիրաւութեան վրայ հիմնուած որոշում մը:

Հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ որոշումը միջազգային օրէնքներու, ՄԱԿ-ի ուխտի եւ պետութիւններու իրաւունքներու ու գերիշխանութեանց յեղաշրջում է, ինչ որ մտահոգիչ է եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ բռնագրաւուած լիբանանեան հողեր: «Ասիկա վտանգաւոր նախընթաց մըն է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան գործադրել ամբողջ աշխարհին մէջ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Յանձնախումբը շեշտեց, որ այս որոշումը դարձեալ կը փաստէ, թէ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի առիթ կու տան բացառութիւն ըլլալու եւ զայն զերծ կը կացուցեն միջազգային օրէնքներու գործադրութենէն եւ յանձնառութենէն:

Յանձնախումբը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ հաստատելու իր որոշումները, որոնց հիման վրայ Կոլանը բռնագրաւեալ հող կը նկատուի:

Յանձնախումբը կոչ ուղղեց նաեւ Արաբական լիկայի վեհաժողովին` Կոլանի մասին Թրամփի որոշումին դէմ յստակ կեցուածք ճշդելու եւ այդ որոշումը չեղեալ նկատելու:

Յանձնախումբը դրուատեց այս հարցին մասին Լիբանանի կողմէ ցուցաբերուած միացեալ կեցուածքը` ընդգծելով հաստատ եւ միացեալ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն սպառնացող հսկայ վտանգները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Չեխիա

Յաջորդը

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Հետ Ընդգծեցինք Պետական Ամավարկը Մշակելու Առաջնահերթութիւնը»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.