Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ աւարտեց Ռուսիա կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը եւ երեկոյեան վերադարձաւ Լիբանան:
Նախագահ Աուն Մոսկուա իր այցելութիւնը եզրափակեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումով, որ տեղի ունեցաւ Քրեմլինի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահներ Աուն եւ Փութին հաստատեցին, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական քննարկումները պէտք է աւելի յաճախակի դարձնել, ներառեալ խորհրդարանական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ առեւտուրի, տնտեսութեան, ներդրումի, ուժանիւթի, մշակոյթի, կրթութեան, մարմնակրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մէջ լիբանանեան-ռուսական գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդել:
Նախագահներ Աուն եւ Փութին միացեալ հաղորդագրութեամբ մը հաստատեցին իրենց համոզումը, թէ Սուրիոյ տագնապին կարելի է միայն խաղաղ լուծում ապահովել` ընդգծելով, որ սուրիական տագնապը պէտք է լուծել քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով` հիմնուելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւին եւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի որոշումներուն վրայ:
Հաղորդագրութեան մէջ Աուն եւ Փութին ընդգծեցին, որ իրենք կը զօրակցին Սուրիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն ի գործ դրած ջանքերուն` պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, որ մարմնաւորուած է ՏԱՀԵՇ-ով, Ժապհաթ Նուսրայով եւ անոնցմէ ճիւղաւորուած խմբաւորումներով:
Նախագահներ Աուն եւ Փութին շեշտեցին, որ իրենք կը զօրակցին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու ռուսական նախաձեռնութեան գործադրութեան: Անոնք նկատել տուին, որ այդ հարցին լուծումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիա վերադառնալու իմաստով ստեղծուած առիթներուն եւ կարելիութիւններուն, որոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ տնտեսական եւ ընկերային պայմանները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերաշինութեան հեռանկարները:
Նախագահներ Աուն եւ Փութին կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն` ապահովելու ամէն տեսակի օժանդակութիւն` ի խնդիր այս գործողութեան գործադրութեան:
Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ, որ Իրանի հիւլէականի թղթածրարին արդար լուծում գտնուի` ընդգծելով հիւլէականի իր ծրագիրը խաղաղ նպատակներու համար օգտագործելու Իրանի հանրապետութեան իրաւունքը:
Նշենք, թէ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան մաս կազմող հող նկատելու որոշումը կը հակադրուի ՄԱԿ-ի միջազգային օրէնքներուն հետ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Փութինին` Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները պաշտպանող անոր կեցուածքներուն համար:
Իր կարգին, Փութին բարձր գնահատեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ անոնց 75-ամեակին առիթով հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան Ռուսիոյ հին եւ աւանդական գործընկերն է:
Պէտք է աւելցնել, որ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վալոտինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկու երկիրներուն խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը, որուն շրջագիծին մէջ Վալոտին առաջարկեց Պէյրութի մէջ գումարել խորհրդարանական խորհրդաժողով մը` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցը:
Նախագահ Աուն հանդիպեցաւ նաեւ Ռուսիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:



