Երէկ Ազգային ժողովին մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին մասին խօսելով` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ օրակարգին վերաբերեալ հայկական կողմի պատկերացումները չեն փոխուած:
«Նախապէս ալ ըսած եմ, որ սկզբնական փուլին այդ հանդիպումները յստակ օրակարգ պէտք չէ ունենան: Պէտք է ըլլայ հարցերու լայն շրջանակ, եւ ինչ որ մեզ կը հետաքրքրէ` այն է, որ պէտք է միտքեր փոխանակենք տարբեր հարցերու վերաբերեալ: Քննարկումներ կ՛ըլլան նախկին յայտարարութիւններու շրջագիծին մէջ: Այն, ինչ որ յայտարարած եմ Ստեփանակերտի մէջ` Անվտանգութեան խորհուրդի միացեալ նիստին, ըստ էութեան, այն օրակարգն է, որով մենք կ՛երթանք բանակցութիւններու, եւ այն հարթակն է, որուն վրայ պիտի հիմնուինք հետագայ բանակցային ամբողջ հոլովոյթին», ըսաւ ան:



